Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 14
Օր մը Սաւուղի որդին Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, անդիի կողմը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք». բայց իր հօրը չիմացուց։
2 Սաւուղ Գաբաայի ծայրը՝ Մագրոնի մէջ եղող նռնենիին տակ կը նստէր։ Անոր հետ եղող ժողովուրդը վեց հարիւրի չափ էր։
3 Հեղիի որդիին Փենէհէսին որդիին Իքաբօդի եղբօրը Աքիտովբին որդին Աքիա Սելովի մէջ Տէրոջը քահանան էր, որ եփուտ կը հագնէր։ Ժողովուրդը Յովնաթանին երթալը չէր գիտեր։
4 Այն կիրճերուն մէջ, ուրկէ Յովնաթան Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնիլը կ’ուզէր, մէկ կողմէ քարաժայռ մը ու միւս կողմէ քարաժայռ մը կար, որոնց մէկուն անունը Բազէս ու միւսին անունը Սենա էր։
5 Այս քարաժայռներէն մէկը հիւսիսային կողմը Մաքմասի դէմ ցցուած էր ու միւսը հարաւային կողմը՝ Գաբաայի դէմ։
6 Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, այս անթլփատներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք, կարելի է որ Տէրը մեզի համար բան մը ընէ. քանզի շատ մարդով կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տէրոջը առջեւ»։
7 Իր զէնքերը կրողը անոր ըսաւ. «Բոլոր քու սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛. յառա՛ջ գնա. ես քեզի հետ կու գամ քու ուզածիդ պէս»։
8 Եւ Յովնաթան ըսաւ. «Հիմա մենք այն մարդոց կողմը անցնինք ու անոնց երեւնանք։
9 Եթէ մեզի ըսեն՝ ‘Կայնեցէ՛ք, մինչեւ մենք ձեզի գանք’, այն ատեն մեր տեղը կայնինք ու անոնց չերթանք։
10 Բայց եթէ ըսեն՝ ‘Մեզի եկէ՛ք’, այն ատեն երթանք, քանզի Տէրը զանոնք մեր ձեռքը տուած է ու ասիկա մեզի նշան ըլլայ»։
11 Երբ երկուքը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին երեւցան, Փղշտացիները ըսին. «Ահա Եբրայեցիները իրենց պահուըտած ծակերէն դուրս կ՛ելլեն»։
12 Եւ պահապան զօրքերը Յովնաթանին ու անոր զէնքերը կրողին ըսին. «Մեզի եկէ՛ք ու ձեզի բան մը իմացնենք»։ Յովնաթան իր զէնքերը կրողին ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկուր, քանզի Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը պիտի տայ»։
13 Ու Յովնաթան ձեռքերովն ու ոտքերովը վեր ելաւ եւ անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն ու Յովնաթանին առջեւ անոնք ինկան, անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն կը մեռցնէր։
14 Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը այս առաջին կոտորածին մէջ քսան մարդու չափ մեռցուցին՝ կէս լծավարի չափ գետնի վրայ։
15 Ու բանակին մէջ, դաշտին մէջ ու բոլոր ժողովուրդին մէջ խռովութիւն եղաւ. պահապան զօրքերն ու աւարառուներն ալ զարհուրեցան ու երկիրը դողաց այնպէս որ անոնց վրայ Աստուծոյ կողմանէ վախ մը ինկաւ։
16 Բենիամինի Գաբաայէն Սաւուղին դէտերը տեսան թէ ահա այն բազմութիւնը մեծ շփոթութեան մէջ է՝ ՝ ու երթալով կը ցրուի։
17 Սաւուղ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Աչքէ անցուցէ՛ք ու նայեցէ՛ք թէ մեզմէ ո՞վ գացեր է»։ Ուստի անոնք աչքէ անցուցին եւ ահա Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը չկային։
