Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 8

Երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ։
2 Իր անդրանիկ որդիին անունը Յովել, երկրորդին անունը Աբիա էր։ Ասոնք Բերսաբէէի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէին։
3 Անոր որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան ետեւէ իյնալով՝ կաշառք կ’առնէին եւ իրաւունքը կը ծռէին։
4 Իսրայէլի բոլոր ծերերը հաւաքուեցան ու Ռամա գացին
5 Եւ Սամուէլին ըսին. «Ահա դուն ծեր ես ու որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի բոլոր ազգերուն պէս մեզ կառավարէ»։
6 Սակայն Սամուէլին գէշ երեւցաւ, որ ըսին թէ «Մեզի թագաւոր մը տուր, որպէս զի մեզ կառավարէ»։ Սամուէլ Տէրոջը աղօթք ըրաւ։
7 Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ։
8 Զանոնք Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր ինչ որ ըրին՝ զիս մոռնալով եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընելով՝ նոյնը քեզի ալ պիտի ընեն։
9 Ուստի դուն անոնց խօսքին մտիկ ըրէ. բայց անոնց յայտնի կերպով վկայէ ու իրենց վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը անոնց իմացուր»։
10 Սամուէլ Տէրոջը բոլոր խօսքերը իրմէ թագաւոր ուզող ժողովուրդին պատմեց
11 Ու ըսաւ. «Ձեր վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը այսպէս պիտի ըլլայ։ Ձեր տղաքը պիտի առնէ ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ եւ իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն
12 Ու իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի կարգէ, որ իր արտերը հերկեն ու հունձքերը հնձեն եւ իր պատերազմական զէնքերն ու կառքերուն գործիքները շինեն։
13 Ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէս զի իւղագործ, խոհարար ու հաց եփող ըլլան։
14 Ձեր ընտիր արտերը, այգիներն ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ։
15 Ձեր արտերուն ու ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ ու զանիկա իր ներքինիներուն ու ծառաներուն պիտի տայ։
16 Ձեր ծառաներն ու աղախինները ու ձեր ամենէն ազնիւ կտրիճները եւ ձեր էշերը պիտի առնէ ու իր ծառայութեանը գործածէ։
17 Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ ու դուք անոր ծառաներ պիտի ըլլաք։
18 Այն օրը դուք ձեր ընտրած թագաւորին պատճառով պիտի աղաղակէք բայց Տէրը ձեզի պատասխան պիտի չտայ»։
19 Սակայն ժողովուրդը Սամուէլին խօսքին մտիկ ընել չուզելով՝ ըսին. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք,
20 Որպէս զի մենք ալ բոլոր ազգերուն պէս ըլլանք եւ մեր թագաւորը մեզ կառավարէ։ Անիկա մեր առջեւէն երթայ ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն ընէ՝ ՝»։
21 Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց ու զանոնք Տէրոջը ականջներուն պատմեց։
22 Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոնց խօսքին մտիկ ըրէ՛ ու անոնց վրայ թագաւոր մը դի՛ր»։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոց ըսաւ. «Թող ամէն մարդ իր քաղաքը երթայ»։