Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 19
Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն։
2 Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթը շատ կը սիրէր ու Յովնաթան Դաւիթին իմացուց ու ըսաւ. «Իմ հայրս Սաւուղ քեզ մեռցնել կ’ուզէ. ուրեմն մինչեւ առտու զգոյշ կեցիր ու ծածուկ տեղ մը նստէ ու պահուէ՛,
3 Իսկ ես ելլեմ եւ քու նստած արտիդ մէջ հօրս քով կենամ ու քեզի համար իմ հօրս խօսիմ եւ ինչ որ իմանամ՝ քեզի պիտի պատմեմ»։
4 Յովնաթան Դաւիթին վրայով աղէկ խօսքեր խօսեցաւ իր հօրը Սաւուղին եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քու ծառայիդ Դաւիթին դէմ մեղք մի՛ գործեր. քանզի անիկա քեզի դէմ մեղք մը չըրաւ ու անոր գործերը քեզի համար շատ աղէկ են։
5 Վասն զի իր հոգին ձեռքին մէջ դրաւ ու Փղշտացին զարկաւ եւ Տէրը բոլոր Իսրայէլի մեծ փրկութիւն մը շնորհեց։ Դուն տեսար եւ ուրախացար։ Ինչո՞ւ համար Դաւիթը առանց պատճառի մեռցնելով՝ անմեղ արիւն պիտի թափես»։
6 Սաւուղ Յովնաթանին խօսքին մտիկ ըրաւ ու Սաւուղ երդում ըրաւ, ըսելով. «Տէրը կենդանի է, որ անիկա պիտի չմեռցուի»։
7 Յովնաթան Դաւիթը կանչեց ու Յովնաթան այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեց եւ Յովնաթան Դաւիթը Սաւուղին տարաւ ու անիկա կրկին անոր առջեւ կը կենար։
8 Նորէն պատերազմ եղաւ ու Դաւիթ ելաւ Փղշտացիներուն հետ պատերազմեցաւ ու անոնց մեծ կոտորած մը ըրաւ։ Անոնք անոր առջեւէն փախան։
9 Սաւուղին վրայ Տէրոջմէն չար ոգի եկաւ եւ անիկա իր տունը կը նստէր ու նիզակը իր ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով նուագարանը կը զարնէր։
10 Եւ Սաւուղ ուզեց, որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ. բայց անիկա Սաւուղին երեսէն մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ, բայց Դաւիթ փախաւ եւ այն գիշերը ազատեցաւ։
11 Բայց Սաւուղ Դաւիթին տունը մարդիկ ղրկեց, որպէս զի զանիկա պաշարեն ու առաւօտուն մեռցնեն։ Սակայն Դաւիթին կինը՝ Մեղքող՝ անոր իմացուց ու ըսաւ. «Եթէ այս գիշեր քու անձդ չապրեցնես, վաղը քեզ պիտի մեռցնեն»։
12 Ուստի Մեղքող Դաւիթը պատուհանէն վար իջեցուց եւ անիկա փախաւ գնաց ու ազատեցաւ։
13 Ու Մեղքող արձան մը առաւ եւ զանիկա անկողինին մէջ դրաւ ու անոր գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը դրաւ եւ զանիկա ծածկոցով մը ծածկեց։
14 Ու երբ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց Դաւիթը բռնելու համար, անիկա ըսաւ. «Հիւանդ է»։
15 Սաւուղ նորէն մարդիկ ղրկեց Դաւիթը տեսնելու համար ու ըսաւ. «Զանիկա մահիճովը ինծի բերէք, որպէս զի մեռցնեմ»։
16 Երբ մարդիկը եկան, անկողնին մէջ արձան մը կար ու գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը։
17 Եւ Սաւուղ Մեղքողին ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ համար այսպէս խաբեցիր ու իմ թշնամիս թող տուիր որ ազատուի»։ Մեղքող Սաւուղին ըսաւ. «Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Թող տուր զիս որպէս զի երթամ. ինչո՞ւ մեռցնեմ քեզ’»։
18 Այսպէս փախաւ Դաւիթ ու ազատեցաւ եւ Ռամա գնաց Սամուէլին քով ու անոր պատմեց այն ամէնը՝ որ Սաւուղ ըրեր էր իրեն։ Անիկա Սամուէլին հետ գնաց ու Նաւաթի մէջ բնակեցան։
19 Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ռամայի Նաւաթին մէջ է»։
20 Այն ատեն Սաւուղ մարդիկ ղրկեց որպէս զի Դաւիթը բռնեն ու անոնք մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խումբը եւ անոնց վրայ կեցող Սամուէլը երբ տեսան, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին ղրկած մարդոց վրայ եկաւ ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։
21 Երբ Սաւուղին իմացուցին, ուրիշ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Սաւուղ նորէն երրորդ անգամ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։
22 Այն ատեն ինք ալ Ռամա գնաց ու մինչեւ Սոկքովի մեծ ջրհորը գալով, հարցուց ու ըսաւ. «Սամուէլ ու Դաւիթ ո՞ւր են»։ Եւ մարդ մը ըսաւ. «Ահա անոնք Ռամայի Նաւաթն են»։
23 Ուստի Ռամայի Նաւաթը գնաց եւ անոր վրայ ալ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու մինչեւ Ռամայի Նաւաթը հասնիլը ճամբան երթալով մարգարէութիւն կ’ընէր։
24 Եւ անիկա ալ իր լաթերը հանեց ու Սամուէլին առջեւ ինքն ալ մարգարէութիւն ըրաւ եւ այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը մերկ ինկաւ գետինը. անոր համար ըսուեցաւ. «Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։