Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 24
Դաւիթ անկէ ելաւ ու Ենգադդիի ամուր տեղերը նստաւ։
2 Երբ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, անոր իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ենգադդիի մէջ է»։
3 Սաւուղ բոլոր Իսրայէլէն երեք հազար ընտրուած մարդիկ առաւ ու գնաց, որպէս զի Դաւիթն ու անոր մարդիկը փնտռէ այծեամներու ժայռերուն վրայ։
4 Ճամբուն վրայ եղող ոչխարներուն փարախները եկաւ ու հոն քարայր մը կար։ Սաւուղ հարկաւորութեան համար ներս մտաւ։ Դաւիթ իր մարդոցմով ներսը նստեր էր։
5 Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա Տէրոջը քեզի ըսած օրը ասիկա է, թէ ‘Քու թշնամիդ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’։ Քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ Դաւիթ ելաւ եւ Սաւուղին վերարկուին ծայրը գաղտուկ կտրեց։
6 Բայց յետոյ Դաւիթին սիրտը զղջաց, Սաւուղին վերարկուին ծայրը կտրելուն համար։
7 Իր մարդոցը ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։
8 Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը զսպեց ու չթողուց որ Սաւուղին վրայ յարձակին։ Սաւուղ քարայրէն դուրս ելաւ ու իր ճամբան գնաց։
9 Անոր ետեւէն Դաւիթ ալ քարայրէն դուրս ելաւ ու Սաւուղին ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր»։ Երբ Սաւուղ ետին նայեցաւ, Դաւիթ երեսը գետինը ծռելով երկրպագութիւն ըրաւ
10 Եւ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար մարդոց խօսքին մտիկ կ’ընես, որոնք քեզի կ’ըսեն թէ՝ ‘Ահա Դաւիթ քեզի չարութիւն ընել կը ջանայ’։
11 Ահա այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն, թէ Տէրը այսօր քարայրին մէջ քեզ իմ ձեռքս մատնեց ու ըսին որ քեզ մեռցնեմ, բայց ես քեզի խնայեցի ու ըսի. ‘Ես իմ ձեռքս իմ տիրոջս չեմ երկնցներ, քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է’։
12 Տե՛ս, հայր իմ, տե՛ս, քու վերարկուիդ ծայրը իմ ձեռքիս մէջ է ու ես քու վերարկուիդ ծայրը կտրեցի բայց քեզի չմեռցուցի. ասկէ հասկցիր ու տես, թէ իմ ձեռքիս մէջ չարութիւն ու անօրէնութիւն չկայ ու քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած, բայց դուն զիս մեռցնելու կ’աշխատիս՝ ՝։
13 Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
14 Ինչպէս հին առակը կ’ըսէ՝ ‘Անօրէններէն անօրէնութիւն կ’ելլէ’, բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
15 Իսրայէլի թագաւոր, որո՞ւն ետեւէն ինկեր կը հալածես. մեռած շա՞ն ետեւէն, լուի՞ մը ետեւէն ելար։
16 Ուստի Տէրը դատաւոր թող ըլլայ եւ իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ եւ տեսնէ՛ ու պաշտպանէ՛ զիս եւ քու ձեռքէդ ազատէ»։
17 Երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղին խօսիլը լմնցուց, Սաւուղ ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Սաւուղ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ
18 Ու Դաւիթին ըսաւ. «Դուն ինծմէ արդար ես. քանզի դուն ինծի բարիք ըրիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցանեցի։
19 Ու դուն այսօր քու ինծի ըրած աղէկութիւնդ յայտնեցիր, որովհետեւ Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, բայց դուն զիս չմեռցուցիր։
20 Վասն զի մարդ մը եթէ իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ. ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք թող հատուցանէ։
21 Հիմա գիտեմ թէ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս ու Իսրայէլի թագաւորութիւնը քու ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի։
22 Հիմա Տէրոջմով ինծի երդում ըրէ՝ թէ ինծմէ ետքը իմ սերունդս պիտի չմեռցնես ու իմ հօրս տունէն իմ անունս բնաջինջ պիտի չընես»։
23 Դաւիթ Սաւուղին երդում ըրաւ։ Յետոյ Սաւուղ իր տունը գնաց։ Իսկ Դաւիթ իր մարդոցմով ամուր տեղը ելաւ։