Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 9

Եղիսէ մարգարէն մարգարէներու որդիներէն մէկը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Գօտիդ մէջքդ կապէ՛ ու այս իւղին շիշը ձեռքդ ա՛ռ եւ Ռամովթ-Գաղաադ գնա՛։
2 Երբ հոն երթաս՝ Նամեսսեան Յովսափատին որդին Յէուն գտիր ու մտնելով՝ զանիկա իր եղբայրներուն մէջէն ա՛ռ եւ ներքին սենեակ մը տար
3 Ու իւղին շիշը ա՛ռ եւ անոր գլխուն վրայ թափէ՛ ու ըսէ՛. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի»’ ու դուռը բա՛ց ու փախիր, մի՛ ուշանար»։
4 Այն պատանին, նորահասակ մարգարէն, Ռամովթ-Գաղաադ մնաց։
5 Երբ հոն հասաւ, տեսաւ զօրքերու իշխանները, որոնք նստեր էին։ Անիկա ըսաւ- «Ո՛վ իշխան, քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Յէու ըսաւ. «Մեզմէ որո՞ւ»։ Անիկա ըսաւ. «Քեզի՛, ո՛վ իշխան»։
6 Յէու ելաւ, ներս մտաւ ու անիկա իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Տէրոջը ժողովուրդին, Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի.
7 Քու տիրոջդ Աքաաբին տունը պիտի զարնես, որպէս զի իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ արիւնին ու Տէրոջը բոլոր ծառաներուն արիւնին վրէժը առնեմ Յեզաբէլէն։
8 Աքաաբին բոլոր տունը բնաջինջ պիտի ըլլայ եւ Աքաաբին բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջի գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։
9 Աքաաբին տունը Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ։
10 Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն ու զանիկա թաղող պիտի չըլլայ’»։ Ետքը դուռը բացաւ ու փախաւ։
11 Յէու իր տիրոջը ծառաներուն ելաւ, որոնք ըսին. «Ողջութի՞ւն է. այդ անմիտը ինչո՞ւ քեզի եկաւ»։ Յէու անոնց ըսաւ. «Դուք այն մարդն ու անոր խօսքերը գիտէք»։
12 Անոնք ըսին. «Շիտակ չէ, պատմէ մեզի հիմա»։ Ան ալ ըսաւ. «Անիկա ինծի այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի»’։
13 Այն ատեն շուտով ամէն մարդ իր հանդերձը առաւ ու սանդուխին գլխուն վրայ անոր տակ դրին ու փող հնչեցնելով ըսին. «Յէու թագաւոր եղաւ»։
14 Այսպէս՝ Նամեսսեան Յովսափատին որդին Յէու Յովրամին դէմ գլուխ վերցուց։ (Իսկ Յովրամ բոլոր Իսրայէլին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին դէմ Ռամովթ-Գաղաադը կը պահպանէր.
15 Սակայն Յովրամ թագաւորը Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը Ասորիներուն տուած վէրքերէն առողջանալու համար Յեզրայէլ դարձեր էր։) Յէու ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, մի՛ թողուք, որ փախստական մը այս քաղաքէն դուրս ելլէ ու երթայ այս բանը Յեզրայէլի մէջ պատմէ»։
16 Յէու իր կառքը նստաւ Յեզրայէլ գնաց, քանզի Յովրամ հոն պառկած էր։ Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը Յովրամը տեսնելու իջեր էր։
17 Յեզրայէլի մէջ աշտարակին վրայ դէտ մը կայներ էր, որ Յէուին գունդին գալը տեսնելով՝ ըսաւ. «Ես գունդ մը կը տեսնեմ»։ Յովրամ ըսաւ. «Ձիաւոր մը անոնց դէմ ղրկէ ու թող ըսէ՝ ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։
18 Ձիաւորը զանիկա դիմաւորելու գնաց ու ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Յէու ըսաւ. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետի՛ս անցիր»։ Դէտը պատմեց ու ըսաւ. «Պատգամաւորը մինչեւ անոնց քով գնաց, բայց չդարձաւ»։
