Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 25
Սամուէլ մեռաւ ու բոլոր Իսրայէլ հաւաքուեցան ու անոր համար սուգ ըրին ու զանիկա Ռամայի մէջ իր տունը թաղեցին։ Դաւիթ Փառան անապատը իջաւ։
2 Մաոնի մէջ մարդ մը կար, որուն գործը Կարմեղոսի մէջ էր։ Անիկա խիստ մեծ մարդ էր ու երեք հազար ոչխար եւ հազար այծ ունէր ու իր ոչխարները ասրակտուր ընելու համար Կարմեղոսի մէջ կը գտնուէր։
3 Այն մարդուն անունը Նաբաղ էր ու անոր կնոջ անունը Աբիգիա։ Կինը ողջամիտ ու գեղեցկադէմ էր, բայց այրը խստաբարոյ ու չարագործ էր։ Անիկա Քաղեբեան էր։
4 Դաւիթ անապատին մէջ լսեց թէ Նաբաղ իր ոչխարները ասրակտուր կ’ընէ։
5 Դաւիթ տասը մանչ ղրկեց եւ մանչերուն ըսաւ. «Կարմեղոս ելէ՛ք ու Նաբաղին գացէ՛ք եւ իմ անունովս անոր ողջութիւնը հարցուցէ՛ք
6 Ու անոր այսպէս ըսէք. ‘Ո՛ղջ կեցիր. քեզի եւ քու տանդ ու քու բոլոր ստացուածքիդ խաղաղութիւն ըլլայ։
7 Լսեցի թէ ոչխարներդ ասրակտուր կ’ընես. քու հովիւներդ մեզի հետ էին. անոնց վնաս չտուինք որչափ ատեն որ Կարմեղոսի մէջ կեցան, անոնց մէ՛կ բանը չկորսուեցաւ։
8 Քու մանչերուդ հարցուր ու քեզի թող ըսեն, ուստի անոնք թող քու առջեւդ շնորհք գտնեն, քանզի բարի օր եկանք. շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ ու քու որդիիդ Դաւիթին ձեռքէդ եկածը տուր’»։
9 Դաւիթին մանչերը գացին ու այս բոլոր խօսքերուն համեմատ Դաւիթին անունովը Նաբաղին ըսին ու կայնեցան։
10 Նաբաղ Դաւիթին ծառաներուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դաւիթը ո՞վ է ու Յեսսէին որդին ո՞վ է։ Այս օրերս իրենց տէրերուն երեսէն փախչող ծառաները շատցեր են։
11 Ես իմ հացս, ջուրս ու ասրակտուր ընողներուս համար մորթած անասուններս առնեմ ու այնպիսի՞ մարդոց տամ, որոնց ուրկէ ըլլալը չեմ գիտեր»։
12 Դաւիթին մանչերը իրենց ճամբան դարձան ու գացին այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեցին։
13 Դաւիթ իր մարդոցը ըսաւ. «Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը թող կապէ»։ Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը կապեց, Դաւիթ ալ իր սուրը մէջքը կապեց ու Դաւիթին ետեւէն չորս հարիւրի չափ մարդ ելաւ, իսկ երկու հարիւր մարդ հոն կարասիներուն մօտ մնացին։
14 Ծառաներէն մէկը Նաբաղին կնոջ Աբիգիային իմացուց ու ըսաւ. «Ահա Դաւիթ անապատէն մարդիկ ղրկեց մեր տէրը օրհնելու համար. իսկ անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ՝ ՝։
15 Բայց այն մարդիկը մեզի հետ շատ աղէկ էին ու մեզի վնաս մը չտուին որչափ ատեն որ դաշտի մէջ անոնց հետ պտըտեցանք, մեզմէ բա՛ն մը չկորսուեցաւ։
16 Անոնք մեզի պարիսպ էին, թէ՛ գիշերը եւ թէ՛ ցորեկը, որչափ ատեն որ անոնց քով ոչխարները կ’արածէինք։
17 Հիմա մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ընես, քանզի մեր տիրոջը վրայ եւ անոր բոլոր տանը վրայ չարիքը հասած է. որովհետեւ անիկա այնպիսի չար մարդ մըն է, որ անոր հետ մարդ չի կրնար խօսիլ»։
18 Աբիգիա շուտով երկու հարիւր հաց ու երկու տիկ գինի եւ հինգ եփած ոչխար ու հինգ գրիւ բոհրած ցորեն, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու երկու հարիւր շարոց թուզ առաւ ու զանոնք էշերու վրայ դրաւ։
19 Եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Առջեւս անցէ՛ք, ահա ես ձեր ետեւէն կու գամ»։ Բայց իր էրկանը՝ Նաբաղին չմացուց։
20 Երբ կինը էշու վրայ հեծած՝ լերանը գոց տեղէն կ’իջնէր, Դաւիթ ու անոր մարդիկը անոր առջեւ կ’իջնէին ու իրարու հանդիպեցան։
21 Դաւիթ ըսեր էր. «Ուրեմն անապատին մէջ այս մարդուն բոլոր ունեցած բաները պարապ տեղը պահեր եմ ու անոր բոլոր ունեցածէն բա՛ն մը չկորսուեցաւ եւ անիկա ինծի աղէկութեան փոխարէն գիշութիւն ըրաւ։
22 Աստուած Դաւիթին թշնամիներուն այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ մինչեւ վաղը առտու անոր մարդոցմէն այր մարդ՝ ՝ մը ողջ թողում»։
