Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 15
Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Յուդայի Ամասիա թագաւորին որդին Ազարիան թագաւոր եղաւ։
2 Անիկա տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր որ Երուսաղեմացի էր։
3 Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային բոլոր ըրածին պէս։
4 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։
5 Տէրը թագաւորը զարկաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր եւ զատ տան մը մէջ կը բնակէր ու պալատին վրայ իշխողը թագաւորին որդին Յովաթամն էր։ Անիկա կը դատէր երկրին ժողովուրդը։
6 Ազարիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
7 Ազարիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։
8 Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յերոբովամին որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Վեց ամիս թագաւորեց։
9 Անիկա իր հայրերուն ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։
10 Յաբիսին որդին Սեղղում անոր դէմ գլուխ վերցուց եւ զանիկա ժողովուրդին առջեւ զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։
11 Զաքարիային մնացորդ պատմութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
12 Ասիկա Տէրոջը խօսքն է, որ Յէուին խօսեր էր՝ ըսելով. «Իսրայէլի աթոռին վրայ քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը պիտի նստին»։ Այնպէս ալ եղաւ։
13 Յաբիսին որդին Սեղղում Յուդայի Ոզիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ մէկ ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։
14 Գադդիին որդին Մանայեմը Թերսայէն ելաւ ու Սամարիա եկաւ։ Սամարիայի մէջ Յաբիսին որդին Սեղղումը զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։
15 Սեղղումին մնացորդ պատմութիւնն ու ըրած դաւաճանութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
16 Այն ատեն Մանայեմը Թափսան ու բոլոր անոր մէջ եղողները ու անոր սահմանը զարկաւ մինչեւ Թերսա՝ ՝ եւ զանիկա չբանալնուն համար զարկաւ ու հոն եղող բոլոր յղի կիները ճեղքեց։
17 Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին Իսրայէլի վրայ Գադդիին որդին Մանայեմը թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ տասը տարի թագաւորեց։
18 Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։
19 Ասորեստանի Փուղ թագաւորը երկրին վրայ եկաւ։ Մանայեմ հազար տաղանդ արծաթ տուաւ Փուղին, որպէս զի անիկա իրեն օգնական ըլլայ՝ ՝, թագաւորութիւնը իր ձեռքին մէջ հաստատելու համար։
20 Մանայեմ այս արծաթը Ասորեստանի թագաւորին տալու համար Իսրայէլի բոլոր հարուստներուն վրայ հարկ դրաւ։ Ամէն մէկէն յիսունական սիկղ արծաթ առաւ։ Ասորեստանի թագաւորը ետ դարձաւ ու այն երկրին մէջ չկեցաւ։
21 Մանայեմին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ամէն ըրածը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
22 Մանայեմ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ։
23 Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Մանայեմին որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Երկու տարի թագաւորեց։
24 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։
25 Անոր զօրապետը Ռովմելային որդին Փակէէն անոր դէմ գլուխ վերցուց ու իրեն հետ Արգովբն ու Արիէն ու Գաղաադացիներէն յիսուն մարդ առաւ եւ Սամարիայի մէջ թագաւորին տանը ներսի կողմը՝ ՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց։ Անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։
26 Փակէիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
27 Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսունըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Ռովմելային որդին Փակէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու քսան տարի թագաւորեց։
28 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։
29 Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը եկաւ ու Իյօնը եւ Աբէլ-Բեթմաաքան ու Յանովէն եւ Կադէսն ու Յասորը եւ Գաղաադն ու Գալիլիան եւ Նեփթաղիմի բոլոր երկիրը առաւ ու անոնց բնակիչները Ասորեստան գերի տարաւ։
30 Էլային որդին Ովսէէն Ռովմելային որդիին Փակէէին դէմ դաւաճանութիւն ըրաւ եւ զանիկա զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ Ոզիայի որդիին Յովաթամին քսաներորդ տարին։
31 Փակէէին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
32 Իսրայէլի թագաւորին, Ռովմելայի որդիին Փակէէին երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Ոզիային որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։
33 Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր, որ Սադովկին աղջիկն էր։
34 Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Ոզիային ըրածին պէս ըրաւ։
35 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց։
36 Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
37 Այն օրերը Տէրը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Ռովմելային որդին Փակէէն Յուդայի վրայ ղրկեց։
38 Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։ Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