Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 14
Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազեան Յովասին՝ երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովասին որդին Ամասիա թագաւոր եղաւ։
2 Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանը ինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղէմացի էր։
3 Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ իր հօրը Դաւիթին պէս. իր հօրը Յովասին բոլոր ըրածներուն համաձայն ըրաւ։
4 Սակայն բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։
5 Երբ թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին։
6 Բայց սպաննողներուն որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած է, թէ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար թող մեռցուի»։
7 Ասիկա Աղի ձորին մէջ տասը հազար Եդովմայեցի զարկաւ ու Վէմը պատերազմով առաւ եւ անոր անունը Յեկթովէլ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։
8 Այն ատեն Ամասիա Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։
9 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։
10 Իրա՛ւ, Եդովմայեցիները զարկիր ու քու սիրտդ քեզ հպարտացուց. քու փառքովդ գոհ եղի՛ր՝ ՝ ու տունդ նստէ՛. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզ հետ Յուդան ալ»։
11 Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ։ Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ եւ ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։
12 Յուդա Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։
13 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Ոքոզիայի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։
14 Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ամանները առաւ եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։
15 Յովասին գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր զօրութիւնը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ ըրած պատերազմը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
16 Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Յերոբովամը թագաւոր եղաւ։
17 Յուդայի թագաւորը, Յովասին որդին Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազի՝ որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։
18 Ամասիայի մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
19 Անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին եւ անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։
20 Անիկա ձիերով վերցուեցաւ ու Երուսաղէմ իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։
21 Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ազարիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը Ամասիային տեղ թագաւոր ըրին։
22 Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զանիկա Յուդայի դարձուց։
23 Յուդայի թագաւորին, Յովասին որդիին Ամասիային տասնըհինգերորդ տարին Իսրայէլի Յովաս թագաւորին որդին Յերոբովամը Սամարիայի մէջ թագաւոր եղաւ ու քառասունըմէկ տարի թագաւորեց։
24 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ։
25 Ասիկա Իսրայէլի սահմանը Եմաթի մուտքէն մինչեւ դաշտի ծովը վերագրաւեց՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Գեթքոփերացի Ամաթեան Յովնան մարգարէին միջոցով ըսեր էր։
26 Քանզի Տէրը տեսաւ Իսրայէլի խիստ սաստիկ տառապանքը, երբ ո՛չ գերի ու ո՛չ ազատ կար ու Իսրայէլ օգնական ալ չունէր։
27 Եւ Տէրը չըսաւ թէ Իսրայէլի անունը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի Յովասեան Յերոբովամին ձեռքով զանոնք ազատեց։
28 Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերն ու պատերազմական քաջութիւնը եւ Դամասկոսն ու Եմաթը Յուդային ետ դարձուիլը Իսրայէլի մէջ, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
29 Յերոբովամ իր հայրերուն, Իսրայէլի թագաւորներուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ։