Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 18
Իսրայէլի թագաւորին, Էլային որդիին Ովսէէին երկրորդ տարին Յուդայի Աքազ թագաւորին որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։
2 Քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր ու Զաքարիային աղջիկն էր։
3 Իր հօրը Դաւիթին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։
4 Ասիկա բարձր տեղերը վերցուց ու արձանները կոտրտեց եւ Աստարովթի կուռքերը կոտրտեց եւ Մովսէսին շինած պղնձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ, (քանզի մինչեւ այն օրերը Իսրայէլի որդիները անոր խունկ կը ծխէին,) ու զանիկա Նէեսթան կոչեց։
5 Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ եւ անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ։
6 Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց։
7 Ուստի Տէրը անոր հետ էր եւ ուր որ երթար յաջողութիւն կը գտնէր։ Ասորեստանի թագաւորէն ապստամբեցաւ ու անոր ծառայութիւն չըրաւ։
8 Անիկա Փղշտացիները զարկաւ մինչեւ Գազա ու անոր սահմանները՝ պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը։
9 Եզեկիա թագաւորին չորրորդ տարին, որ Իսրայէլի թագաւորին՝ Էլայի որդիին Ովսէէին՝ եօթներորդ տարին էր, Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը Սամարիայի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա պաշարեց։
10 Երեք տարիէն զանիկա առաւ։ Սամարիա Եզեկիայի վեցերորդ տարին (այսինքն Իսրայէլի թագաւորին Ովսէէին իններորդ տարին) առնուեցաւ։
11 Ասորեստանի թագաւորը Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով, Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց,
12 Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ականջ չդրին ու անոր ուխտը չպահեցին եւ Տէրոջը ծառային Մովսէսին ամէն պատուիրածներուն մտիկ չըրին ու չգործադրեցին։
13 Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։
14 Յուդայի Եզեկիա թագաւորը Լաքիս մարդ ղրկեց Ասորեստանի թագաւորին՝ ըսելով. «Մեղա՜յ, նահանջէ՛, բայց ինչ որ հարկ դնես՝ կը հատուցանեմ»։ Ասորեստանի թագաւորը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին վրայ երեք հարիւր տաղանդ արծաթ ու երեսուն տաղանդ ոսկի հարկ դրաւ։
15 Եզեկիա Տէրոջը տանը մէջ գտնուած բոլոր արծաթը տուաւ։
16 Այն ատեն Եզեկիա Տէրոջը տաճարին դռներուն ու դրանդիքներուն վրայի ոսկին քակեց, որ ինք՝ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը՝ զանոնք պատեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ։
17 Ասորեստանի թագաւորը Տարաթանը, Ռաբսարիսն ու Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէն Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին. անոնք Երուսաղէմ եկան ու հոն հասնելով՝ Թափիչին ագարակին ճամբան եղող վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կեցան
18 Ու թագաւորը կանչեցին եւ Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաքը անոնց եկան։
19 Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէ՛ք, Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ է այդ յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս.
20 Դուն ըսիր, Պատերազմի համար խորհուրդ ու զօրութիւն ունիմ. բայց շրթունքի խօսքեր են։ Հիմա որո՞ւ ապաւինելով ինծմէ ապստամբեցար։
21 Ահա դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին ապաւինեցար, որու եթէ մարդ մը կռթնի, ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսի փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է’։
22 Բայց եթէ ինծի ըսէք թէ «Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք», ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. «Միայն այս սեղանին առջեւ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն ըրէք»։
23 Ու հիմա իմ տիրոջս, Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ՝ ՝ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես։
24 Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։
25 Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. «Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւերէ՛»։
26 Քեղկիայի որդին Եղիակիմը եւ Սեբնան ու Յովաքը Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսէ, քանզի մենք կը հասկնանք ու մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ»։
27 Բայց Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը խօսելու համար իմ տէրս զիս քու տիրոջդ ու քեզի՞ միայն ղրկեց. չէ՞ որ այս մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին, ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու դատապարտուած են»։
28 Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով Եբրայեցերէն աղաղակեց ու խօսեցաւ՝ ըսելով. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքը մտիկ ըրէք.
29 Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ անոր ձեռքէն՝ ՝ ազատել։
30 Եզեկիա թող ձեզ չվստահեցնէ, ըսելով. ‘Եհովան անշուշտ մեզ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։
31 Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի եկէ՛ք եւ ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն պիտի ուտէ եւ ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն պիտի խմէ
32 Մինչեւ որ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր մը տանիմ, որպէս զի ապրիք ու չմեռնիք։ Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի ձեզ գլխէ կը հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։
33 Միթէ ազգերու աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ իրենց երկիրը կրցա՞ն ազատել։
34 Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին, Անային ու Աւային աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։
35 Երկիրներուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովա Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ՛»։
36 Բայց ժողովուրդը լուռ կեցաւ եւ անոր պատասխան մը չտուաւ, քանզի թագաւորը հրաման ըրեր էր՝ ըսելով. «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։
37 Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափի որդին Յովաքը հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր յայտնեցին։