19 Ուրիշ ձիաւոր մը ղրկեց։ Անիկա ալ անոնց գնաց ու ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Յէու ըսաւ. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետի՛ս անցիր»։
20 Ու դէտը պատմեց ու ըսաւ. «Մինչեւ անոնց քով գնաց ու չդարձաւ, բայց այս ընթացքը Նամեսսեան Յէուին ընթացքին կը նմանի, քանզի կատաղաբար կը քշէ»։
21 Այն ատեն Յովրամ ըսաւ. «Կառքը պատրաստէ՛»։ Անոր կառքը պատրաստեցին։ Իսրայէլի թագաւորը Յովրամ ու Յուդայի թագաւորը Ոքոզիա, ամէն մէկը իր կառքովը Յէուն դիմաւորելու ելան ու զանիկա Յեզրայելացի Նաբովթին ագարակին մէջ գտան։
22 Յովրամ Յէուն տեսնելուն պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յէու, խաղաղութի՞ւն է»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան»։
23 Յովրամ ձեռքերը դարձուց ու փախաւ ու Ոքոզիային ըսաւ. «Ո՛վ Ոքոզիա, դաւաճանութիւն կայ»։
24 Յէու իր աղեղը ուժով քաշեց՝ ՝ ու Յովրամը ուսերուն մէջտեղէն զարկաւ։ Նետը անոր սրտէն ելաւ ու անիկա իր կառքին մէջ կծկուեցաւ։
25 Յէու իր զօրագլուխին Բադեկարին ըսաւ. «Ասիկա վերցո՛ւր, Յեզրայելացի Նաբովթին կալուածին մէջ նետէ. քանզի միտքդ բեր թէ՝ երբ ես ու դուն անոր հօրը Աքաաբին ետեւէն ձիերու վրայ հեծած՝ քովէ քով կ’երթայինք, Տէրը անոր դէմ այս վճիռը տուաւ։
26 ‘Թէ իրաւցընէ երէկ Նաբովթի արիւնն ու անոր որդիներուն արիւնը տեսայ ու քեզի այս ագարակին մէջ պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար հիմա վերցո՛ւր զանիկա, այս ագարակին մէջ նետէ՛, Տէրոջը ըսածին պէս»։
27 Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը այս բանը տեսնելով՝ պարտէզի տանը ճամբայէն փախաւ։ Յէու անոր ետեւէն իյնալով՝ ըսաւ. «Ասիկա ալ կառքին վրայ զարկէք»։ Այս եղաւ Յեբղաամի քով եղող Գուր բլուրին վրայ։ Ան Մակեդդով փախաւ ու հոն մեռաւ։
28 Անոր ծառաները զանիկա կառքով Երուսաղէմ տարին ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը իր գերեզմանին մէջ իր հայրերուն հետ թաղեցին։
29 Եւ Ոքոզիա Աքաաբի որդիին Յովրամին տասնըմէկերորդ տարին Յուդայի վրայ թագաւոր եղեր էր։
30 Յէու Յեզրայէլ եկաւ ու երբ Յեզաբէլ լսեց՝ իր աչքերուն ծարոյր դրաւ եւ իր գլուխը զարդարեց ու պատուհանէն նայեցաւ։
31 Երբ Յէու դռնէն ներս կը մտնէր, անիկա ըսաւ. «Միթէ իր տէրը մեռցնող Զամբրի յաջողութի՞ւն գտաւ»։
32 Յէու իր երեսը դէպի պատուհանը վերցուց ու ըսաւ. «Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ»։ Երկու երեք ներքինիներ իրեն նայեցան։
33 Այն ատեն ըսաւ. «Զանիկա վա՛ր նետեցէք»։ Զանիկա վար նետեցին։ Անոր արիւնէն պատին ու ձիերուն վրայ ցատկեց ու անոնք կոխկռտեցին զանիկա։
34 Ան ներս մտաւ ու կերաւ խմեց ու ըսաւ. «Հիմա այս անիծուած կնոջ հո՛գ տարէք ու զանիկա թաղեցէ՛ք, քանզի թագաւորի աղջիկ է»։
35 Զանիկա թաղելու գացին. բայց անոր գանկէն ու ոտքերէն ու ձեռքերուն թաթերէն զատ ուրիշ բան մը չգտան։
36 Եւ դարձան Յէուին պատմեցին։ Ան ըսաւ. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ իր ծառային Թեզբացի Եղիային միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Յեզաբէլին մարմինը Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները պիտի ուտեն
37 Ու Յեզաբէլի դիակը Յեզրայէլի ագարակին մէջ՝ արտի երեսի վրայ եղող աղբի պէս պիտի ըլլայ, այնպէս որ չըսուի թէ «Ասիկա Յեզաբէլն է»’»։