Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 19
Աքաաբ Եղիային բոլոր ըրածները ու բոլոր մարգարէները սրով մեռցնելը Յեզաբէլին պատմեց։
2 Յեզաբէլ պատգամաւոր մը ղրկեց Եղիային՝ ըսելով. «Աստուածները այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն ինծի, եթէ վաղը այս ատեն քու անձդ անոնց մէկուն անձին տեղ չդնեմ»։
3 Եղիան այս բանը տեսնելով՝ ՝ ելաւ իր անձին ազատութեանը համար գնաց եւ Յուդայի Բերսաբէէն մտաւ ու իր մանչը հոն ձգեց։
4 Ինք անապատին մէջ մէկ օրուան ճամբայ գնաց ու գիհիի մը տակ նստաւ եւ սրտանց մեռնիլ ուզեց ու ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս, քանզի ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։
5 Գիհիին տակ պառկեցաւ քնացաւ։ Ահա հրեշտակ մը անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։
6 Եղիա նայեցաւ եւ ահա գլխուն քով մոխիրի տակ եփուած շօթ՝ ՝ մը ու մէկ կուժ ջուր կար։ Կերաւ խմեց ու նորէն պառկեցաւ։
7 Տէրոջը հրեշտակը դարձաւ երկրորդ անգամ անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կե՛ր, քանզի քու երթալու ճամբադ՝ ՝ երկար է։
8 Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց։ Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ։
9 Հոն քարայրը մտաւ ու գիշերը հոն մնաց։ Եւ ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։
10 Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ ու իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։
11 Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու լեռը Տէրոջը առջեւ կայնէ»։ Ահա Տէրը կ’անցնէր ու Տէրոջը առջեւէն լեռները քակող ու ապառաժները կոտրտող մեծ ու սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։
12 Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր։
13 Ու Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց ու ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։
14 Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն մը ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։
15 Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, քու ճամբադ դարձիր եւ Դամասկոսի ճամբայէն երթալով՝ Ազայէլը Ասորիներուն վրայ թագաւոր օծէ՛
16 Եւ Նամեսսիի որդին Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծէ՛ ու Աբէլմաուլայէ եղող Սափատին որդին Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ օծէ՛։
17 Եւ ով որ Ազայէլի սուրէն ազատի, Յէուն պիտի մեռցնէ զանիկա ու ով որ Յէուին սուրէն ազատի, Եղիսէն պիտի մեռցնէ զանիկա.
18 Բայց ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ պահեցի, այսինքն բոլոր անոնք, որ Բահաղին առջեւ ծունկ կրկնած չեն ու զանիկա բերնով պագած չեն»։
19 Անկէ գնաց ու Սափատին որդին Եղիսէն գտաւ, որ արտ կը վարէր՝ իր առջեւ տասներկու զոյգ եզներ ունենալով։ Ինք տասներկրորդին հետ էր։ Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։
20 Այն ատեն Եղիսէ եզները թողուց ու Եղիային ետեւէն վազեց ու ըսաւ. «Հրաման տուր, որ երթամ հայրս ու մայրս համբուրեմ ու քու ետեւէդ գամ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Գնա՛, ե՛տ դարձիր, քանզի ես քեզի ի՞նչ ըրի»։
21 Եղիսէն անոր քովէն դարձաւ ու եզներուն մէկ զոյգը բռնեց մորթեց ու եզներուն գործիքներովը անոնց միսը եփեց եւ ժողովուրդին տուաւ, որ ուտեն եւ ինք Եղիային ետեւէն գնաց ու անոր ծառայութիւն կ’ընէր։