Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 19
Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ։
2 Պալատին հազարապետը Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։
3 Անոր ըսին. Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. «Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։
4 Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին բոլոր խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանէ. ուրեմն դուն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛»։
5 Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։
6 Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։
7 Ահա ես անոր վրայ ոգի մը պիտի ղրկեմ։ Ան լուր մը լսելով իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ’»։
8 Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր թէ Լաքիսէն չուեր է։
9 Սենեքերիմ Եթովպացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց, որ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Նորէն Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով.
10 «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ՝ ըսելով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի։
11 Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։
12 Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։
13 Ո՞ւր են Եմաթին թագաւորն ու Արփաթին թագաւորը ու Սեփարուիմ քաղաքին՝ Անային եւ Աւային թագաւորը’»։
14 Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։
15 Ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Աստուած միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։
16 Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ՛. ո՛վ Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին խօսքերը, որ ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։
17 Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները՝ ազգերը ու անոնց երկիրը աւերեցին
18 Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին, վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։
19 Հիմա դուն, ո՜վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Աստուած»։
20 Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսէս կ’ըսէ. ‘Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի.
21 Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. «Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ. Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։
22 Դուն զո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր Եւ աչքերդ Իսրայէլի սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։
23 Քու դեսպաններուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր. ‘Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձունքը, Լիբանանի քովերը ելայ Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ՝ ՝ Ու անոր վերջին բնակութիւնը Անոր Կարմեղոսին անտառը պիտի մտնեմ։
24 Ես փորեցի ու օտար ջուրերը խմեցի Ու պաշարուած տեղերուն՝ ՝ բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթերովը ցամքեցուցի։
25 Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես կազմեցի Ու սկիզբէն ծրագրեցի. Հիմա կատարեցի, Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։
26 Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու ամչցան. Անոնք դաշտի խոտի պէս Եւ կանանչ բանջարի պէս, Տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։
27 Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։
28 Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան։ Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ Եւ իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։
29 Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ. Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք, Իսկ երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք։
30 Յուդայի տունէն ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ Ու վերէն պտուղ պիտի տայ,
31 Քանզի Երուսաղէմէն մնացորդ մը Ու Սիօն լեռնէն վերապրողներու խումբ մը պիտի ելլէ։ Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձախնդրութիւնը պիտի ընէ։
32 Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ Ու անոր նետ պիտի չնետէ Եւ անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ։
33 Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ’, կ’ըսէ Տէրը։
34 Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ Ու զանիկա ազատեմ ինծի համար Ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։
35 Ու այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։
36 Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։
37 Երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէքն ու Սարասարը զանիկա սրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան։ Անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։