Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 22
Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեդիդա էր ու Բազկաթացի Ադայիային աղջիկն էր։
2 Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբուն մէջ քալեց եւ աջ կամ ձախ չխոտորեցաւ։
3 Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին թագաւորը Մեսուղամին որդիին Եսելիային որդին Սափան դպրիը Տէրոջը տունը ղրկեց՝ ըսելով.
4 «Քեղկիա քահանայապետին գնա՛ ու անիկա Տէրոջը տունը բերուած ստակը թող համրէ՛, որ դրան պահապանները ժողովուրդէն հաւաքեցին
5 Ու զանիկա Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ու տանը փլած տեղերը շինելու համար Տէրոջը տանը մէջ գործող
6 Հիւսներուն, շինողներուն ու որմնադիրներուն թող տան, նաեւ փայտ ու տաշուած քարեր թող ծախու առնեն տունը նորոգելու համար»։
7 Բայց անոնց ձեռքը տրուած ստակին հաշիւը չէին հարցներ, քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կը գործէին։
8 Քեղկիա քահանայապետը Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ» ու այն գիրքը Սափանին տուաւ ու այն կարդաց։
9 Սափան դպիրը թագաւորին ըսաւ. «Քու ծառաներդ տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին»։
10 Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան զանիկա թագաւորին առջեւ կարդաց։
11 Ու թագաւորը օրէնքներու գրքին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։
12 Թագաւորը Քեղկիա քահանային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքիային որդիին Աքոբորին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառային Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ.
13 «Գացէ՛ք, ինծի համար ու ժողովուրդին համար ու բոլոր Յուդային համար՝ այս գտնուած գրքերուն խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն հնազանդած չեն ու մեզի համար ամէն գրուած բաները գործադրած չեն»։
14 Քեղկիա քահանան եւ Աքիկամն ու Աքոբորը եւ Սափանն ու Ասայիան՝ Արասին որդիին Թեկուայի որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ Ողդա մարգարէին գացին։ Անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ խօսեցան։
15 Անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն այսպէս ըսէք.
16 «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն Յուդայի թագաւորին կարդացած գրքին ամէն խօսքերը։
17 Որովհետեւ զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»
18 Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
19 ‘Լսած խօսքերուդ համար, որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Տէրոջը առջեւ խոնարհեցար, երբ լսեցիր իմ խօսքս, թէ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ աւերում ու անէծք պիտի ըլլայ եւ քու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի՛, կ’ըսէ Տէրը։
20 Անոր համար ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան բերին։