Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 12
Յէուի եօթներորդ տարին Յովաս թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն։
2 Յովաս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ, որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր։
3 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։
4 Յովաս քահանաներուն ըսաւ. «Տէրոջը տունը բերուած սուրբ բաներուն բոլոր ստակը, համրուած մարդոց ստակը, գինը կտրուած անձերուն ստակը, այն բոլոր ստակը, որ մէկը իր սրտէն բղխելով Տէրոջը տանը կը բերէ, թող քահանաները առնեն.
5 Քահանաներն ալ, ամէն մէկը իր ճանչուորներէն թող պակաս առնէ եւ Տէրոջը տանը փլած տեղերը թող նորոգէ»։
6 Սակայն Յովաս թագաւորին քսանըերեքերորդ տարին՝ քահանաները տանը փլած տեղերը չնորոգեցին։
7 Յովաս թագաւորը իրեն կանչեց Յովիադա քահանան ու միւս քահանաները եւ անոնց ըսաւ. «Տանը փլած տեղերը ինչո՞ւ չէք նորոգեր։ Այլեւս ձեր ճանչուորներէն ստակ մի՛ առնէք, հապա զանիկա տանը փլած տեղերուն համար գործածեցէք»։
8 Քահանաները հաւանութիւն տուին, որ իրենք ստակ չառնեն ժողովուրդէն, ո՛չ ալ տանը փլած տեղերը նորոգեն՝ ՝։
9 Յովիադա քահանան սնտուկ մը առաւ, անոր վրայ ծակ մը ծակեց, զանիկա սեղանին քով՝ Տէրոջը տունը մտնողներուն աջ կողմը դրաւ։ Դուռը սպասող քահանաները Տէրոջը տունը բերուած բոլոր ստակը հոն կը դնէին։
10 Երբ տեսնէին թէ սնտուկին մէջ ստակը շատցեր է, թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանան կ’ելլէին ու Տէրոջը տունը գտնուած ստակը համրելով կը ծրարէին։
11 Պատրաստուած ստակը Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը կու տային, որպէս զի անոնք Տէրոջը տանը մէջ գործող հիւսներուն ու շինողներուն
12 Եւ որմնադիրներուն ու քարահատներուն վճարեն։ Ասկէ զատ՝ Տէրոջը տանը փլած տեղերը նորոգելու համար փայտեր ու տաշուած քարեր ծախու առնեն եւ տանը նորոգութեան համար բոլոր պէտք եղած բաները գնեն։
13 Բայց Տէրոջը տունը բերուած ստակէն՝ Տէրոջը տանը համար արծաթէ գաւաթներ, աշտանակներ, կոնքեր, փողեր ու ոսկիէ ամաններ կամ արծաթէ ամաններ բնաւ չշինուեցան.
14 Քանզի բանուորներուն կու տային զանիկա, որպէս զի անով Տէրոջը տունը նորոգեն։
15 Բայց որոնց ձեռքը, որ կը յանձնէին այն ստակը՝ բանուորներուն տալու համար, անոնցմէ հաշիւ չէին առներ. քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կ’աշխատէին։
16 Եւ յանցանքի կամ մեղքի համար գանձուած ստակը Տէրոջը տունը չէր մտներ։ Անոնք քահանաներուն կը պատկանէին։
17 Այդ ատեն Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը ելաւ Գէթի դէմ պատերազմ ըրաւ ու զանիկա առաւ։ Բայց երբ Ազայէլ իր երեսը դարձուց, որպէս զի Երուսաղէմի վրայ քալէ,
18 Յուդայի թագաւորը Յովաս՝ իր հայրերուն, Յուդայի թագաւորներուն, Յովսափատին ու Յովրամին եւ Ոքոզիային նուիրուած բոլոր սուրբ բաներն ու իր նուիրածը եւ Տէրոջը տանն ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ոսկին առաւ ու Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին ղրկեց։ Այն ատեն անիկա Երուսաղէմէն ետ քաշուեցաւ։
19 Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
20 Անոր ծառաները ոտքի ելան ու անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու Յովասը զարկին Մելօնի տանը մէջ, որ Սիլլայի զառիվայրին վրայ է։
21 Անոր ծառաները, Սամեթին որդին Յովզաքարն ու Սովմերին որդին Յովզաբադը զանիկա զարկին ու մեռցուցին։ Զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։