Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 23
Դաւիթին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա Փղշտացիները Կէիլայի հետ պատերազմ կ՛ընեն ու կալերը կը կողոպտեն»։
2 Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Երթամ այս Փղշտացիները զարնե՞մ»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ Փղշտացիները զա՛րկ ու Կէիլան ազատէ»։
3 Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա մենք հոս Յուդայի մէջ կը վախնանք. ալ ո՜րչափ աւելի՝ եթէ Կէիլա երթանք Փղշտացիներուն գունդերուն դէմ»։
4 Դաւիթ նորէն Տէրոջը հարցուց։ Տէրը անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, Կէիլա իջի՛ր, քանզի ես Փղշտացիները քու ձեռքդ պիտի տամ»։
5 Եւ Դաւիթ իր մարդոցմով Կէիլա գնաց ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց անասունները առաւ եւ զանոնք մեծ հարուածով մը զարկաւ ու Դաւիթ Կէիլայի բնակիչները ազատեց։
6 Եւ Աքիմելէքին որդին Աբիաթար Դաւիթին քով Կէիլա փախած ատեն եփուտը ձեռքը բռնած իջաւ։
7 Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Կէիլա մտեր է, Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած իմ ձեռքս մատներ է զանիկա, քանզի դռներ ու նիգեր ունեցող քաղաքի մը մէջ մտեր գոցուեր է»։
8 Սաւուղ բոլոր ժողովուրդը պատերազմի կանչեց, որպէս զի Կէիլա իջնէ ու Դաւիթը եւ անոր մարդիկը պաշարէ։
9 Իսկ Դաւիթ իմանալով, որ Սաւուղ իրեն համար գաղտուկ չարութիւն մը կը ծրագրէ, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր»։
10 Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, քու ծառադ ստոյգ լսեց թէ Սաւուղ Կէիլայի վրայ գալ կ’ուզէ, որպէս զի քաղաքը իմ պատճառովս աւերէ.
11 Արդեօք Կէիլայի բնակիչները զիս անոր ձեռքը պիտի մատնե՞ն ու ծառայիդ լսածին պէս Սաւուղ հոս պիտի իջնէ՞. ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, կ’աղաչեմ, ծառայիդ յայտնէ»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Պիտի իջնէ»։
12 Դաւիթ ըսաւ. «Կէիլայի բնակիչները զիս ու իմ մարդիկս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն»։ Տէրը ըսաւ. «Պիտի մատնեն»։
13 Ուստի Դաւիթ ու իր մարդիկը, վեց հարիւր մարդու չափ, ելան Կէիլայէն գացին եւ ո՛ւր որ կրնային երթալ՝ գացին։ Երբ Դաւիթին Կէիլայէն ելլելը Սաւուղին իմացուցին, Սաւուղ հոն երթալէն ետ կեցաւ։
14 Դաւիթ անապատին մէջ ամուր տեղեր կը նստէր ու Զիփի անապատին մէջ լերան մը վրայ նստաւ։ Սաւուղ ամէն օր զանիկա կը փնտռէր, բայց Աստուած անոր ձեռքը չմատնեց զանիկա։
15 Դաւիթ տեսնելով որ Սաւուղ իր անձը փնտռելու ելեր է, Զիփի անապատէն անտառի մը մէջ քաշուեցաւ։
16 Սաւուղին որդին Յովնաթան ելաւ անտառը գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց։
17 Եւ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի իմ հօրս Սաւուղին ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ։ Այս բանը իմ հայրս Սաւուղ ալ գիտէ»։
18 Ու երկուքը Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրին եւ Դաւիթ անտառին մէջ մնաց, բայց Յովնաթան իր տունը դարձաւ։
19 Զիփացիք Գաբաա ելան Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ մեր քով ամուր տեղերը անտառին մէջ, Եքեղա բլուրին վրայ, Եսիմոնի հարաւային կողմը պահուած է։
20 Հիմա, ո՛վ թագաւոր, եթէ քու անձդ իջնելու կը փափաքի՝ իջի՛ր ու զանիկա թագաւորին ձեռքը մատնելը մեր գործն է»։
21 Սաւուղ ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ինծի ցաւակից եղաք։
22 Ուրեմն գացէ՛ք ու աւելի աղէկ գիտցէ՛ք եւ անոր ոտքին կոխած տեղը դիտեցէ՛ք ու տեսէ՛ք եւ թէ ո՞վ զանիկա հոն տեսեր է. քանզի ինծի ըսած են թէ անիկա շատ խորամանկ է։
23 Ուստի նայեցէ՛ք ու անոր բոլոր պահուելու տեղերը իմացէ՛ք եւ այսպէս ստուգելով ինծի դարձէ՛ք, որպէս զի ձեզի հետ երթամ ու եթէ անիկա այն երկրին մէջ է, զանիկա Յուդայի հազարաւորներուն մէջ աղէկ մը պիտի փնտռեմ»։
24 Անոնք ելան եւ Սաւուղին առջեւէն Զիփ գացին։ Դաւիթ իր մարդոցմով Մաոնի անապատը դաշտին մէջ, Եսիմոնի հարաւային կողմը, նստեր էր։
25 Սաւուղ իր մարդոցմով զանիկա փնտռելու գնաց։ Երբ Դաւիթին իմացուցին՝ վէմը իջաւ եւ Մաոնի անապատին մէջ նստաւ։
26 Երբ Սաւուղ լերանը այս կողմէն կ’երթար, Դաւիթ ալ իր մարդոցմով լերանը անդիի կողմէն կ’երթար։ Դաւիթ կը փութար որ Սաւուղին երեսէն փախչի, բայց Սաւուղ ու իր մարդիկը Դաւիթին ու անոր մարդոցը չորս կողմը շրջապատեցին, որպէս զի զանոնք բռնեն։
27 Լրաբեր մը եկաւ ու Սաւուղին ըսաւ. «Շուտով եկո՛ւր, քանզի Փղշտացիները երկիրը կոխեցին»։
28 Ուստի Սաւուղ Դաւիթը հալածելէն դարձաւ գնաց, որպէս զի Փղշտացիներուն դէմ դնէ. անոր համար այն տեղը Սելա-Մահլէգօթ կոչուեցաւ։