Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 13
Երբ այս բաները եղան, Սաւուղ մէկ տարուան թագաւոր էր։ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրած էր,
2 Երբ ան Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ ընտրեց իրեն համար։ Երկու հազարը Սաւուղին հետ Մաքմաս ու Բեթէլի լեռն էին եւ հազարն ալ Յովնաթանին հետ Բենիամինի Գաբաան էին, իսկ մնացած ժողովուրդը ամէն մարդ իր վրանը ղրկեց։
3 Յովնաթան Գաբաայի մէջ եղող Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ ու Փղշտացիները լսեցին։ Այն ատեն Սաւուղ բոլոր երկրին մէջ փող հնչեցնել տուաւ՝ ըսելով. «Եբրայեցիները թող լսեն»։
4 Բոլոր Իսրայէլ լսեց թէ Սաւուղ Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ եւ Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւ ատելի եղաւ ու բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղայի մէջ Սաւուղին քով հաւաքուեցան։
5 Փղշտացիներն ալ հաւաքուեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Անոնք երեսուն հազար կառք ու վեց հազար ձիաւոր ունէին եւ ժողովուրդը ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էր ու ելան եւ Բեթաւանի արեւելեան կողմը Մաքմասի մէջ բանակեցան։
6 Երբ Իսրայէլի մարդիկը զիրենք նեղութեան մէջ տեսան՝ ժողովուրդը տագնապած՝ քարայրներու, թուփերու, ժայռերու, աշտարակներու ու փոսերու մէջ պահուեցան
7 կամ Յորդանանի հունը կտրելով Գադի ու Գաղաադի երկիրը անցան. բայց Սաւուղ դեռ Գաղգաղայի մէջ էր ու բոլոր ժողովուրդը դողալով անոր ետեւէն կ’երթային։
8 Անիկա Սամուէլին որոշած ժամանակին չափ եօթը օր սպասեց, բայց Սամուէլ Գաղգաղա չեկաւ ու ժողովուրդը անոր քովէն ցրուեցաւ։
9 Ու Սաւուղ ըսաւ. «Ողջակէզը ու խաղաղութեան զոհը իմ մօտ բերէք»։ Ինք ողջակէզը մատուցանեց։
10 Երբ անիկա ողջակէզը մատուցանելը լմնցուց, այն ատեն Սամուէլ եկաւ եւ Սաւուղ ելաւ զանիկա դիմաւորելու ու բարեւելու։
11 Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Տեսայ թէ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի ու դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար ու Փղշտացիները Մաքմասի մէջ հաւաքուած են, ըսի.
12 ‘Փղշտացիները հիմա իմ վրայ Գաղգաղա պիտի իջնեն ու ես Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրած չեմ’. ուստի համարձակելով՝ ՝ ՝ ողջակէզը մատուցանեցի»։
13 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Յիմարութիւն ըրիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի պատուիրած պատուիրանքը չպահեցիր։ Տէրը քու թագաւորութիւնդ Իսրայէլի վրայ մինչեւ յաւիտեան պիտի հաստատէր,
14 Բայց հիմա քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ։ Տէրը իրեն համար իր սրտին համեմատ մարդ մը կը փնտռէ, որ իշխան կարգէ իր ժողովուրդին վրայ. քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։
15 Ապա Սամուէլ ելաւ ու Գաղգաղայէն Բենիամինին Գաբաան գնաց։ Սաւուղ իր քով գտնուող ժողովուրդը համրեց, որոնք վեց հարիւրի չափ էին։
16 Սաւուղ եւ անոր որդին Յովնաթան ու անոնց հետ գտնուող մարդիկը Բենիամինին Գաբաան կը նստէին ու Փղշտացիներուն բանակը Մաքմասի մէջ էր։
17 Փղշտացիներուն բանակէն երեք գունդ աւարառու ելաւ. գունդին մէկը դէպի Եփրայի ճամբան՝ Սաւուղին երկիրը դարձաւ
18 Եւ գունդին մէկը դէպի Բեթորոնի ճամբան դարձաւ ու գունդին մէկն ալ դէպի անապատը դարձաւ ու Սեբոյիմի հովիտը նայող սահմանին ճամբան բռնեց։
19 Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ դարբին մը չէր գտնուեր, քանզի Փղշտացիները ըսեր էին թէ ‘Չըլլայ թէ Եբրայեցիները սուր կամ նիզակ շինեն’։
20 Բոլոր Իսրայելացիները՝ ամէն մէկը իր բրիչը, խոփը, տապարն ու բահը շտկելու համար Փղշտացիներուն երկիրը կ’իջնէին։
21 Բայց բրիչներուն, խոփերուն, եռաժանի գործիքներուն ու տապարներուն համար եւ խթանները սրելու համար խարտոցներ ունէին։
22 Այնպէս որ պատերազմին օրը՝ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ձեռքը սուր կամ նիզակ չէր գտնուեր. միայն Սաւուղի ու անոր որդիին Յովնաթանի քով կը գտնուէր։
23 Ու Փղշտացիներու պահապան զօրքը Մաքմասի կիրճը ելան։