Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 25

Սեդեկիայի թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջանակի պատնէշներ շինեց
2 Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։
3 Ամսուան իննին քաղաքին մէջ սաստիկ սով կար։ Երկրին ժողովուրդը հաց չունէր։
4 Քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները գիշերով թագաւորին պարտեզին քով եղող երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայէն փախան։ Քաղդէացիները քաղաքին բոլորտիքը կեցեր էին ու թագաւորը դաշտին ճամբայէն գնաց։
5 Եւ Քաղդէացիներուն զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ անոր հասան եւ անոր բոլոր զօրքը անոր քովէն ցրուեցաւ։
6 Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Ռեբղա տարին Բաբելոնի թագաւորին։ Անոր դատաստանը տեսան։
7 Սեդեկիային տղաքը իր աչքերուն առջեւ մորթեցին, Սեդեկիային աչքերը կուրցուցին եւ զինքը շղթաներով կապեցին ու Բաբելոն տարին։
8 Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամսուն, ամսուան եօթներորդ օրը Բաբելոնի թագաւորին ծառան Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ եկաւ
9 Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։
10 Եւ դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներուն բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպները փլցուցին։
11 Քաղաքին բնակիչներուն մնացորդն ու Բաբելոնի թագաւորէն լքուած փախստականներն ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։
12 Եւ դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց այգեգործներ ու երկրագործներ ըլլալու համար։
13 Եւ Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու խարիսխները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց պղինձը Բաբելոն տարին։
14 Թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու խնկամանները եւ պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։
15 Դահճապետը ոսկիէ ու արծաթէ բուրվառներն ու կոնքերը առաւ՝ ՝.
16 Նաեւ Սողոմոնին Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթները։ Բոլոր այս գործիքներուն պղինձը կշռել կարելի չէր։
17 Մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր։ Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Խոյակին բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Խոյակին վրայ շուրջանակի ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային, ամէնքն ալ պղնձէ էին ու միւս սիւնն ալ ցանցակերպ զարդ ունէր։
18 Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու երեք դռնապանները առաւ
19 Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու թագաւորին առջեւ կեցողներէն՝ ՝ քաղաքին մէջ գտնուած հինգ մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ։
20 Ու Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։
21 Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ ու Եմաթի երկրին Ռեբղային մէջ զանոնք մեռցուց։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։
22 Բայց Յուդայի երկրին մէջ մնացած ժողովուրդը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հոն թողուցեր էր, անոնց վրայ Սափանեան Աքիկամին որդին Գոդողիան կուսակալ դրաւ։
23 Զօրքերու բոլոր իշխանները իրենց մարդիկներով, երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Գոդողիան կուսակալ ըրեր է, Գոդողիային քով Մասփա եկան, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլ, Կարէին որդին Յօհանան ու Թանհումեթին որդին Նետոփաթացի Սարայիան ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան, թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։
24 Գոդողիա անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու անոնց ըսաւ. «Քաղդէացիներուն ծառայութիւն ընելէն՝ ՝ մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ»։
25 Եւ եօթներորդ ամիսը թագաւորներու սերունդէն եղող Եղիսամայի որդիին Նաթանիայի որդին Իսմայէլ տասը մարդով եկաւ ու Գոդողիան զարկին ու մեռցուցին, նոյնպէս ալ անոր հետ Մասփա եղող Հրեաներն ու Քաղդէացիները։
26 Բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը ու զօրքերուն իշխանները ելան Եգիպտոս գացին, քանզի Քաղդէացիներէն վախցան։
27 Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը, իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։
28 Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ։
29 Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր առջեւ հաց կ’ուտէր։
30 Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ թագաւորին կողմէն ամէն օր անոր կը տրուէր։