Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 13

Յուդայի թագաւորին, Ոքոզիային որդիին Յովասին քսանըերեքերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յէուի որդին Յովաքազը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըեօթը տարի թագաւորեց։
2 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոնցմէ ետ չկեցաւ։
3 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք շարունակ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին ձեռքն ու Ազայէլին որդիին Բենադադին ձեռքը մատնեց։
4 Յովաքազ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու Տէրը անոր մտիկ ըրաւ. քանզի տեսաւ Իսրայէլին նեղութիւնը, որով Ասորիներուն թագաւորը զանոնք նեղեց։
5 Եւ Տէրը Իսրայէլին փրկիչ մը տուաւ, որ Ասորիներուն ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի որդիները երէկուան ու միւս օրուան պէս իրենց վրաններուն մէջ նստեցան։
6 Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Յերոբովամին տանը մեղքերէն ետ չկեցան, հապա անոնց մէջ քալեցին ու Աստարովթի կուռքն ալ Սամարիայի մէջ կը կենար։
7 Յովաքազին ուրիշ զօրք չթողուց, միայն յիսուն ձիաւոր, տասը կառք ու տասը հազար հետեւակ զօրք. վասն զի Ասորիներուն թագաւորը զանոնք բնաջինջ ըրեր էր ու զանոնք կոխկռտուած հողի պէս ըրեր էր։
8 Յովաքազին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերն ու զօրութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
9 Յովաքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին եւ անոր տեղ անոր որդին Յովասը թագաւոր եղաւ։
10 Յուդայի Յովաս թագաւորին երեսունըեօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի վրայ Յովաքազին որդին Յովասը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըվեց տարի թագաւորեց։
11 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ, հապա անոնց մէջ քալեց։
12 Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատեն իր քաջութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
13 Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Յերոբովամը նստաւ անոր աթոռը։ Յովաս Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։
14 Եղիսէ իր մեռնելու հիւանդութիւնովը հիւանդացաւ։ Իսրայէլի թագաւորը Յովաս անոր իջաւ ու անոր համար լացաւ ու ըսաւ. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլի կառքն ու անոր ձիաւորները»։
15 Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Աղեղ մը ու նետեր ա՛ռ»։ Անիկա աղեղ մը ու նետեր առաւ։
16 Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ձեռքովդ լարէ աղեղը»։ Անիկա ձեռքով լարեց աղեղը։ Եղիսէ իր ձեռքերը թագաւորին ձեռքերուն վրայ դրաւ
17 Ու ըսաւ. «Արեւելեան կողմի պատուհանը բա՛ց»։ Ան ալ բացաւ։ Եղիսէ ըսաւ. «Նետէ՛»։ Ան ալ նետեց։ Այն ատեն Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը փրկութեանը նետը եւ Ասորիներուն վրայ տարուած յաղթանակի նետը. քանզի Ափեկի մէջ պիտի զարնես մինչեւ որ հատցնես»։
18 Նաեւ ըսաւ. «Նետերը ա՛ռ»։ Անիկա առաւ։ Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Գետինը զա՛րկ»։ Անիկա երեք անգամ գետինը զարկաւ ու կեցաւ։
19 Աստուծոյ մարդը անոր բարկանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։
20 Եղիսէ մեռաւ եւ զանիկա թաղեցին։ Ու հետեւեալ տարին Մովաբացիներուն գունդերը երկրին վրայ եկան։
21 Երբ մարդ մը կը թաղէին, ահա գունդ մը տեսան։ Մարդը Եղիսէին գերեզմանը նետեցին։ Այն մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ։
22 Եւ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը Յովաքազին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը նեղեց։
23 Բայց Տէրը Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ իր ըրած ուխտին համար անոնց ողորմեցաւ ու գթութիւն ըրաւ։ Անոնց նայեցաւ եւ զանոնք կորսնցնել չուզեց ու զանոնք դեռ իր երեսէն չձգեց։
24 Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորը մեռաւ ու անոր տեղ իր որդին Բենադադը թագաւոր եղաւ։
25 Յովաքազին որդին Յովաս Ազայէլի որդիին Բենադադին ձեռքէն ետ առաւ այն քաղաքները, որոնք Ազայէլ անոր հօրը Յովաքազին ձեռքէն պատերազմով առեր էր։ Յովաս զանիկա երեք անգամ զարկաւ ու Իսրայէլի քաղաքները ետ առաւ։