Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 8

Եղիսէ խօսեցաւ այն կնոջ, որուն տղան ողջնցուցեր էր ու ըսաւ. «Ելի՛ր, դուն քու ընտանիքովդ գնա՛ եւ ուր որ կրնաս՝ հոն պանդխտութիւն ըրէ՛, վասն զի Տէրը սովը կանչեց եւ ահա պիտի գայ եօթը տարի այս երկրին վրայ մնալու»։
2 Այն կինը ելաւ ու Աստուծոյ մարդուն ըսածին պէս ըրաւ։ Ինք իր ընտանիքովը գնաց ու Փղշտացիներու երկրին մէջ եօթը տարի պանդխտութիւն ըրաւ։
3 Եօթը տարին լմննալէն ետքը՝ այն կինը Փղշտացիներուն երկրէն դարձաւ եւ իր տանը համար ու իր արտին համար թագաւորին բողոքելու գնաց։
4 Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ծառային Գէեզիին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եղիսէին ըրած բոլոր մեծ գործերը ինծի պատմէ»։
5 Երբ անիկա թագաւորին կը պատմէր, թէ ի՛նչպէս անիկա մեռած տղան ողջնցուց, տեսաւ այն կինը, որուն տղան ողջնցուցեր էր եւ որ իր տանը համար եւ իր արտին համար թագաւորին կը բողոքէր։ Գէեզին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, ա՛յս է այն կինը ու ա՛յս է անոր տղան, որ Եղիսէ ողջնցուց»։
6 Երբ թագաւորը կնոջ հարցուց, կինը անոր պատմեց։ Թագաւորը ներքինի մը տուաւ անոր ու ըսաւ. «Ասոր բոլոր ստացուածքը, նաեւ երկիրը ձգած օրէն մինչեւ հիմա իր արտին բոլոր արդիւնքը իրեն դարձուր»։
7 Եղիսէ Դամասկոս գնաց։ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը հիւանդացեր էր։ Թագաւորին պատմեցին ու ըսին թէ ‘Աստուծոյ մարդը հոս եկաւ’։
8 Թագաւորը Ազայէլին ըսաւ. «Ձեռքդ ընծայ ա՛ռ ու գնա՛ Աստուծոյ մարդը դիմաւորէ՛ ու անոր միջոցով Տէրոջը հարցուր թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։
9 Ազայէլ Եղիսէն դիմաւորելու գնաց ու ձեռքը ընծայ առաւ, այսինքն Դամասկոսի բոլոր բարիքներէն քառասուն ուղտ բեռնաւորուած։ Գնաց եւ անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Քու որդիդ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ’»։
10 Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛ անոր ըսէ՝ ‘Անշո՜ւշտ պիտի առողջանաս’. բայց Տէրը ինծի ցուցուց, որ անիկա պիտի մեռնի»։
11 Աչքերը անթարթափ կերպով տնկեց, մինչեւ որ անիկա ամչցաւ։ Աստուծոյ մարդը լացաւ։
12 Ազայէլ ըսաւ. «Իմ տէրս ինչո՞ւ կու լայ»։ Անիկա ըսաւ. «Անոր համար որ Իսրայէլի որդիներուն ընելու չարութիւնդ գիտեմ. անոնց ամրոցները կրակով պիտի այրես ու անոնց կտրիճները սրով պիտի մեռցնես եւ անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնես ու յղի կիները պիտի ճեղքես»։
13 Ազայէլ ըսաւ. «Ո՞վ է քու ծառադ, շո՞ւն մը, որ այդ մեծ բաները ընէ»։ Ու Եղիսէ ըսաւ. «Տէրը ինծի ցուցուց, որ դուն Ասորիներուն վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս»։
14 Անիկա Եղիսէին քովէն ելաւ ու իր տիրոջը գնաց։ Թագաւորը հարցուց. «Եղիսէն քեզի ի՞նչ ըսաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Եղիսէն ըսաւ թէ անշուշտ պիտի առողջանայ»։
15 Հետեւեալ օրը Ազայէլ հաստ լաթ՝ ՝ մը առաւ, ջուրը թաթխեց ու անոր երեսին վրայ փռեց եւ անիկա մեռաւ։ Ազայէլ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
16 Իսրայէլի թագաւորին Աքաաբեան Յովրամին հինգերորդ տարին, երբ Յովսափատ դեռ Յուդայի վրայ կը թագաւորէր, Յուդայի Յովսափատ թագաւորին որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։
17 Անիկա երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
18 Ասիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս՝ Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբան բռնեց. քանզի Աքաաբին աղջիկը ասոր կին եղաւ ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
19 Սակայն Տէրը Յուդան կորսնցնել չուզեց՝ իր Դաւիթ ծառային սիրոյն համար, ինչպէս անոր խօսք տուեր էր, որ թէ՛ անոր եւ թէ՛ անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տայ։
20 Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։
21 Յովրամ իր բոլոր կառքերը իրեն հետ առաւ ու Սայիր անցաւ եւ գիշերով ելաւ ու իր չորս կողմը առնող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ եւ ժողովուրդը իրենց վրանները փախան։
22 Բայց Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ ապստամբեցաւ։
23 Յովրամին մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
24 Յովրամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ եւ անոր որդին Ոքոզիա անոր տեղը թագաւոր եղաւ։
25 Իսրայէլի Աքաաբեան Յովրամ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ։
26 Ոքոզիա քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր, որ Իսրայէլի Ամրի թագաւորին աղջիկն էր։
27 Անիկա Աքաաբին տանը ճամբուն մէջ քալեց ու Աքաաբին տանը պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, քանզի Աքաաբին տանը փեսան էր։
28 Անիկա Աքաաբեան Յովրամին հետ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ գնաց պատերազմելու համար։ Ասորիները Յովրամը վիրաւորեցին։
29 Եւ Յովրամ թագաւորը դարձաւ, որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները անոր տուեր էին Ռամովթի մէջ՝ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը Յովրամին որդին Ոքոզիան Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու համար. քանզի անիկա հիւանդ էր։