23 Աբիգիա Դաւիթը տեսածին պէս շուտով իշուն վրայէն իջաւ եւ Դաւիթին առջեւ երեսի վրայ իյնալով մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ։
24 Անոր ոտքը ինկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, յանցանքը իմ վրաս թող ըլլայ. բայց հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ։
25 Կ’աղաչեմ, որ իմ տէրս այս չար մարդուն Նաբաղին համար իր սրտին մէջ բան մը չդնէ, քանզի իր անունին պէս ինք ալ այնպէս է. անոր անունը Նաբաղ է ու անզգամութիւնը իրեն հետ է. բայց ես, քու աղախինդ, իմ տիրոջս ղրկած մանչերը չտեսայ։
26 Հիմա, ո՛վ տէր իմ, Տէրը կենդանի է ու քու հոգիդ ալ կենդանի է, որ Տէրը քեզ չթողուց որ արիւն թափես ու քու վրէժդ քու ձեռքովդ առնես։ Հիմա քու թշնամիներդ ու իմ տիրոջս գիշութիւն ուզողները Նաբաղին պէս ըլլան։
27 Հիմա այս ընծան, որ քու աղախինդ իմ տիրոջս բերաւ, թող իմ տիրոջս ետեւէն եկող մանչերուն տրուի։
28 Կ’աղաչեմ, քու աղախինիդ յանցանքը ներէ. քանզի Տէրը իմ տիրոջս անպատճառ հաստատ տուն պիտի շինէ, որովհետեւ իմ տէրս Տէրոջը պատերազմները պատերազմեցաւ ու քու օրերուդ մէջ քու վրադ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։
29 Բայց՝ թէեւ քեզ հալածելու ու քու հոգիդ փնտռելու համար մարդ մը ոտքի ելած է, իմ տիրոջս հոգին քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ՝ կեանքի ծրարին մէջ ծրարուած պիտի ըլլայ. բայց Անիկա քու թշնամիներուդ հոգիները պարսատիկի մէջէ ելած քարի պէս պիտի նետէ։
30 Երբ Տէրը բոլոր քեզի համար ըսած աղէկութիւնները իմ տիրոջս ընէ ու քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր դնէ,
31 Ասիկա քեզի գայթակղութիւն մը ու իմ տիրոջս սրտին խղճի խայթ մը չըլլայ, որ առանց պատճառի արիւն թափեցիր, կամ թէ իմ տէրս իր վրէժը ինք առաւ ու երբ Տէրը իմ տիրոջս բարութիւն ընէ, քու աղախինդ միտքդ բերես»։
32 Եւ Դաւիթ ըսաւ Աբիգիային. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ զրկեց զիս դիմաւորելու
33 Ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ
34 Բայց Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ զիս արգիլեց քեզի չարութիւն ընելէ, կենդանի է, եթէ դուն շուտով չգայիր ու առջեւս չելլէիր, մինչեւ վաղը առտու Նաբաղէն մէկ այր մարդ պիտի չմնար»։
35 Դաւիթ անոր բերած ընծաները ձեռքէն առաւ ու անոր ըսաւ. «Խաղաղութեամբ տունդ գնա՛. ահա խօսքիդ մտիկ ըրի ու քու խնդիրքդ ընդունեցի»։
36 Աբիգիա Նաբաղին գնաց ու ահա անիկա իր տանը մէջ թագաւորական կոչունքի պէս կոչունք կ’ընէր եւ Նաբաղին սիրտը զուարթացեր էր ու անիկա շատ գինովցեր էր. ուստի կինը մինչեւ առտու բնաւ բան մը չպատմեց անոր։
37 Առաւօտուն, երբ Նաբաղ գինիէն զգաստացաւ, այն ատեն անոր կինը այս բաները անոր պատմեց ու անոր սիրտը իր ներսիդին մեռաւ ու քարի պէս եղաւ։
38 Եւ տասը օր յետոյ Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ։
39 Դաւիթ Նաբաղին մեռնիլը լսելով՝ ըսաւ. «Օրհնեալ է Տէրը, որ Նաբաղի ձեռքէն քաշած նախատինքիս վրէժը ինք լուծեց ու իր ծառան չարութենէ ետ պահեց եւ Տէրը Նաբաղին չարութիւնը անոր գլուխը դարձուց»։ Դաւիթ մարդ ղրկեց եւ Աբիգիային խօսեցաւ, որ զանիկա իրեն կին առնէ։
40 Ու Դաւիթին ծառաները Կարմեղոս գացին Աբիգիային ու անոր հետ խօսեցան ու ըսին. «Դաւիթ մեզ քեզի ղրկեց, որպէս զի քեզ իրեն կին առնէ»։
41 Անիկա ելաւ ու երեսի վրայ մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ իմ տիրոջս ծառաներուն ոտքերը լուալու համար ստրկութիւն թող ընէ»։
42 Աբիգիա շուտով ոտքի ելաւ ու իրեն սպասաւորութիւն ընող հինգ աղջիկներուն հետ էշը հեծաւ ու Դաւիթին պատգամաւորներուն ետեւէն գնաց եւ անոր կինը եղաւ։
43 Դաւիթ Յեզրայէլէն ալ Աքինոամը առաւ ու ասոնց երկուքն ալ անոր կիները եղան։
44 Բայց Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը, որ Դաւիթին կինն էր, Գաղղիմացի Լայիսի որդիին Փաղտիէլին տուաւ։