Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 31

Փղշտացիները Իսրայէլին հետ պատերազմ կ’ընէին։ Իսրայէլացիները Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։
2 Ու Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն ետեւէն հասան ու Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբինադաբն ու Մեղքիսաւէն՝ զարկին։
3 Պատերազմը Սաւուղին վրայ երթալով սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան ու աղեղնաւորներէն սաստիկ վիրաւորուեցաւ։
4 Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ՛ ու անով զիս խոցէ. չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս խոցեն եւ զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։
5 Անոր կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու անոր հետ մեռաւ։
6 Սաւուղ ու անոր երեք որդիներն ու կապարճակիրը եւ անոր բոլոր մարդիկը նոյն օրը մէկտեղ մեռան։
7 Հովիտին անդիի կողմը եւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Իսրայէլի մարդիկը Իսրայելացիներու փախչիլը ու Սաւուղին եւ անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։
8 Հետեւեալ օրը Փղշտացիները եկան, որ մեռելները մերկացնեն ու Սաւուղը եւ անոր երեք որդիները Գեղբուէ լերան վրայ ինկած գտան։
9 Այն ատեն անոր գլուխը կտրեցին ու անոր վրայի զէնքերը հանեցին եւ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կռատուներուն ու ժողովուրդին՝ այս բաներուն աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին,
10 Անոր զէնքերը Աստարովթի տունը դրին ու անոր մարմինը Բեթսանի պարիսպէն կախեցին։
11 Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած էին,
12 Բոլոր կտրիճ մարդիկը ոտքի ելան ու բոլոր գիշերը գացին ու Բեթսանի պարիսպէն Սաւուղին մարմինը ու անոր որդիներուն մարմինները առին եւ Յաբիս դարձան ու հոն զանոնք այրեցին։
13 Անոնց ոսկորները առին ու Յաբիսի մէջ ծառին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։