Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 20

Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։
2 Անիկա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ՝ ըսելով.
3 «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, յիշէ թէ քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի եւ քու աչքիդ առջեւ բարի եղածը ըրի»։ Եզեկիա դառնօրէն լացաւ։
4 Եսայի տակաւին միջին գաւիթէն ելած չէր, երբ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.
5 «Դարձի՛ր ու իմ ժողովուրդիս իշխանին Եզեկիային ըսէ. ‘Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը պիտի ելլես
6 Եւ քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ ու քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։
7 Ու Եսայի ըսաւ. «Քանի մը չոր թուզ առէք ու դրէք վէրքին վրայ եւ պիտի առողջանայ»։
8 Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը զիս բժշկելուն ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։
9 Եսայի ըսաւ. «Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան պիտի ըլլայ, որ Տէրը իր ըրած խօսքը պիտի կատարէ։ Ստուերը կա՛մ տասը աստիճան առաջ պիտի երթայ, կա՛մ տասը աստիճան ետ պիտի դառնայ»։
10 Եզեկիա ըսաւ. «Ստուերին տասը աստիճան առաջ երթալը դիւրին է. ուստի ստուերը տասը աստիճան ետ թող դառնայ»։
11 Եսայի մարգարէն Տէրոջը աղաղակեց ու ստուերը տասը աստիճան ետ դարձուց այն աստիճաններէն, որ Աքազի արեւու ժամացոյցին վրայ իջած էր։
12 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան՝ ՝, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի Եզեկիային հիւանդ ըլլալը լսեր էր։
13 Եզեկիա անոնց մտիկ ըրաւ՝ ՝ եւ թանկագին բաներուն գանձատունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղն ու իր զինարանը եւ իր բոլոր գանձերը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։
14 Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այս մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։
15 Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց, որ չցուցուցի»։
16 Այն ատեն Եսայի Եզեկիային ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ.
17 ‘Ահա օրեր պիտի գան, երբ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու քու հայրերդ մինչեւ այսօր ինչ որ հաւաքեցին՝ Բաբելոն պիտի տարուին. բան մը պիտի չմնայ’, կ’ըսէ Տէրը
18 Ու քեզմէ ելլելու՝ քու ծնանելու որդիներէդ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։
19 Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Բարի չէ՞ քանի որ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։
20 Եզեկիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր զօրութիւնը ու շինած աւազանն ու ջրմուղը եւ քաղաքը բերած ջուրը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
21 Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։