Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 12

Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։
2 Նաբատեան Յերոբովամ, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, դեռ Եգիպտոսի մէջ էր, երբ այս բանը լսեց։
3 Մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին։ Յերոբովամ եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին.
4 «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ։ Դուն հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր ու քեզի ծառայութիւն ընենք»։
5 Անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ու երեք օր ետքը ինծի դարձէ՛ք»։ Ժողովուրդը գնաց։
6 Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կայնէին, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։
7 Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս ու անոնց ծառայութիւն ընես եւ անոնց բարի խօսքեր ըսելով պատասխան տաս, այն ատեն անոնք քեզի միշտ ծառայ կ’ըլլան»։
8 Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց
9 Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ, քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։
10 Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «‘Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցուր’ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսի՛ր ու անոնց այսպէս ըսէ՛. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։
11 Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։
12 Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ ‘Երրորդ օրը ինծի եկէք’։
13 Ու թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխան տուաւ եւ ծերերուն իրեն տուած խրատը մերժելով,
14 Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։
15 Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը հաստատէ։
16 Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ թէ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, ձեր վրանները դարձէք։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Իսրայելացիները իրենց վրանները գացին։
17 Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։
18 Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, բոլոր Իսրայէլ զանիկա քարերով քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։
19 Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տանը դէմ ապստամբեցաւ։
20 Բոլոր Իսրայէլ Յերոբովամին դառնալը լսելով՝ մարդ ղրկեցին ու զանիկա ժողովի կանչեցին եւ զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրին ու Յուդայի ցեղէն զատ Դաւիթին տանը ուրիշ հետեւող մը չկար։
21 Ռոբովամ Երուսաղէմ մտաւ ու բոլոր Յուդայի տունէն ու Բենիամինի ցեղէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որ Իսրայէլի տանը հետ պատերազմին ու թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդիին Ռոբովամին դարձնեն։
22 Բայց Աստուած խօսեցաւ Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ ըսելով.
23 «Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու բոլոր Յուդայի տանը ու Բենիամինին եւ մնացորդ ժողովուրդին խօսիր ու ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
24 ‘Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան։
25 Յերոբովամ Եփրեմին լերանը վրայ Սիւքէմը շինեց ու հոն բնակեցաւ։ Անկէ ելաւ, Փանուէլը շինեց։
26 Յերոբովամ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթին տանը պիտի դառնայ։
27 Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տիրոջը՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին՝ պիտի դառնայ եւ զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան»։
28 Թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու երկու հատ ոսկիէ հորթ շինեց ու անոնց ըսաւ. «Ասկէ յետոյ Երուսաղէմ պէտք չէ ելլէք՝ ՝, ո՛վ Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ՝ որոնք քեզ Եգիպտոսէն հանեցին»։
29 Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։
30 Այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընելու համար։
31 Բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին։
32 Ու Յերոբովամ ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս սահմանեց ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ ու իր շինած հորթերուն զոհեր մատուցանեց եւ բարձր տեղերուն համար նշանակած քուրմերը Բեթէլի մէջ դրաւ։
33 Ու իր մտքէն հնարած ամսուան մէջ, այսինքն ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ իր շինած սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն տօն սահմանեց։ Սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց՝ ՝։