Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 4

Իսրայէլ պատերազմելու ելաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Աբենեզերի մէջ բանակեցաւ, իսկ Փղշտացիները Ափէկի մէջ բանակեցան։
2 Փղշտացիները Իսրայէլի առջեւ շարուեցան։ Երբ պատերազմը տարածուեցաւ, Իսրայէլ յաղթուեցաւ Փղշտացիներէն, որոնք պատերազմի ասպարէզին մէջ չորս հազար մարդու չափ կոտորեցին։
3 Ժողովուրդը բանակը դարձաւ։ Իսրայէլի ծերերը ըսին. «Ինչո՞ւ համար Տէրը Փղշտացիներուն առջեւ այսօր մեզ կոտորեց։ Տէրոջը ուխտին տապանակը Սելովէն մեր քով բերենք, որ մեր մէջ գտնուի ու մեզ ազատէ մեր թշնամիներուն ձեռքէն։
4 Ուստի ժողովը մարդիկ ղրկեց դէպի Սելով, որոնք քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը ուխտին տապանակը անկէ բերին ու Հեղիին երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Աստուծոյ ուխտին տապանակին հետ էին։
5 Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը բանակին մէջ եկաւ, բոլոր Իսրայէլ մեծ ձայնով մը աղաղակեց, այնպէս որ գետինը ձայն տուաւ։
6 Փղշտացիները այն աղաղակի ձայնը լսելով՝ ըսին. «Եբրայեցիներուն բանակին այս բարձրաձայն աղաղակը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Երբ իմացան թէ Տէրոջը տապանակը բանակը եկեր է,
7 Փղշտացիները վախցան, քանզի ըսին. «Վա՜յ մեզի, քանզի մինչեւ հիմա այսպիսի բան եղած չէ.
8 Վա՜յ մեզի, այս զօրաւոր աստուածներուն ձեռքէն ո՞վ մեզ պիտի ազատէ։ Ասոնք այն աստուածներն են, որ Եգիպտոսը ամէն տեսակ հարուածներով զարկին անապատին մէջ։
9 Ուժովցէ՛ք ու կտրիճ եղէք, ո՛վ Փղշտացիներ, չըլլայ թէ Եբրայեցիներուն ծառայ ըլլաք, ինչպէս անոնք ձեզի ծառայ եղան. ուստի կտրիճ եղէ՛ք եւ անոնց հետ պատերազմեցէ՛ք»։
10 Ու երբ Փղշտացիները պատերազմեցան, Իսրայէլ յաղթուեցաւ եւ ամէն մարդ իր վրանը փախաւ ու շատ մեծ կոտորած եղաւ եւ Իսրայէլէն երեսուն հազար հետեւակ զօրք ինկաւ,
11 Նաեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան։
12 Բենիամինեան մը բանակէն վազելով՝ նոյն օրը Սելով հասաւ։ Իր լաթերը պատռեր էր եւ իր գլխուն վրայ հող ցաներ էր։
13 Ու երբ հոն հասաւ, ահա Հեղի աթոռի մը վրայ ճամբուն մէջ նստած կը սպասէր, քանզի Աստուծոյ տապանակին համար սիրտը կը դողար։ Երբ այն մարդը քաղաք մտնելով եղածը պատմեց, բոլոր քաղաքը աղաղակեց։
14 Հեղի այդ աղաղակին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Այս աղմուկին ձայնը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Այն մարդը շուտով վազեց եկաւ ու եղած բաները Հեղիին պատմեց։
15 Հեղի իննսունըութ տարեկան էր ու աչքերը այնպէս տկարացած էին, որ չէր կրնար տեսնել։
16 Այն մարդը Հեղիին ըսաւ. «Զօրքին մէջէն եկողը ես եմ։ Պատերազմէն այսօր փախայ»։ Հեղի ըսաւ. «Որդեա՛կ, ի՞նչ եղաւ»։
17 Լուր բերողը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ ու ժողովուրդին մէջ մեծ կոտորած եղաւ եւ քու երկու որդիներդ՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան ու Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ»։
18 Երբ անիկա Աստուծոյ տապանակը յիշեց, Հեղի աթոռէն՝ կռնակի վրայ՝ ինկաւ դրանը քով եւ վզին ոսկորը կոտրեցաւ ու մեռաւ, քանզի ծեր ու ծանրացած մարդ մըն էր։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քառասուն տարի դատաւորութիւն ըրած էր։
19 Անոր հարսը՝ Փենէհէսի կինը՝ յղի ու ծնանելու մօտ ըլլալով, երբ Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն ու իր կեսրայրին ու էրկանը մեռնելուն լուրը լսեց, ծունկ ծռելով ծնաւ, քանզի ցաւերը անոր վրայ կոխեցին։
20 Ու երբ կը մեռնէր, քովը կայնող կիները անոր ըսին. «Մի՛ վախնար, քանզի քու ծնածդ տղայ է»։ Բայց անիկա պատասխան չտուաւ եւ ուշադրութիւն չըրաւ։
21 Տղուն անունը Իքաբօդ կոչեց, ըսելով՝ «Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։ (Քանզի Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ անոր կեսրայրն ու այրը մեռան։)
22 Անոր համար ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն համար Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։