Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 4

Մարգարէներուն որդիներէն մէկուն կինը Եղիսէին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ՝ այրս մեռաւ։ Դուն քու ծառայիդ աստուածավախ ըլլալը գիտես։ Պարտատէրը եկաւ, որպէս զի իմ երկու որդիներս իբր ծառայ իրեն առնէ»։
2 Եղիսէ անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս»։ Անիկա ըսաւ. «Քու աղախինդ տանը մէջ աման մը՝ ՝ իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի»։
3 Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դուրսէն քու բոլոր դրացիներէդ քեզի պարապ ամաններ ուզէ. քիչ մի՛ ուզեր
4 Եւ տունդ մտիր ու վրայէդ ու քու որդիներուդ վրայէն դուռը գոցէ եւ քու իւղդ այն բոլոր ամաններուն մէջ պարպէ ու լեցուածը վերցուր»։
5 Անիկա անոր քովէն գնաց ու իր վրայէն ու իր որդիներուն վրայէն դուռը գոցեց։ Տղաքը ամանները անոր կը մօտեցնէին ու անիկա կը լեցնէր։
6 Երբ այն ամանները լեցուեցան, իր որդիին ըսաւ. «Ինծի ուրիշ աման մօտեցուր»։ Տղան ըսաւ անոր. «Ուրիշ աման չկայ»։ Այն ատեն ա՛լ իւղը չհոսեցաւ։
7 Կինը գնաց Աստուծոյ մարդուն պատմեց ու անիկա ըսաւ. «Գնա՛, իւղը ծախէ ու պարտքդ վճարէ՛ եւ աւելցածովը դուն ու քու որդիներդ ապրեցէ՛ք»։ ԵՂԻՍԷ ԵՒ ՍՈՒՆԱՄԱՑԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԿԻՆԸ
8 Օր մը, երբ Եղիսէ Սունամայէն կ’անցնէր, հոն երեւելի կին մը կար, որը ստիպեց որ հաց ուտէ։ Անկէ ետքը երբ անկէ կ’անցնէր, հաց ուտելու համար հոն կ’իջնէր։
9 Այն կինը իր էրկանը ըսաւ. «Ահա գիտեմ թէ ասիկա Աստուծոյ մէկ սուրբ մարդն է, որ միշտ մեր քովէն կ’անցնի.
10 Հիմա պզտիկ վերնատուն մը շինենք պատին վրայ ու հոն անոր համար անկողին, սեղան, աթոռ ու աշտանակ դնենք, որպէս զի երբ մեզի գայ, հոն իջնէ»։
11 Օր մը անիկա հոն եկաւ, վերնատունը մտաւ ու հոն պառկեցաւ
12 Եւ իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Կինը եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։
13 Եղիսէ իր ծառային ըսաւ. «Անոր ըսէ՛. ‘Ահա դուն մեզի համար այս բոլոր աշխատանքը քաշեցիր. քեզի ի՞նչ ընեմ. թագաւորին կամ զօրագլուխին ըսելիք մը ունի՞ս’»։ Կինը ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս մէջ կը բնակիմ»։
14 Ու Եղիսէ ըսաւ. «Անոր ի՞նչ կրնանք ընել»։ Գէեզին ըսաւ. «Իրաւցընէ անիկա զաւակ չունի ու անոր այրը ծերացեր է»։
15 Եղիսէ ըսաւ. «Զանիկա կանչէ»։ Կինը եկաւ ու դրանը մէջ կեցաւ։
16 Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գալ տարի՝ ՝ այս ատեն գիրկդ որդի մը պիտի ունենաս»։ Կինը ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ, մարդ Աստուծոյ, քու աղախինիդ սուտ մի՛ խօսիր»։
17 Բայց կինը յղացաւ ու հետեւեալ տարին նոյն ատենը որդի մը ծնաւ, ինչպէս Եղիսէ անոր ըսեր էր։
18 Տղան մեծցաւ։ Օր մը իր հօրը գնաց հնձողներուն քով։
19 Իր հօրը ըսաւ. «Գլո՜ւխս, գլո՜ւխս»։ Ան ալ իր ծառային ըսաւ. «Ասիկա իր մօրը տար»։
20 Ծառան մանչը վերցուց ու անոր մօրը տարաւ։ Տղան մինչեւ կէսօր մօրը ծունկերուն վրայ նստաւ ու մեռաւ։
21 Կինը վեր ելաւ ու զանիկա Աստուծոյ մարդուն անկողնին մէջ պառկեցուց ու դուռը վրայէն գոցեց։
22 Ապա իր այրը կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի մանչերէն մէկուն հետ էշ մը ղրկէ, որպէս զի շուտով մինչեւ Աստուծոյ մարդուն քով երթամ ու ետ դառնամ»։
23 Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ կայ, որ դուն այսօր անոր պիտի երթաս. ամսագլուխ չէ, շաբաթ չէ»։ Կինը ըսաւ. «Ողջութիւն»։
24 Այն ատեն էշը պատրաստել տուաւ եւ ծառային ըսաւ. «Քշէ՛ ու մինչեւ որ քեզի չըսեմ, քշելէն ետ մի՛ կենար ինծի համար»։
