Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 11

Ամմոնացի Նաաս ելաւ ու Գաղաադի Յաբիսին դէմ բանակեցաւ եւ Յաբիսի բոլոր բնակիչները Նաասին ըսին. «Մեզի հետ դաշնակցութիւն ըրէ ու քեզի ծառայենք»։
2 Այն ատեն Ամմոնացի Նաաս անոնց ըսաւ. «Ձեզի հետ այն պայմանով դաշնակցութիւն կ’ընեմ, որ ձեր ամենուն աջ աչքը փորեմ ու այս բանը բոլոր Իսրայէլի վրայ նախատինք դնեմ»։
3 Յաբիսին ծերերը անոր ըսին. «Մեզի եօթը օր ժամանակ տուր, որպէս զի Իսրայէլի բոլոր սահմանները պատգամաւորներ ղրկենք ու եթէ մեզ ազատող չըլլայ, այն ատեն քեզի անձնատուր կ’ըլլանք՝ ՝»։
4 Ուստի պատգամաւորները Գաբաան գացին Սաւուղին եւ ժողովուրդին ականջներուն այս խօսքերը ըսին ու բոլոր ժողովուրդը ձայներնին վերցնելով լացին։
5 Ահա Սաւուղ արտէն կու գար իր եզներուն ետեւէն ու Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին ի՞նչ եղաւ, որ կու լան» ու Յաբիսին բնակիչներուն խօսքերը անոր պատմեցին։
6 Երբ այս խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին վրայ եկաւ ու անոր բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ։
7 Զոյգ մը եզ առաւ ու զանոնք կտոր կտոր ըրաւ ու պատգամաւորներուն ձեռքով Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց՝ ըսելով. «Ով որ Սաւուղին ետեւէն ու Սամուէլին ետեւէն չգայ, անոր եզներուն այսպէս պիտի ընեն»։ Ժողովուրդին վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու ամէնքը մէկ մարդու պէս ելան։
8 Եւ Սաւուղ Բեզեկի մէջ համրեց զանոնք։ Իսրայէլի որդիները երեք հարիւր հազար եւ Յուդայի մարդիկը երեսուն հազար էին։
9 Եկող պատգամաւորներուն ըսին. «Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն այսպէս ըսէք. ‘Վաղը երբ արեւը տաքնայ, ձեզի ազատութիւն պիտի ըլլայ’»։ Երբ պատգամաւորները գացին եւ Յաբիսին բնակիչներուն այս բանը իմացուցին, անոնք ուրախացան։
10 Յաբիսին բնակիչները ըսին Ամմոնացիներուն. «Վաղը ձեզի անձնատուր կ’ըլլանք ու ձեր աչքերուն ինչ որ հաճելի ըլլայ, զայն ըրէք մեզի»։
11 Հետեւեալ օրը Սաւուղ ժողովուրդը երեք գունդի բաժնեց ու առտուն բանակին մէջ մտան եւ Ամմոնացիները զարկին մինչեւ որ օրը տաքցաւ եւ մնացածները այնպէս ցրուեցան, որ անոնցմէ երկու մարդ մէկտեղ չմնաց։
12 Այն ատեն ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «‘Սաւո՞ւղ մեր վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ’ ըսողը ո՞վ է. այն մարդիկը տուէք, որպէս զի մեռցնենք»։
13 Սաւուղ ըսաւ. «Այսօր ոեւէ մարդ պիտի չմեռցուի, քանզի այսօր Տէրը Իսրայէլի համար փրկութիւն ըրաւ»։
14 Եւ Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Եկէք Գաղգաղա երթանք ու հոն թագաւորութիւնը նորէն հաստատենք»։
15 Ուստի բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղա գացին ու հոն Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ Սաւուղը թագաւոր ըրին եւ Տէրոջը խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին ու Սաւուղ եւ բոլոր Իսրայէլի մարդիկը հոն մեծ ուրախութիւն ըրին։