Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 7
Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի պիտի ծախուի’»։
2 Եւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ թագաւորը կը կռթնէր, Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։
3 Դրանը առջեւ չորս բորոտ մարդիկ կային։ Անոնք իրարու ըսին. «Ինչո՞ւ հոս նստինք մինչեւ որ մեռնինք.
4 Եթէ քաղաքը մտնենք, քաղաքին մէջ սով կայ ու հոն պիտի մեռնինք։ Եթէ հոս մնանք, նոյնպէս պիտի մեռնինք. ուրեմն եկէք Ասորիներուն բանակը դիմենք. եթէ մեզ ողջ թողուն՝ կ’ապրինք, եթէ մեզ մեռցնեն՝ կը մեռնինք»։
5 Եւ մութ ատեն ելան, որպէս զի Ասորիներու բանակը երթան ու մինչեւ բանակին ծայրը գացին, բայց հոն մարդ մը չկար.
6 Քանզի Տէրը Ասորիներու բանակին մէջ կառքերու ձայն ու ձիերու ձայն, մեծ զօրքի մը ձայն լսել տուաւ եւ իրարու ըսին. «Ահա Իսրայէլի թագաւորը Քետացիներուն թագաւորներն ու Եգիպտացիներու թագաւորները վարձքով բռնեց, որպէս զի մեր վրայ գան»։
7 Ու ելան մութին փախան։ Իրենց վրաններն ու ձիերն ու էշերը եւ բանակը եղածին պէս թողուցին ու իրենց անձը ապրեցնելու համար փախան։
8 Այս բորոտները մինչեւ բանակին ծայրը գացին ու վրան մը մտնելով կերան ու խմեցին եւ անկէ արծաթ ու ոսկի ու հանդերձներ վերցուցին ու տարին պահեցին ու ետ դառնալով՝ ուրիշ վրան մը մտան եւ անկէ ալ վերցուցին ու պահեցին։
9 Ետքը իրարու ըսին. «Աղէկ չէ մեր ըրածը. այսօր աւետեաց օր է ու մենք լուռ կեցեր ենք. եթէ մինչեւ առաւօտեան լոյսը սպասենք, մեր անօրէնութեանը պատիժը պիտի կրենք՝ ՝. ուստի եկէք երթանք ու թագաւորին տունը պատմենք»։
10 Գացին քաղաքին դռնապանին պոռացին ու անոր պատմեցին ու ըսին. «Մենք Ասորիներուն բանակը մտանք եւ հոն մարդ կամ մարդու ձայն չկար, բայց միայն ձիերը կապուած ու էշերը կապուած ու վրաններն ալ այնպէս կեցեր են։
11 Դռնպանները վազեցին ու թագաւորին իմացուցին։
12 Թագաւորը գիշերով ելաւ եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ասորիներուն մեզի ըրած բանը ես ձեզի յայտնեմ։ Անոնք մեր անօթի ըլլալը գիտնալով՝ բանակէն ելած են ու դաշտին մէջ պահուած են՝ ըսելով. ‘Երբ անոնք քաղաքէն դուրս ելլեն՝ զանոնք ողջ բռնենք ու քաղաքը մտնենք’»։
13 Անոր ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թող այս ձիերէն հինգը առնեն, որոնք միայն մնացած են եւ հատնելու վրայ են բոլոր Իսրայէլի բազմութեանը պէս եւ հոն երթան ու տեսնեն»։
14 Ուստի երկու կառք առին իրենց ձիերովը՝ ՝ եւ թագաւորը Ասորիներու բանակին ետեւէն ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, նայեցէ՛ք»։
15 Անոնք մինչեւ Յորդանան անոնց ետեւէն գացին եւ ահա բոլոր ճամբան լեցուն էր հանդերձներով ու ամաններով, որոնք Ասորիները արտորալով փախած ատեննին ձգեր էին։ Պատգամաւորները ետ դարձան ու թագաւորին պատմեցին։
16 Այն ատեն ժողովուրդը ելաւ ու Ասորիներուն բանակը կողոպտեց։ Տէրոջը խօսքին համեմատ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի ծախուեցաւ։
17 Թագաւորը դրանը վերակացու դրաւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ ինք կը կռթնէր։ Ժողովուրդը դրանը մէջ զանիկա կոխկռտեցին ու մեռաւ, Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ, որ ըսեր էր՝ թագաւորին անոր քով իջած ատենը։
18 Ու եղաւ այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ մարդը թագաւորին խօսեր էր՝ ըսելով. «Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ երկու գրիւ գարին մէկ սիկղ արծաթի ու մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղի պիտի ծախուի»։
19 Այն զօրապետը Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուեր ու ըսեր էր. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Աստուծոյ մարդը ըսեր էր. «Ահա դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։
20 Այդպէս եղաւ անոր, քանզի ժողովուրդը զանիկա դրանը մէջ կոխկռտեցին ու մեռաւ։