25 Կարմեղոս լեռը երթալով, Աստուծոյ մարդուն քով գնաց։ Երբ Աստուծոյ մարդը զանիկա տեսաւ, իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Ահա Սունամացի կինը կու գայ։
26 Վազէ՛, դիմաւորէ՛ զանիկա ու անոր ըսէ. ‘Ողջ առո՞ղջ ես, այրդ ողջ առո՞ղջ է, տղան ողջ առո՞ղջ է’»։
27 Կինը ըսաւ. «Ողջ առողջ ենք»։ Կինը լեռը Աստուծոյ մարդուն գնաց եւ անոր ոտքերուն փաթթուեցաւ։ Գէեզին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա ետ քաշէ, բայց Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զանիկա, քանզի անոր սիրտը ցաւած է. բայց Տէրը ինծմէ պահեց ու ինծի չյայտնեց»։
28 Կինը ըսաւ. «Ես իմ տիրոջմէս որդի խնդրեցի՞. ես չըսի՞ թէ ‘Զիս մի խաբե՛ր’»։
29 Եղիսէ Գէեզին ըսաւ. «Մէջքդ գօտի կապէ եւ իմ գաւազանս ձեռքդ առ ու գնա՛։ Եթէ մարդու մը հանդիպիս՝ անոր բարեւ մի՛ տար ու եթէ մարդ մը քեզի բարեւ տայ՝ պատասխան մի՛ տար եւ իմ գաւազանս տղուն երեսին վրայ դիր»։
30 Իսկ տղուն մայրը ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ քեզ պիտի չթողում»։ Եղիսէ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։
31 Բայց Գէեզին անոնց առջեւ անցաւ ու գաւազանը տղուն երեսին վրայ դրաւ, սակայն ո՛չ ձայն կար եւ ո՛չ զգացում. ուստի մարգարէն դիմաւորելու դարձաւ եւ անոր պատմեց ու ըսաւ. «Տղան չարթնցաւ»։
32 Ու երբ Եղիսէ տունը մտաւ, տեսաւ տղան մեռած ու իր անկողնին վրայ պառկած։
33 Ներս մտնելով՝ իրենց վրայէն դուռը գոցեց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ
34 Ու ելաւ տղուն վրայ պառկեցաւ եւ իր բերանը անոր բերնին վրայ ու իր աչքերը անոր աչքերուն վրայ ու իր թաթերը անոր թաթերուն վրայ դրաւ եւ անոր վրայ կծկուեցաւ ու տղուն մարմինը տաքցաւ։
35 Դարձաւ անգամ մը այս կողմ, անգամ մը այն կողմը պտըտեցաւ ու կրկին ելաւ անոր վրայ կծկուեցաւ եւ տղան եօթը անգամ փռնգտաց ու աչքերը բացաւ։
36 Այն ատեն Գէեզին կանչեց ու ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Զանիկա կանչեց։ Կինը անոր եկաւ ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Տղադ ա՛ռ»։
37 Կինը ներս մտնելով՝ անոր ոտքերը ինկաւ ու գետնէն խոնարհութիւն ըրաւ եւ իր տղան առնելով դուրս ելաւ։
38 Եղիսէ Գաղգաղա դարձաւ։ Այն երկրին մէջ սով կար ու մարգարէներուն որդիները անոր առջեւ կը նստէին ու անիկա իր ծառային ըսաւ. «Մեծ կաթսան կրակին վրայ դիր եւ մարգարէներուն որդիներուն ապուր եփէ»։
39 Մէկը դաշտը ելաւ, որպէս զի խոտ հաւաքէ ու վայրենի տունկ մը գտաւ եւ անկէ հանդերձը լեցուն վայրենի վարունգ հաւաքեց ու բերաւ զանոնք ապուրին կաթսային մէջ մանրեց, քանզի չէր ճանչնար։
40 Այն մարդոց առջեւ դրին, որպէս զի ուտեն։ Երբ այն ապուրէն կերան՝ պոռալով ըսին. «Կաթսային մէջ մահ կայ, ո՛վ մարդ Աստուծոյ» ու չկրցան ուտել։
41 Եւ անիկա ըսաւ. «Ալիւր բերէք»։ Զանիկա կաթսային մէջ նետեց ու ըսաւ. «Ժողովուրդին առջեւ դիր, որպէս զի ուտեն»։ Այն ատեն կաթսային մէջ վնասակար բան մը չկար։
42 Բահաղ-Սաղիսայէն մարդ մը եկաւ ու Աստուծոյ մարդուն երախայրիներէ շինուած հացեր, քսան հատ գարեղէն հաց ու թարմ հասկեր բերաւ իր պարկովը։ Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տուր, որպէս զի ուտեն»։
43 Անոր ծառան ըսաւ. «Այս ի՞նչ է որ հարիւր մարդոց առջեւ դնեմ»։ Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տո՛ւր, որպէս զի ուտեն, քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Պիտի ուտեն ու պիտի աւելնայ’»։
44 Եւ անոնց առջեւ դրաւ ու կերան ու Տէրոջը ըսածին պէս աւելցաւ։