18 Այն ատեն Սաւուղ Աքիային ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը մօտեցուր». քանզի այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Իսրայէլի որդիներուն հետ էր։
19 Երբ Սաւուղ քահանային հետ կը խօսէր, Փղշտացիներու բանակին մէջի աղմուկը երթալով կը շատնար եւ Սաւուղ ըսաւ քահանային. «Ձեռքդ քաշէ՛»։
20 Սաւուղ եւ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցան ու մինչեւ պատերազմին տեղը գացին եւ ահա ամէն մարդ իր սուրը իր ընկերին դարձուցեր էր ու շատ մեծ խռովութիւն մը կար։
21 Այն Եբրայեցիները, որոնք առաջ Փղշտացիներուն հետ էին ու շրջակայ երկիրներէն անոնց հետ եկեր էին, անոնք ալ Սաւուղին ու Յովնաթանին հետ եղող Իսրայէլին միացան։
22 Ու Եփրեմի լերան վրայ պահուըտած Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Փղշտացիներուն փախչիլը լսելով, անոնք ալ անոնց ետեւէն պատերազմին մէջ մտան։
23 Եւ այն օրը Տէրը ազատեց Իսրայէլը ու պատերազմը Բեթաւան անցաւ։
24 Այն օրը Իսրայէլի մարդիկը տագնապեցան. քանզի Սաւուղ ժողովուրդին երդում ընել տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ մինչեւ իրիկուն հաց ուտէ՝ անիծեալ ըլլայ, որպէս զի իմ թշնամիներէս վրէժ առնեմ» ու բոլոր ժողովուրդը բերանը հաց չդրաւ։
25 Բոլոր ժողովուրդը անտառ մը մտաւ, ուր գետնին երեսին վրայ մեղր կար։
26 Երբ ժողովուրդը անտառը մտաւ, տեսաւ որ մեղր կը վազէր. բայց ձեռքը բերնին մօտեցնող չեղաւ, քանզի ժողովուրդը երդումէն վախցաւ։
27 Սակայն Յովնաթան լսած չէր, երբ իր հայրը ժողովուրդին երդում ընել տուաւ. ուստի իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու մեղրին խորիսխին մէջ խոթեց ու իր ձեռքը բերանը տանելով՝ աչքերը բացուեցան։
28 Այն ատեն ժողովուրդէն մէկը ըսաւ. «Քու հայրդ ժողովուրդին մեծ երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Այսօր հաց ուտող մարդը անիծեալ ըլլայ’»։ Եւ ժողովուրդը նուաղած էր։
29 Յովնաթան ըսաւ. «Իմ հայրս ժողովուրդը նեղութեան մէջ ձգեց։ Նայեցէ՛ք, այս մեղրէն քիչ մը ուտելուս պէս աչքերս բացուեցան.
30 Ալ ո՛րչափ աւելի՝ եթէ ժողովուրդը այսօր իր թշնամիներէն գտած աւարը կշտանալու չափ ուտէ. այն ատեն Փղշտացիներուն մէջ աւելի մեծ կոտորած պիտի ըլլայ՝ ՝»։
31 Այն օրը անոնք Փղշտացիները Մաքմասէն մինչեւ Այեղոն զարկին, բայց ժողովուրդը խիստ նուաղեցաւ
32 Եւ ժողովուրդը աւարին վրայ ինկաւ ու ոչխարները, արջառները եւ հորթերը առին ու գետնի վրայ մորթեցին ու արիւնովը կերան։
33 Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա ժողովուրդը Տէրոջը դէմ կը մեղանչէ, քանզի արիւնով կ’ուտէ»։ Անիկա ըսաւ. «Անօրէնութիւն ըրիք. հիմա ինծի մեծ քար մը գլորեցէ՛ք»։
34 Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին մէջ ցրուեցէ՛ք եւ անոնց ըսէ՛ք՝ ‘Ամէն մարդ իր արջառն ու իր ոչխարը ինծի մօտեցնէ ու հոս մորթէ եւ ուտէ ու արիւնով ուտելով Տէրոջը դէմ մեղք չգործէ’»։ Ուստի բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր ձեռքովը, այն գիշերը իր արջառը մօտեցուց ու հոն մորթեց։
