Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 5

Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը իր ծառաները Սողոմոնին ղրկեց քանզի լսեր էր թէ անոր հօրը տեղ զինք թագաւոր օծեր են. վասն զի Քիրամ Դաւիթը շատ կը սիրէր։
2 Սողոմոնն ալ Քիրամին մարդ ղրկեց ու ըսաւ.
3 «Դուն գիտես թէ իմ հայրս Դաւիթ չկրցաւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը տուն շինել, այն պատերազմներուն պատճառով, որոնք անոր բոլորտիքը պատեր էին, մինչեւ որ Տէրը զանոնք անոր ոտքերուն թաթերուն տակ դրաւ։
4 Բայց հիմա իմ Տէր Աստուածս ամէն կողմանէ ինծի հանգստութիւն տուաւ, թշնամի չկայ ու ձախորդ պատահար մը չկայ։
5 Ահա ես կ’ուզեմ, որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն մը շինեմ, ինչպէս Տէրը իմ հօրս Դաւիթին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Քու որդիդ, որ քու տեղդ քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ, անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ’։
6 Հիմա հրաման ըրէ՛, որ ինծի համար Լիբանանէն եղեւիններ կտրեն ու իմ ծառաներս քու ծառաներուդ թող միանան։ Քու ձեռքերուդ վարձքը քու որոշածիդ չափ քեզի կու տամ, քանզի դուն գիտես թէ մեր մէջ Սիդոնացիներուն պէս փայտ կտրող վարպետ մը չկայ»։
7 Երբ Քիրամ Սողոմոնին խօսքերը լսեց՝ շատ ուրախացաւ ու ըսաւ. «Այս մեծ ժողովուրդին վրայ Դաւիթին իմաստուն որդի տուող Տէրը այսօր օրհնեալ ըլլայ»։
8 Քիրամ Սողոմոնին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Ինծի ղրկած խօսքդ լսեցի։ Ես եղեւնափայտի ու մայրիի փայտի համար քու ամէն կամքդ պիտի կատարեմ։
9 Իմ ծառաներս Լիբանանէն ծովը պիտի իջեցնեն ու ես զանոնք լաստեր շինելով մինչեւ ինծի ցուցուցած տեղդ ծովէն պիտի բերեմ եւ հոն զանոնք պիտի քակեմ ու դուն պիտի վերցնես, իսկ դուն ալ իմ տանս պաշար տալով՝ իմ կամքս պիտի կատարես»։
10 Քիրամ Սողոմոնին ուզածին չափ եղեւնափայտ ու մայրիի փայտ տուաւ։
11 Սողոմոն Քիրամին տանը համար քսան հազար քոռ ցորեն ու երկու հարիւր մար մաքուր իւղ՝ ՝ տուաւ։ Սողոմոն Քիրամին տարուէ տարի այսպէս տուաւ։
12 Եւ Տէրը Սողոմոնին իմաստութիւն տուաւ, ինչպէս անոր խոստացեր էր։ Քիրամին ու Սողոմոնին մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ ու երկուքը դաշինք կնքեցին։
13 Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլէն մարդ հաւաքեց։ Հաւաքուեցաւ երեսուն հազար մարդ։
14 Զանոնք յաջորդաբար՝ ամիսը տասնական հազար հոգի Լիբանան ղրկեց, որոնք մէկ ամիս Լիբանան կեցան ու երկու ամիս՝ իրենց տունը։ Ադոնիրամ այս հարկահաւաքին վրայ էր։
15 Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր եւ ութսուն հազար փայտ կտրող ունէր,
16 Բացի Սողոմոնի երեք հազար երեք հարիւր գլխաւոր գործակալներէն, որոնք գործը բանող ժողովուրդին վրայ կը հսկէին։
17 Թագաւորը հրամայեց որ մեծ ու պատուական քարեր կտրեն, որպէս զի տանը հիմը տաշուած քարերով դնեն։
18 Սողոմոնին վարպետները ու Քիրամին վարպետները եւ Գեբաղացիները փայտերն ու քարերը տաշեցին ու պատրաստեցին՝ տանը շինութեանը համար։