Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 12

Սամուէլ բոլոր Իսրայէլին ըսաւ. «Դուք ինծի ինչ որ ըսիք, ես ձեր խօսքին մտիկ ըրի ու ձեր վրայ թագաւոր դրի։
2 Ահա հիմա ձեր առջեւէն թագաւորը կ’երթայ, բայց ես ծերացայ ու մազերս ճերմկցան. իմ որդիներս ձեզի հետ են ու ես իմ մանկութենէս մինչեւ այսօր ձեր առջեւ քալեցի։
3 Ահա ես հոս կայներ եմ. Տէրոջը առջեւ ու անոր օծեալին առջեւ ինծի համար յայտնապէս ըսէք, թէ ես որո՞ւն եզը առի ու որո՞ւն էշը առի, որո՞ւն զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրի ու որո՞ւն ձեռքէն կաշառք առի եւ անով իմ աչքերս գոցեցի ու ես ձեզի ետ դարձնեմ»։
4 Անոնք ըսին. «Մեզի զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրած չես ու բնաւ մարդո՛ւ ձեռքէ բան մը առած չես»։
5 Եւ ան ըսաւ անոնց. «Այսօր Տէրը ու անոր օծեալը ձեզի վկայ ըլլա՞ն, որ դուք իմ ձեռքիս մէջ բան մը չգտաք»։ Եւ անոնք ըսին. «Վկայ թող ըլլան»։
6 Այն ատեն Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մովսէսն ու Ահարոնը ընտրողը եւ ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանողը Տէրն է։
7 Հիմա յառաջ եկէ՛ք եւ ձեզի հետ Տէրոջը առջեւ քննեմ այն բոլոր արդար գործերը, որոնք Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն ըրաւ։
8 Երբ Յակոբ Եգիպտոս գնաց, հոն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկեց, որոնք ձեր հայրերը Եգիպտոսէն դուրս հանեցին ու զանոնք այստեղ բնակեցուցին։
9 Բայց անոնք իրենց Տէր Աստուածը մոռցան. անիկա ալ զանոնք Հասորի զօրագլուխը եղող Սիսարային ձեռքը ու Փղշտացիներուն ձեռքը եւ Մովաբի թագաւորին ձեռքը մատնեց, անոնց հետ պատերազմ ըրին
10 Եւ Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսին. ‘Մենք մեղք գործեցինք, քանզի Տէրը թողուցինք եւ Բահաղիմին ու Աստարովթին ծառայութիւն ըրինք։ Հիմա մեզ մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատէ ու քեզի պիտի ծառայենք’։
11 Ուստի Տէրը Յերոբաաղը, Բեդանը, Յեփթայէն ու Սամուէլը ղրկեց եւ ձեր շրջակայ թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ ազատեց ու ապահովութեամբ բնակեցաք։
12 Ու երբ տեսաք թէ Ամմոնացիներու թագաւորը ձեր վրայ կու գայ, ինծի ըսիք. ‘Ո՛չ, անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը պէտք է’. թէպէտեւ ձեր թագաւորը ձեր Տէր Աստուածն էր։
13 Եւ հիմա ահա այն թագաւորը, որ ընտրեցիք եւ ուզեցիք, Տէրը ձեր վրայ թագաւոր դրաւ։
14 Եթէ Տէրոջմէ վախնաք ու անոր ծառայութիւն ընէք եւ անոր խօսքին հնազանդ ըլլաք ու Տէրոջը պատուիրանքին դէմ չկենաք, այն ատեն թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը, որ ձեր վրայ կը թագաւորէ, ձեր Տէր Աստուծոյն հետ պիտի երթաք։
15 Բայց եթէ Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընէք ու Տէրոջը հրամանին դէմ կենաք, այն ատեն Տէրոջը ձեռքը ձեր վրայ ու ձեր հայրերուն վրայ պիտի ըլլայ։
16 Հիմա կայնեցէ՛ք ու տեսէ՛ք այն մեծ գործը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ պիտի ընէ։
17 Այսօր ցորենի հունձքի ժամանակ չէ՞։ Ես Տէրոջը պիտի աղաղակեմ եւ անիկա որոտում ու անձրեւ պիտի ղրկէ, որպէս զի հասկնաք ու տեսնէք թէ դուք Տէրոջը առջեւ մեծ չարութիւն ըրիք՝ ձեզի թագաւոր ուզելով»։
18 Այն ատեն Սամուէլ Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը նոյն օրը որոտում ու անձրեւ տուաւ եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջմէն ու Սամուէլէն խիստ վախցաւ։
19 Ու բոլոր ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ քու ծառաներուդ համար, որպէս զի չմեռնինք. քանզի մեր բոլոր մեղքերուն վրայ այս չարութիւնն ալ աւելցուցինք, որ մեզի թագաւոր ուզեցինք»։
20 Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնաք. թէեւ դուք այս բոլոր չարութիւնը ըրիք, սակայն Տէրոջմէն մի՛ խոտորիք ու բոլոր սրտովնիդ Տէրոջը ծառայութիւն ըրէք
21 Եւ անկէ մի՛ խոտորիք, քանզի ոչինչ բաներու ետեւէ գացած կ’ըլլաք, որոնք ձեզի օգուտ մը չունին եւ ձեզ ազատելու կարող չեն, վասն զի անոնք ոչինչ են։
22 Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր, որովհետեւ Տէրը ուզեց ձեզ իրեն ժողովուրդ ընել։
23 Բայց ես, քա՜ւ լիցի, որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով. հապա ես ձեզի աղէկ ու շիտակ ճամբան պիտի սորվեցնեմ։
24 Միայն թէ Տէրոջմէն վախցէք եւ ճշմարտութեամբ ու բոլոր սրտով անոր ծառայութիւն ըրէք, քանզի տեսաք թէ անիկա ձեզի համար ի՛նչ մեծ գործեր ըրաւ։
25 Իսկ եթէ չարութիւն ընելը շարունակէք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը պիտի կորսուիք»։