35 Եւ Սաւուղ Տէրոջը սեղան շինեց։ Այս էր Տէրոջը համար Սաւուղին շինած առաջին սեղանը։
36 Սաւուղ ըսաւ. «Գիշերով Փղշտացիներուն ետեւէն իջնենք ու մինչեւ արեւածագ՝ զանոնք թալլենք ու անոնցմէ մա՛րդ չթողունք»։ Անոնք ըսին. «Քու աչքերուդ ինչ որ հաճելի է՝ զայն ըրէ»։ Քահանան ըսաւ. «Հոս Աստուծոյ մօտենանք»։
37 Սաւուղ Աստուծոյ հարցուց՝ ըսելով. «Փղշտացիներուն ետեւէն իջնե՞մ. զանոնք Իսրայէլի ձեռքը պիտի տա՞ս»։ Բայց այն օրը Աստուած պատասխան չտուաւ անոր։
38 Այն ատեն Սաւուղ ըսաւ. «Հո՛ս մօտեցէք, ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ հասկցէ՛ք ու տեսէ՛ք թէ այսօր այս մեղքը որո՞ւն է։
39 Քանզի Իսրայէլը ազատող Տէրը կենդանի է, որ եթէ իմ որդիիս Յովնաթանին ալ ըլլայ, անպատճառ պիտի մեռնի»։ Բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պատասխան տուող մը չեղաւ։
40 Այն ատեն անիկա բոլոր Իսրայէլի ըսաւ. «Դուք մէկ կողմը կայնեցէք ու ես եւ իմ որդիս Յովնաթան միւս կողմը կայնինք»։ Ժողովուրդը Սաւուղին ըսաւ. «Աչքերուդ հաճոյ երեւցածդ ըրէ»։
41 Սաւուղ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը յայտնէ՝ ՝»։ Եւ Յովնաթան ու Սաւուղ վիճակով բռնուեցան ու ժողովուրդը ազատ մնաց։
42 Եւ Սաւուղ ըսաւ. «Իմ վրաս ու իմ որդիիս Յովնաթանի վրայ վիճակ ձգեցէք». Յովնաթան բռնուեցաւ։
43 Եւ Սաւուղ Յովնաթանին ըսաւ. «Ինծի իմացուր թէ ի՞նչ ըրիր»։ Յովնաթան անոր իմացուց ու ըսաւ. «Ձեռքիս գաւազանին ծայրովը քիչ մը մեղր կերեր եմ ու ահա ես պիտի մեռնիմ»։
44 Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ։ Անշուշտ պիտի մեռնիս, Յո՛վնաթան»։
45 Բայց ժողովուրդը Սաւուղին ըսաւ. «Յովնաթա՞ն պիտի մեռնի, ան որ այսօր Իսրայէլի մէջ այս մեծ փրկութիւնը ըրաւ։ Քա՛ւ լիցի. կենդանի է Տէրը, որ անոր գլխուն մէ՛կ մազը գետինը պիտի չիյնայ. քանզի այսօր Աստուծմով յաղթութիւն տարաւ»։ Այսպէս ժողովուրդը Յովնաթանը ազատեց ու անիկա չմեռաւ։
46 Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ ու Փղշտացիները իրենց տեղը գացին։
47 Երբ Սաւուղ սկսաւ Իսրայէլի վրայ թագաւորել, բոլոր շրջակայ թշնամիներուն հետ, այսինքն Մովաբին հետ եւ Ամմոնի որդիներուն հետ, Եդովմին հետ, Սուբայի թագաւորներուն հետ ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ ո՛ր կողմը որ դարձաւ՝ յաղթեց։
48 Ու քաջութիւն ընելով՝ ՝ Ամաղէկը զարկաւ եւ ազատեց Իսրայէլը իր կողոպտիչներուն ձեռքէն։
49 Սաւուղին որդիները Յովնաթան, Յեսուին ու Մեղքիսաւէն էին։ Անոր երկու աղջիկներուն անունները՝ առաջինին անունը Մերովբ ու պզտիկին անունը Մեղքող էր։
50 Սաւուղին կնոջ անունը Աքինոամ էր, որ Աքիմաասին աղջիկն էր։ Անոր զօրավարին անունը Աբեններ էր, Սաւուղին հօրեղբօրը՝ Ների՝ որդին։
51 Եւ Կիս, Սաւուղին հայրը ու Աբեններին հայրը՝ Ներ՝ Աբիէլին որդիներն էին։
52 Սաւուղին բոլոր օրերը Փղշտացիներուն դէմ սաստիկ պատերազմ կար։ Սաւուղ ամէն զօրաւոր մարդ եւ ամէն ուժի տէր եղող իր քով կը հաւաքէր։