Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 10

Աքաաբ Սամարիայի մէջ եօթանասուն որդի ունէր։ Յէու նամակ մը գրեց եւ Սամարիա ղրկեց Յեզրայէլի իշխաններուն ու ծերերուն եւ Աքաաբի որդիներուն հոգաբարձուներուն ու ըսաւ.
2 «Երբ այս նամակը ձեզի հասնի, ահա ձեր տիրոջ որդիները ձեր քով են ու կառքեր ու ձիեր եւ պարսպապատ քաղաք ու զէնքեր ալ ունիք,
3 Ուրեմն ձեր տիրոջ որդիներէն ո՛րը որ աղէկ ու յարմար կը դատէք՝ զանիկա իր հօրը աթոռին վրայ նստեցուցէ՛ք ու ձեր տիրոջ տանը համար պատերազմ ըրէ՛ք»։
4 Անոնք խիստ շատ վախցան ու ըսին. «Ահա երկու թագաւորներ չկրցան անոր առջեւ կենալ, մենք ի՞նչպէս պիտի կենանք»։
5 Եւ պալատին հազարապետն ու քաղաքապետը ու ծերերը եւ հոգաբարձուները Յէուին մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք ու մեզի ինչ որ հրամայես՝ պիտի ընենք. բնաւ մէկը թագաւոր պիտի չդնենք։ Քու աչքերուդ աղէկ երեւցածը ըրէ»։
6 Յէու անոնց նորէն նամակ գրեց՝ ըսելով. «Եթէ դուք ինծի հետ էք ու իմ խօսքիս մտիկ կ’ընէք, ձեր տիրոջ որդիներուն գլուխները առէ՛ք ու վաղը այս ատեն Յեզրայէլ եկէք»։ Թագաւորին որդիները եօթանասուն հոգի էին ու զիրենք մեծցնող քաղաքի մեծերուն քովն էին։
7 Նամակը անոնց հասածին պէս՝ թագաւորին որդիները բռնեցին ու եօթանասունն ալ մորթեցին եւ անոնց գլուխները կողովներու մէջ դրին եւ ղրկեցին Յեզրայէլ։
8 Երբ լրաբեր մը եկաւ ու անոր պատմեց՝ ըսելով. «Թագաւորին որդիներուն գլուխները բերին», անիկա ըսաւ. «Զանոնք մինչեւ առտու դրանը քով դրէք երկու դէզ ընելով»։
9 Առտուն դուրս ելաւ կայնեցաւ եւ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք արդար էք. ահա ես իմ տիրոջս դէմ գլուխ վերցուցի ու զանիկա մեռցուցի, բայց ասոնք ո՞վ մեռցուց։
10 Հիմա գիտցէք թէ Տէրոջը խօսքէն բնաւ բան մը գետինը պիտի չիյնայ, որ Տէրը Աքաաբին տանը համար խօսեցաւ ու Տէրը իր ծառային Եղիային միջոցով ըսածը ըրաւ»։
11 Յէու Յեզրայէլի մէջ Աքաաբին տունէն բոլոր մնացածներն ու անոր բոլոր մեծ նախարարները եւ մտերիմ բարեկամներն ու քուրմերը մեռցուց, այնպէս որ մնացորդ մը չթողուց։
12 Անկէ ետքը ելաւ Սամարիա գնաց ու ճամբուն վրայ հովիւներու Բեթակադին հասնելով.
