Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 2
Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա ու Եղիսէ Գաղգաղա գացին։
2 Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Բեթէլ ղրկեց»։ Եղիսէ ըսաւ. Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Բեթէլ իջան։
3 Բեթէլի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ելան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։
4 Եղիա անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եղիսէ, դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Երիքով ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Երիքով գացին։
5 Երիքովի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդները Եղիսէին մօտեցան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։
6 Եղիա անոր ըսաւ. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Յորդանան ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Երկուքը գացին։
7 Մարգարէներուն որդիներէն յիսուն մարդ գացին անոր դէմ՝ հեռուն կայնեցան, իսկ իրենք երկուքը Յորդանանի քով կայնեցան։
8 Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու երկուքը ցամաքով անցան։
9 Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ»։ Եղիսէ ըսաւ. «Քող քու ոգիիդ կրկնապատիկը ունենամ»։
10 Եղիա անոր ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլայ»։
11 Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։
12 Եղիսէ տեսաւ ու աղաղակեց. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլին կառքը ու անոր ձիաւորները»։ Ա՛լ չտեսաւ զանիկա։ Իր հանդերձները բռնեց ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։
13 Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն վերցուց եւ դարձաւ Յորդանանի եզերքը կեցաւ։
14 Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն առաւ, ջուրերուն զարկաւ ու ըսաւ. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու Եղիսէ անցաւ։
15 Երիքովի մարգարէներուն որդիները զանիկա տեսնելով՝ ըսին. «Եղիային ոգին Եղիսէին վրայ հանգչեցաւ»։ Զանիկա դիմաւորելու գացին ու գետնէն անոր խոնարհութիւն ըրին
16 Եւ անոր ըսին. «Ահա քու ծառաներուդ հետ յիսուն զօրաւոր մարդիկ կան, թող երթան ու քու տէրդ փնտռեն. կարելի է Տէրոջը Հոգին զանիկա վերցուց ու լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց»։ Անիկա ըսաւ. «Մի՛ ղրկէք»։
17 Բայց անոնք բռնադատեցին զանիկա մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ. «Ղրկեցէ՛ք»։ Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զանիկա չգտան
18 Ու անոր դարձան։ Անիկա Երիքով կը նստէր ու անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի չըսի՞, թէ ‘Մի՛ երթաք’»։
19 Քաղաքին մարդիկը Եղիսէին ըսին. «Ահա քաղաքիս բնակութիւնը աղէկ է, ինչպէս մեր տէրը կը տեսնէ, բայց ջուրերը գէշ ու երկիրը անպտուղ է»։
20 Անիկա ըսաւ. «Ինծի նոր կուժ մը բերէ՛ք ու մէջը աղ դրէ՛ք»։ Անոնք անոր բերին։
21 Անիկա ջուրերուն աղբիւրը ելաւ ու հոն աղ նետեց ու ըսաւ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ջուրերը բժշկեցի, անգամ մըն ալ ասկէ մահ ու անպտղութիւն չըլլայ’»։
22 Այն ջուրերը բժշկուեցան մինչեւ այսօր՝ Եղիսէի ըսած խօսքին համեմատ։
23 Անկէ Բեթէլ ելաւ ու երբ ճամբայէն վեր կ’ելլէր, քաղաքէն պզտիկ տղաքներ ելան եւ զանիկա ծաղր կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ելի՛ր կնտակ, ելի՛ր կնտակ»։
24 Ետին դարձաւ ու զանոնք տեսաւ եւ Տէրոջը անունովը զանոնք անիծեց։ Անտառէն երկու մատակ արջ ելան ու անոնցմէ քառասունըերկու տղայ պատառեցին։
25 Եւ անկէ Կարմեղոս լեռը գնաց, ապա Սամարիա դարձաւ։