Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 9
Բենիամինին որդիներէն Կիս անունով մարդ մը կար։ Անիկա Բենիամինեան Աբիային որդիին Բեքովրաթին որդիին Սերօրին որդիին Աբիէլին որդին էր։
2 Կիս ալ որդի մը ունէր, որուն անունը Սաւուղ էր։ Անիկա կտրիճ ու գեղեցիկ էր ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ անկէ գեղեցիկ մարդ չկար եւ բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսէն վեր՝ երկայն էր։
3 Սաւուղին հօրը Կիսին էշերը կորսուեցան ու Կիս իր որդիին Սաւուղին ըսաւ. «Մանչերէն մէկը քեզի հետ ա՛ռ ու ելիր գնա՛ էշերը փնտռէ»։
4 Ան ալ Եփրեմի լեռնէն անցաւ եւ Սաղիսա երկրէն ալ անցաւ՝ զանոնք չգտաւ։ Ետքը Սաղիմի երկրէն անցաւ ու հոն ալ չէին. անկէ Բենիամինեաններու երկիրը անցնելով՝ հոն ալ զանոնք չգտաւ։
5 Երբ անոնք Սուփին երկիրը եկան, Սաւուղ իրեն հետ եղող մանչուն ըսաւ. «Եկուր ե՛տ դառնանք, չըլլայ թէ հայրս էշերուն հոգը թողու ու մեզի համար մտահոգուի»։
6 Բայց մանչը անոր ըսաւ. «Այս քաղաքին մէջ է Աստուծոյ մարդը, անիկա պատուաւոր մարդ մըն է, անոր ամէն ըսածը անշուշտ կը կատարուի։ Հոն երթանք, թերեւս մեր երթալու ճամբան մեզի իմացնէ»։
7 Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Բայց եթէ երթալու ըլլանք, այն մարդուն ի՞նչ տանինք. քանզի մեր ամաններէն հացը պակսեցաւ ու Աստուծոյ մարդուն տանելու ընծայ մը չունինք։ Մեր քով ի՞նչ ունինք»։
8 Մանչը Սաւուղին ըսաւ. «Ահա իմ քովս մէկ սիկղին չորրորդ մասը արծաթ կայ, զանիկա Աստուծոյ մարդուն կու տամ, որպէս զի մեր ճամբան մեզի իմացնէ»։
9 (Առաջ Իսրայէլի մէջ մարդ մը, երբ Աստուծոյ հարցնելու երթար, այսպէս կ’ըսէր. ‘Եկուր տեսանողին երթանք’։ Քանզի այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր։)
10 Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, եկուր երթանք»։ Ու Աստուծոյ մարդուն բնակած քաղաքը գացին։
11 Երբ անոնք զառիվերէն կ’ելլէին, քանի մը աղջիկներ հանդիպեցան, որոնք ջուր հանելու եկեր էին ու անոնց ըսին. «Տեսանողը հո՞ս է»։
12 Աղջիկները անոնց պատասխան տուին ու ըսին. «Հո՛ս է։ Ահա ձեր առջեւն է։ Շուտ ըրէք, քանզի այսօր ժողովուրդը բարձր տեղին վրայ զոհ պիտի ընէ, ատոր համար անիկա այսօր քաղաք եկաւ։
13 Քաղաքը մտնելուդ պէս զանիկա հոն կը գտնէք, քանի որ անիկա բարձր տեղը ելած չէ կերակուր ուտելու համար. քանզի մինչեւ անոր գալը ժողովուրդը կերակուր չուտեր, որովհետեւ անիկա կ’օրհնէ զոհը ու անկէ ետքը հրաւիրուածները կ’ուտեն։ Հիմա ելէք, քանզի հիմա կը գտնէք զանիկա»։
14 Եւ անոնք քաղաքը ելան ու երբ անոնք քաղաքին մէջ կը մտնէին, ահա Սամուէլ բարձր տեղը երթալու ատեն, անոնց դէմը ելաւ։
15 Սաւուղին գալէն օր մը առաջ՝ Տէրը Սամուէլին յայտներ ու ըսեր էր թէ
16 «Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛, որպէս զի անիկա իմ ժողովուրդս Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ, քանզի ժողովուրդիս նեղութեանը նայեցայ, որովհետեւ անոր աղաղակը ինծի հասաւ»։
17 Երբ Սամուէլ Սաւուղը տեսաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս. ասիկա իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի իշխէ»։
18 Սաւուղ դրանը մէջտեղ Սամուէլին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տեսանողին տունը ո՞ւր է, կ’աղաչեմ, ինծի ցուցուր»։
19 Սամուէլ պատասխան տուաւ Սաւուղին ու ըսաւ. «Տեսանողը ես եմ. իմ առջեւէս բարձր տեղը ելիր, քանզի այսօր ինծի հետ կերակուր պիտի ուտես եւ վաղը քեզ կը ղրկեմ ու բոլոր սրտիդ մէջ եղածը քեզի կը պատմեմ։
20 Երեք օրէ ի վեր քու կորսնցուցած էշերուդ համար մի՛ հոգար, քանզի անոնք գտնուած են։ Իսրայէլի բոլոր փափաքը որո՞ւնն է. քեզի ու քու հօրդ բոլոր տանը չէ՞»։
21 Սաւուղ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես Իսրայէլի ցեղերուն ամենէն պզտիկէն՝ Բենիամինեան չե՞մ ու իմ ազգատոհմս Բենիամինի ցեղին բոլոր ազգատոհմերուն պզտիկը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ համար ինծի այդպիսի խօսք ըսիր»։
22 Սամուէլ առաւ Սաւուղը ու անոր մանչը ու զանոնք կերակուրին սրահը տարաւ եւ զանոնք կոչնականներուն գլուխը նստեցուց, որոնք երեսուն մարդու չափ էին։
23 Սամուէլ խոհարարին ըսաւ. «Բեր այն բաժինը որ քեզի տուի ու քեզի պատուիրեցի, որ զանիկա քովդ պահես»։
24 Խոհարարը ազդրը վրայի մսովը վերցնելով, զանիկա Սաւուղին առջեւ դրաւ։ Սամուէլ ըսաւ. «Ահաւասիկ մնացածը, զանիկա առջեւդ դիր ու կեր. քանզի երբ ըսի թէ ժողովուրդը հրաւիրեր եմ՝ ՝, այն վայրկեանէն անիկա քեզի համար պահուած է»։ Այն օրը Սաւուղ Սամուէլին հետ կերաւ։
25 Երբ բարձր տեղէն քաղաքը իջան, Սամուէլ իր տանը տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսեցաւ։
26 Առաւօտ կանուխ ելան ու լուսցածին պէս Սամուէլ Սաւուղը տանիքը կանչեց ու ըսաւ. «Ելի՛ր, որ քեզ ղրկեմ»։ Եւ Սաւուղ ելաւ։ Ինք եւ Սամուէլ մէկտեղ դուրս ելան։
27 Երբ անոնք քաղաքին ծայրը կ’իջնէին, Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Մանչուն ըսէ՛, որ մեր առջեւը անցնի»։ (Եւ անիկա անցաւ։) «Հիմա դուն հոս կեցիր, որպէս զի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։