Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 5
Ասորիներու թագաւորին զօրագլուխը Նէեման իր տիրոջը առջեւ մեծ ու յարգելի մարդ մըն էր, քանզի Տէրը անոր ձեռքով Ասորիներուն փրկութիւն տուեր էր։ Այս մարդը զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց բորոտ էր։
2 Ասորիներուն գունդերը ելլելով՝ Իսրայէլի երկրէն պզտիկ աղջիկ մը գերի առեր էին։ Անիկա Նէեմանին կնոջ քովն էր։
3 Անիկա իր տիկնոջ ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։
4 Նէեման գնաց իր տիրոջը պատմեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի երկրէն եղող աղջիկը այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ»։
5 Ասորիներու թագաւորը ըսաւ. «Գնա՛ ուրեմն, ես Իսրայէլի թագաւորին նամակ կը ղրկեմ»։ Անիկա գնաց։ Իր ձեռքը տասը տաղանդ արծաթ ու վեց հազար ոսկի ու տասը ձեռք փոխելու հանդերձ առաւ։
6 Իսրայէլի թագաւորին տարաւ նամակը, ուր այսպէս գրուած էր՝ ՝. «Արդ, երբ այս նամակը քեզի հասնի, գիտցած ըլլաս որ՝ ՝ իմ ծառաս Նէեմանը քեզի կը ղրկեմ, որպէս զի զանիկա իր բորոտութենէն բժշկես»։
7 Երբ Իսրայէլի թագաւորը նամակը կարդաց՝ իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Միթէ ես մեռցնելու ու ապրեցնելու կարողութիւն ունեցող Աստուա՞ծն եմ, որ ասիկա ինծի մարդ մը ղրկեր է՝ իր բորոտութենէն բժշկելու համար. ուստի աղէկ գիտցէք ու տեսէք, որ անիկա կռիւի պատճառ կը փնտռէ»։
8 Երբ Աստուծոյ մարդը Եղիսէ լսեց՝ որ Իսրայէլի թագաւորը իր հանդերձները պատռեր է, թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ հանդերձներդ պատռեցիր. թող անիկա ինծի գայ ու գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ մարգարէ կայ»։
9 Նէեման իր ձիերովն ու կառքովը գնաց ու Եղիսէի տանը դուռը կայնեցաւ։
10 Եղիսէ մարդ մը ղրկեց անոր՝ ըսելով. «Գնա՛ Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս»։
11 Նէեման բարկացաւ ու գնաց՝ ըսելով. «Ահա ես կը կարծէի թէ անիկա անտարակոյս իմ քովս պիտի գայ ու կայնի եւ իր Եհովա Աստուծոյն անունը պիտի կանչէ ու ձեռքը այն տեղին վրայ պիտի երերցնէ ու բորոտութիւնը բժշկէ։
12 Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն աղէկ չե՞ն. միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ ու մաքրուիլ»։ Եւ դարձաւ բարկութիւնով գնաց։
13 Իսկ անոր ծառաները մօտեցան ու անոր խօսեցան՝ ըսելով. «Ո՛վ հայր, եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ո՞ւր մնաց որ անիկա քեզի ‘Լուացուէ ու պիտի մաքրուիս’, ըսաւ»։
14 Այն ատեն անիկա իջաւ ու Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ եօթը անգամ Յորդանանի մէջ լուացուեցաւ ու անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ։
15 Անիկա իր բոլոր բանակովը Աստուծոյ մարդուն դարձաւ ու գնաց անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա գիտցայ թէ ոեւէ երկրի վրայ Աստուած չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ. ուստի հիմա, կ’աղաչեմ, քու ծառայէդ ընծայ մը ընդունէ»։
16 Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Տէ՛րը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ պիտի չընդունիմ»։ Նէեման ստիպեց որ ընդունի, բայց անիկա չհաճեցաւ։
17 Ու Նէեման ըսաւ. «Ուրեմն քու ծառայիդ այս երկրին հողէն երկու ջորիի բեռ հող տուր. քանզի քու ծառադ անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովային։
18 Տէրը այս բանին համար քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ, այսինքն երբ իմ տէրս Ռեմօնին տունը մտնէ հոն երկրպագութիւն ընելու համար եւ անոր իմ ձեռքիս վրայ կռթնելովը, ես ալ Ռեմօնի տանը մէջ ծռիմ, այս բանին, այսինքն Ռեմօնին տանը մէջ իմ ծռելուս համար Տէրը քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ»։
19 Մարգարէն անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ» եւ անիկա անոր քովէն գնաց։ Բայց երբ քիչ մը հեռացաւ,
20 Աստուծոյ մարդուն Եղիսէին ծառան Գէեզին ըսաւ. «Ահա իմ տէրս այս Ասորի Նէեմանին խնայեց ու անոր ձեռքէն անոր բերածը չառաւ. Տէրը կենդանի է որ ես անոր ետեւէն պիտի վազեմ եւ անկէ բան մը պիտի առնեմ»։
21 Գէեզի Նէեմանին ետեւէն վազեց։ Նէեման, երբ տեսաւ թէ ծառան իր ետեւէն կը վազէ, իր կառքէն վար իջաւ զանիկա դիմաւորելու ու ըսաւ. «Ողջութի՞ւն է»։
22 Անիկա ըսաւ. «Ողջութիւն է. իմ տէրս զիս ղրկեց ու ըսաւ. «Ահա հիմա Եփրեմին լեռնէն մարգարէներու որդիներէն երկու պատանի եկան ինծի. շնորհք ըրէ, անոնց համար տաղանդ մը արծաթ ու երկու ձեռք փոխելու հանդերձ տուր»։
23 Նէեման ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, երկու տաղանդ ա՛ռ»։ Զանիկա բռնադատեց ու երկու պարկի մէջ երկու տաղանդ արծաթ դրաւ ու երկու ձեռք ալ փոխելու հանդերձ ծրարեց եւ իր ծառաներէն երկուքին տուաւ, որոնք անոր առջեւէն տարին։
24 Ու երբ բլուրը եկաւ՝ անոնց ձեռքէն առաւ ու տանը մէջ պահեց եւ այն մարդիկը ճամբեց ու գացին։
25 Ինք ներս գնաց իր տիրոջը առջեւ կեցաւ։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Ո՛վ Գէեզի, ուրկէ՞ կու գաս»։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ տեղ մը չգնաց»։
26 Եղիսէ ըսաւ անոր. «Երբ այն մարդը իր կառքէն քեզ դիմաւորելու դարձաւ, միթէ իմ հոգիս հոն չէ՞ր ու հիմա արծաթ առնելու եւ հանդերձներ ու ձիթենիներ եւ այգիներ ու ոչխարներ եւ արջառներ ու ծառաներ եւ աղախիններ առնելու ատե՞նն է։
27 Ուրեմն Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու սերունդիդ թող փակչի յաւիտեան»։ Անիկա անոր առջեւէն ձիւնի պէս բորոտ դուրս ելաւ։