Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 6

Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսին երկրէն ելլելուն չորս հարիւր ութսուներորդ տարին ու Սողոմոնին Իսրայէլի վրայ թագաւորելուն չորրորդ տարին, Զիու ամսուան, այսինքն երկրորդ ամսուան մէջ Տէրոջը տունը սկսաւ շինել՝ ՝։
2 Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը համար շինած տանը երկայնութիւնը՝ վաթսուն կանգուն, լայնութիւնը՝ քսան ու բարձրութիւնը երեսուն կանգուն էր։
3 Տանը ատեանին առջեւի գաւիթը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէր, որ տանը լայնութեանը չափ էր ու անոր լայնութիւնը տանը առջեւէն տասը կանգուն էր։
4 Տանը վանդակապատ պատուհաններ շինեց։
5 Տանը պատին բոլորտիքը պատին կցուած դստիկոններ շինեց՝ թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ դաբիրին բոլորտիքը եւ այսպէս շուրջանակի սենեակներ շինեց։
6 Վարի կարգին լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու միջին կարգին լայնութիւնը՝ վեց կանգուն ու երրորդին լայնութիւնը եօթը կանգուն էր. քանզի դուրսէն տանը բոլորտիքը միջոցներ ձգեց գերանները հեծցնելու համար, որպէս զի տանը պատին մէջ չմտնեն։
7 Երբ տունը կը շինուէր, քարահանքին մէջ պատրաստուած քարերով կը շինուէր, այնպէս որ անոր շինուած ատենը մուրճի կամ տապարի եւ կամ ուրիշ երկաթէ գործիքի մը ձայն չէր լսուեր տանը մէջ։
8 Միջին կարգին դուռը տանը աջ կողմն էր ու շրջանակաւոր սանդուխներով՝ միջին կարգը ու միջին կարգէն երրորդ կարգը կ’ելլէին։
9 Տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց։ Տանը ձեղունը եղեւնափայտի տախտակներով դրուագազարդ շինեց։
10 Բոլոր տանը վրայ սենեակներուն կարգը՝ ՝ հինգ կանգուն բարձրութեամբ շինեց, որ եղեւնափայտերով տանը կցուած էր։
11 Տէրոջը խօսքը Սողոմոնին եղաւ՝ ըսելով.
12 «Հիմա որ դուն այս տունը կը շինես, եթէ իմ կանոններովս քալես ու իմ օրէնքներս գործադրես ու իմ բոլոր պատուիրանքներս պահես՝ անոնց մէջ քալելով, այն ատեն քու վրադ պիտի հաստատեմ այն խօսքը, որ քու հօրդ Դաւիթին խօսեր եմ։
13 Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի չթողում»։
14 Սողոմոն տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց։
15 Տանը պատերը ներսիդիէն, յատակէն մինչեւ պատերուն վերին ծայրը, եղեւնափայտի տախտակներով շինեց. այսպէս ներսիդին փայտով ծածկեց ու տանը յատակը մայրիի փայտի տախտակներով պատեց։
16 Տանը ետեւի կողմին քսան կանգունը՝ յատակէն մինչեւ պատին ծայրը՝ եղեւնափայտի տախտակներով շինեց ու այն ներսի միջոցը դաբիրին՝ այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին համար՝ շինեց։
17 Բայց տունը այսինքն առջեւի տաճարը քառասուն կանգուն էր։
18 Տանը մէջ եղող եղեւնափայտերուն վրայ գնդակներ ու բացուած ծաղիկներ քանդակուած էին։ Ամէնքը եղեւնափայտէ ըլլալով՝ ամենեւին քար մը չէր երեւնար։
19 Դաբիրը ներքին տանը մէջ պատրաստեց, որպէս զի հոն Տէրոջը ուխտին տապանակը դնէ։
20 Դաբիրին երեսը քսան կանգուն երկայն էր եւ անոր լայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը՝ քսան կանգուն էր։ Զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։ Եղեւնափայտէ սեղանն ալ ոսկիով պատեց։
21 Ուստի Սողոմոն տանը ներսի կողմը մաքուր ոսկիով պատեց ու դաբիրին առջեւ ոսկի շղթաներով վարագոյր մը անցուց ու զանիկա ալ ոսկիով պատեց։
22 Բոլոր տունը ոսկիով պատեց առանց տեղ մը ձգելու եւ դաբիրին քովի բոլոր սեղանն ալ ոսկիով պատեց։
23 Դաբիրին մէջ իւղալի փայտէ երկու քերովբէներ շինեց, որոնց երկայնութիւնը տասը կանգուն էր։
24 Քերովբէին մէկ թեւը հինգ կանգուն էր։ Մէկ թեւին ծայրէն մինչեւ միւս թեւին ծայրը տասը կանգուն էր։
25 Միւս քերովբէն ալ տասը կանգուն էր։ Երկու քերովբէներուն չափը ու ձեւը նոյնն էր։
26 Մէկ քերովբէին բարձրութիւնը տասը կանգուն էր ու միւս քերովբէինն ալ նոյնչափ էր։
27 Քերովբէները ներքին տանը մէջ դրաւ։ Քերովբէները իրենց թեւերը կ’երկնցնէին. մէկուն թեւը մէկ պատին կը դպչէր ու միւս քերովբէին թեւը միւս պատին կը դպչէր։ Անոնց միւս թեւերը տանը մէջտեղը թեւ թեւի կը դպչէին։
28 Քերովբէները ոսկիով պատեց։
29 Տանը բոլոր պատերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ քանդակաձեւ փորագրեց, թէ՛ ներսի կողմը եւ թէ՛ դուրսի կողմը։
30 Տանը ներսի ու դուրսի յատակն ալ ոսկիով պատեց։
31 Դաբիրին դրանը իւղալի փայտէ փեղկեր շինեց, որոնք դրանդիքներով մէկտեղ պատին հինգերորդ մասն էին։
32 Իւղալի փայտէ շինուած երկու փեղկերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ փորագրեց եւ զանոնք ոսկիով պատեց, քերովբէներուն ու արմաւենիներուն վրայ ալ ոսկի տարածելով։
33 Նոյնպէս ալ տաճարին դրանը ըրաւ, իւղալի փայտէ դրանդիքներ շինեց, որոնք պատին մէջ չորրորդ մասն էին։
34 Դրանը երկու փեղկերը մայրիի փայտէ էին. մէկ փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր ու միւս փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր։
35 Անոնց վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ փորագրեց եւ դրուագներուն վրայ յարմարցուած ոսկիով պատեց։
36 Ու ներքին գաւիթը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինեց։
37 Տէրոջը տանը հիմը չորրորդ տարուան Զիու ամսուան մէջ դրուեցաւ
38 Ու տասնըմէկերորդ տարին Բուլ ամսուն, այսինքն ութերորդ ամսուան մէջ, տունը իրեն վերաբերեալ ամէն բաներովը լմնցաւ։ Այսպէս եօթը տարուան մէջ շինեց զանիկա։