Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 17

Յուդայի Աքազ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին Ովսէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու ինը տարի թագաւորեց։
2 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս։
3 Ասոր դէմ ելաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը։ Ովսէէն անոր ծառայ եղաւ ու անոր հարկ կու տար։
4 Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէին վրայ նենգութիւն գտաւ, որովհետեւ անիկա Եգիպտոսի Սովա թագաւորին դեսպաններ ղրկեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան հարկը վճարած չէր, ուստի Ասորեստանի թագաւորը զանիկա բռնեց ու բանտին մէջ կապեց։
5 Ասորեստանի թագաւորը բոլոր երկրին վրայ արշաւեց. Սամարիայի վրայ ալ արշաւեց ու զանիկա երեք տարի պաշարեց։
6 Ովսէէին իններորդ տարին Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան առաւ ու Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց,
7 Քանզի Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատող իրենց Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցին եւ ուրիշ աստուածներէ վախցան։
8 Տէրոջը Իսրայէլի առջեւէն վռնտած ազգերուն կանոններուն համեմատ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն ըրած կանոններուն համեմատ քալեցին։
9 Իսրայէլի որդիները իրենց Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ չեղած բաները գաղտուկ ըրին եւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը, իրենց բարձր տեղեր շինեցին։
10 Անոնք բարձր բլուրներու վրայ եւ կանանչ ծառերու տակ իրենց արձաններ ու Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ կանգնեցուցին
11 Եւ հոն բարձր տեղերու վայ խունկ ծխեցին՝ Տէրոջը անոնց առջեւէն վռնտած ազգերուն պէս ու չար գործեր ըրին ու Տէրը բարկացուցին
12 Եւ կուռքերու ծառայութիւն ըրին, որոնց համար Տէրը անոնց ըսեր էր թէ «Այդ բանը մի՛ ընէք»։
13 Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր. «Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի»։
14 Բայց անոնք մտիկ չըրին, այլ իրենց պարանոցները Տէր Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս խստացուցին։
15 Անոր կանոններն ու իրենց հայրերուն հետ՝ անոր ըրած ուխտը եւ անոր տուած վկայութիւնները մէկդի ձգեցին ու սնապաշտութեան ետեւէ գացին ու սնապաշտ եղան եւ իրենց չորս կողմը գտնուած ազգերուն հետեւեցան, որոնց համար Տէրը իրենց պատուիրեր էր, որ անոնց պէս չընեն։
16 Բայց իրենց Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները թողուցին եւ երկու հատ ձուլածոյ հորթ շինեցին ու Աստարովթի կուռք շինեցին ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրին եւ Բահաղին ծառայեցին։
17 Իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակէ անցուցին եւ կախարդութիւն ու հմայութիւն ըրին եւ զիրենք ծախեցին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու ու զանիկա բարկացնելու։
18 Ուստի Տէրը խիստ բարկացաւ ու զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Այնպէս որ միայն Յուդայի ցեղը մնաց։
19 Յուդա ալ իր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները չպահեց, հապա Իսրայէլին կանոններովը քալեց։
20 Եւ Տէրը Իսրայէլին բոլոր սերունդը մերժեց ու զանոնք չարչարեց եւ զանոնք յափշտակողներու ձեռքը մատնեց, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին իր երեսէն ձգեց.
21 Ու երբ Իսրայէլը Դաւիթի տունէն պատռեց, անոնք ալ Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր դրին։ Յերոբովամ արգիլեց, որ Իսրայէլ Տէրոջը հետեւի ու անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ։
22 Իսրայէլի որդիները Յերոբովամին բոլոր գործած մեղքերուն մէջ քալեցին, անոնցմէ ետ չկեցան,
23 Մինչեւ որ Տէրը իր առջեւէն վերցուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն, մարգարէներուն միջոցով ըսեր էր։ Այսպէս Իսրայէլ իր երկրէն Ասորեստան փոխադրուեցաւ մինչեւ այսօր։
24 Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէն, Քութայէն, Աւայէն, Եմաթէն ու Սեփարուիմէն մարդիկ բերաւ ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի որդիներուն տեղը բնակեցուց։ Անոնք Սամարիան ժառանգեցին ու անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան։
25 Երբ անոնք սկսան հոն բնակիլ, Տէրոջմէ չէին վախնար, ուստի Տէրը անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որ զանոնք մեռցնեն։
26 Ասորեստանի թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Այն ազգերը, որոնք դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չեն գիտեր, ուստի անիկա անոնց մէջ առիւծներ ղրկեր է եւ ահա զանոնք կը մեռցնեն՝ այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չգիտնալնուն համար»։
27 Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Ձեր բերած գերի քահանաներէն մէկը հոն տարէք, որ երթայ հոն բնակի ու այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը անոնց սորվեցնէ»։
28 Սամարիայէն գերի բերուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ ու անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէ վախնալու էին։
29 Ամէն մէկ ազգ իր աստուածները կը շինէր ու Սամարացիներուն շինած բարձր տեղերու տուներուն մէջ կը դնէր, ամէն մէկ ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ։
30 Բաբելացիները Սաքքովթ-Բանովթը շինեցին ու Քութացիները Ներգաղը շինեցին ու Եմաթացիները Ասիմաթը շինեցին
31 Եւ Աւացիները Նեփասն ու Թարթակը շինեցին ու Սեփարուիմացիները իրենց տղաքը Սեփարուիմացիներու աստուածներուն, Ադրամելէքին ու Անամելէքին համար կրակով կ’այրէին։
32 Քանի որ Տէրոջմէ կը վախնային, իրենց ամենէն ցած մարդոցմէն բարձր տեղերու քուրմեր կ’որոշէին, որոնք անոնց համար բարձր տեղերու տուներուն մէջ զոհ կ’ընէին։
33 Անոնք Տէրոջմէ կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ’ընէին այն ազգերուն արարողութիւններովը՝ որոնց մէջէն փոխադրուած էին։
34 Անոնք մինչեւ այսօր առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընեն. ո՛չ Տէրոջմէ կը վախնան եւ ո՛չ իրենց կանոններն ու պատուիրանքները կը կատարեն, ո՛չ ալ այն օրէնքն ու պատուիրանքը, որ Տէրը Յակոբի որդիներուն տուաւ, որուն անունը Իսրայէլ դրեր էր։
35 Տէրը անոնց հետ ուխտ ըրեր էր ու անոնց պատուիրեր էր՝ ըսելով. «Ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ընէք եւ անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք ու անոնց զոհ մի՛ մատուցանէք.
36 Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ զօրութիւնով ու բարձր բազուկով հանող Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք ու անոր զոհ մատուցանեցէ՛ք։
37 Ձեզի համար տրուած պատուէրները, օրէնքն ու պատուիրանքը միշտ զգուշութեամբ գործադրեցէք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք
38 Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք.
39 Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախցէք ու անիկա ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։
40 Բայց անոնք հնազանդութիւն չըրին, հապա իրենց առաջուան սովորութիւններուն պէս ըրին։
41 Այս ազգերն ալ թէպէտ Տէրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ’ընէին. նաեւ անոնց որդիներն ու անոնց որդիներուն որդիները մինչեւ այսօր իրենց հայրերուն ըրածին պէս կ’ընեն։