13 Յէու Յուդայի Ոքոզիա թագաւորին եղբայրները գտաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք»։ Անոնք ըսին. «Ոքոզիային եղբայրներն ենք։ Թագաւորին որդիներն ու թագուհիին որդիները ողջունելու իջանք»։
14 Այն ատեն ան ըսաւ. «Ասոնք ողջ բռնեցէք»։ Զանոնք ողջ բռնեցին եւ Բեթակադի ջրհորին քով մեռցուցին զանոնք։ Քառասունըերկու հոգի էին ու անոնցմէ մէկը ողջ չթողուց։
15 Անկէ գնաց ու Ռեքաբին որդին Յովնադաբը գտաւ։ Անոր բարեւ տուաւ ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ սիրտս քու սրտիդ հետ ուղիղ է, արդեօք քու սիրտդ ալ այնպէս ուղի՞ղ է» Յովնադաբ ըսաւ. «Այո՛»։ «Ուրեմն ձեռքդ տուր»։ Անիկա ձեռքը տուաւ։ Զանիկա կառքին մէջ իր քով առաւ
16 Եւ ըսաւ. «Ինծի հետ եկո՛ւր ու Տէրոջը համար ունեցած նախանձաւորութիւնս տես»։ Այսպէս անոր կառքը հեծցուցին զանիկա։
17 Սամարիա գնաց ու Սամարիայի մէջ Աքաաբէն բոլոր մնացածները զարկաւ, մինչեւ որ զանիկա բնաջինջ ըրաւ՝ այն խօսքին համեմատ, որ Տէրը Եղիային խօսեր էր։
18 Յէու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու անոնց ըսաւ. «Աքաաբ Բահաղին քիչ ծառայութիւն ըրաւ, Յէու անոր շատ ծառայութիւն պիտի ընէ,
19 Ուստի Բահաղին բոլոր մարգարէները, բոլոր ծառաներն ու բոլոր քուրմերը ինծի կանչեցէ՛ք։ Մա՛րդ մը պակաս չըլլայ, քանզի Բահաղին մեծ զոհ պիտի ընեմ՝ ՝։ Հոն չգտնուողը պիտի չապրի»։ Ասիկա Յէու խաբէութեամբ ըրաւ, որպէս զի Բահաղին ծառայութիւն ընողները բնաջինջ ընէ։
20 Յէու ըսաւ. «Բահաղին համար տօնախմբութիւն մը սահմանեցէք»։ Ծանուցում ըրին։
21 Յէու բոլոր Իսրայէլին պատգամաւորներ ղրկեց ու Բահաղին բոլոր ծառայութիւնը ընողները եկան, այնպէս որ բացակայ մարդ չմնաց։ Բահաղին տունը ծայրէ ծայր լեցուեցաւ։
22 Այն ատեն հանդերձապետին ըսաւ. «Բահաղին բոլոր ծառայութիւն ընողներուն պատմուճանները հանէ»։ Անոնց պատմուճանները հանեց։
23 Յէու Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին հետ Բահաղին տունը մտաւ ու Բահաղին ծառայութիւն ընողներուն ըսաւ. «Փնտռեցէ՛ք նայեցէ՛ք, պէտք չէ որ ձեզի հետ Եհովային ծառաներէն մարդ գտնուի, այլ միայն Բահաղին ծառայութիւն ընողները»։
24 Զոհեր ու ողջակէզներ ընելու մտան։ Յէու իրեն համար դուրսը ութսուն մարդ կեցուց ու անոնց ըսաւ. «Ով որ ձեռքը տուած մարդոցմէս մէկը ազատէ, իր անձը անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ»։
25 Երբ ողջակէզը լմնցուց, Յէու սուրհանդակներուն ու զօրապետներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, ասոնք մեռցուցէ՛ք. մարդ մը դուրս պէտք չէ ելլէ»։ Զանոնք սուրէ անցուցին։ Սուրհանդակներն ու զօրապետները զանոնք նետեցին ու ետքը Բահաղին տանը քաղաքը մտան։
26 Եւ Բահաղին տանը արձանները հանեցին ու զանոնք կրակով այրեցին։
27 Բահաղին արձանը կործանեցին ու Բահաղին տունը փլցուցին ու զանիկա արտաքնոց ըրին մինչեւ այսօր։
28 Այսպէս Յէու Իսրայէլէն բնաջինջ ըրաւ Բահաղը։
29 Սակայն Յէու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն, այսինքն Բեթէլի ու Դանի մէջ եղող ոսկիէ հորթերէն ետ չկեցաւ։
30 Եւ Տէրը Յէուին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն իմ աչքերուս առջեւ ուղիղ եղածը գործադրեցիր ու Աքաաբի տանը բոլոր իմ սրտիս մէջ եղածին համեմատ ըրիր, քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը Իսրայէլի աթոռին վրայ պիտի նստին»։
31 Բայց Յէու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն օրէնքին մէջ բոլոր սրտով քալելու զգուշութիւն չըրաւ ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։
32 Այն օրերը Տէրը սկսաւ Իսրայէլը կոտորել։ Ազայէլ Իսրայելացիներու բոլոր սահմաններուն մէջ զանոնք զարկաւ՝
33 Յորդանանէն դէպի արեւելք բոլոր Գաղաադի երկիրը, այսինքն Գադեանները, Ռուբենեաններն ու Մանասեանները՝ Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ ու Բասան։
34 Յէուի մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածը ու բոլոր զօրութիւնը, Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
35 Յէու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին։ Անոր որդին Յովաքազը անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
36 Յէու Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։