Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 6

Տէրոջը տապանակը Փղշտացիներուն երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց։
2 Փղշտացիները իրենց քուրմերն ու բախտ նայողները կանչեցին ու ըսին. «Եհովային տապանակը ի՞նչ ընենք։ Մեզի իմացուցէք թէ զանիկա ինչպէ՞ս իր տեղը ղրկենք»։
3 Անոնք ալ ըսին. «Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զանիկա պարապ մի՛ ղրկէք, հապա անպատճառ յանցանքի պատարագ մատուցանեցէք, որպէս զի բժշկուիք ու ձեզի յայտնի ըլլայ թէ ինչո՞ւ համար անոր ձեռքը ձեր վրայէն չերթար»։
4 Անոնք ըսին. «Անոր ի՞նչ տեսակ պատարագ մատուցանենք»։ Ու քուրմերը ըսին. «Փղշտացիներուն նախարարներուն թիւովը հինգ ոսկեղէն թանչքի ուռեցքներ ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք. քանզի ձեր ամենուն վրայ եւ ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն հարուածը եկաւ։
5 Ձեր թանչքի ուռեցքներուն պատկերները ու ձեր երկիրը աւերող մուկերուն պատկերները շինեցէք ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառք տուէք։ Թերեւս իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն վերցնէ։
6 Եւ ինչո՞ւ համար ձեր սրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիներն ու Փարաւոն իրենց սրտերը խստացուցին։ Չէ՞ որ Աստուած անոնց մէջ հրաշալի գործեր ընելէն ետքը միայն զանոնք թող տուին որպէս զի երթան։
7 Հիմա նոր սայլ մը շինեցէ՛ք ու երկու հատ կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ ու երինջները սայլին լծեցէ՛ք եւ անոնց ձագերը անոնց ետեւէն տուն դարձուցէ՛ք
8 Ու Եհովային տապանակը առէ՛ք եւ զանիկա սայլին վրայ դրէ՛ք ու այն ոսկեղէն պատկերները որոնք դուք յանցանքի համար անոր ընծայ պիտի տաք, պզտիկ արկղով մը անոր մէկ կողմը դրէ՛ք ու զանիկա ղրկեցէ՛ք, որպէս զի երթայ
9 Եւ նայեցէ՛ք, եթէ իր սահմանին ճամբովը Բեթսամիւս ելլէ, այս մեծ չարիքը մեզի ընողը անիկա է. ապա թէ ոչ՝ գիտնանք որ անոր ձեռքը բնաւ մեզի դպած չէ, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի»։
10 Փղշտացիները այդպէս ըրին։ Երկու հատ կաթնտու երինջ առին ու զանոնք սայլին լծեցին եւ անոնց ձագերը տան մէջ գոցեցին։
11 Տէրոջը տապանակը եւ ոսկի մուկերուն ու իրենց թանչքի ուռեցքներուն պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին։
12 Երինջները շիտակ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին եւ մեծ ճամբայէն բառաչելով գացին, աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան։ Փղշտացիներու նախարարները մինչեւ Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն գացին։
13 Եւ Բեթսամիւսացիները հովիտին մէջ ցորենի հունձքը կը հնձէին ու իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան ու տեսնելով ուրախացան։
14 Սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ, ուր մեծ քար մը կար։ Սայլին փայտերը ճեղքեցին եւ երինջները Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։
15 Ղեւտացիները Տէրոջը տապանակը եւ անոր հետ եղող ոսկի պատկերներուն պզտիկ արկղը վար իջեցուցին ու այն մեծ քարին վրայ դրին։ Այն օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջը ողջակէզներ ու զոհեր մատուցանեցին։
16 Ու Փղշտացիներուն հինգ նախարարները այս բաները տեսնելէ ետքը՝ նոյն օրը Ակկարոն դարձան։
17 Այն ոսկեղէն թանչքի ուռեցքները, որոնք Փղշտացիները յանցանքի համար Տէրոջը ընծայ տուին, ասոնք էին. մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար ու մէկ հատ Ակկարոնի համար։
18 Ոսկի մուկերը Փղշտացիներու հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին՝ պարսպապատ քաղաքէն մինչեւ անպարիսպ գիւղը ու մինչեւ այն մեծ քարը, որուն վրայ Տէրոջը տապանակը դրուեցաւ։ Մինչեւ այսօր այն քարը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտին մէջ կը կենայ։
19 Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանզի անոնք Տէրոջը տապանակին մէջ նայեցան։ Ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ։ Տէրը ժողովուրդին մէջ կոտորած ընելուն համար ժողովուրդը սուգ բռնեց։
20 Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին. «Այս սուրբ Տէր Աստուծոյն առջեւ ո՞վ կրնայ կայնիլ։ Մեր քովէն որո՞ւ պէտք է երթայ»։
21 Եւ Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Փղշտացիները Տէրոջը տապանակը ետ բերին, եկէք ու զանիկա ձեր քով տարէք»։