Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 30

Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը երրորդ օրը Սիկելակ մտան, ահա Ամաղեկացիները հարաւային երկրին ու Սիկելակի վրայ յարձակեր ու զայն այրեր էին.
2 Հոն եղած կիները գերի առեր էին եւ բոլորը, որ հոն կը գտնուէին, պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ մարդ մը չէին մեռցուցեր, հապա զանոնք իրենց հետ տանելով ճամբանին գացեր էին։
3 Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը քաղաքը հասան, ահա անիկա կրակով այրուած էր ու իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները գերի առնուած էին։
4 Ուստի Դաւիթ ու իրեն հետ եղող ժողովուրդը ձայներնին վերցուցին ու այնքան լացին, մինչեւ որ իրենց վրայ ոյժ չմնաց։
5 Դաւիթին երկու կիները, Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան ալ գերի առնուած էին։
6 Դաւիթ մեծ տագնապի մէջ էր, քանզի ժողովուրդը զանիկա քարկոծել կ’ուզէր, որովհետեւ բոլոր ժողովուրդին սիրտը կը կսկծար իրենց տղոցը ու աղջիկներուն համար. բայց Դաւիթ իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ։
7 Դաւիթ Աքիմելէքի որդիին, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր ինծի»։ Ու Աբիաթար եփուտը Դաւիթին մօտեցուց։
8 Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Այս գունդը հալածե՞մ, անոնց կը հասնի՞մ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Հալածէ՛, քանզի անշուշտ պիտի հասնիս ու բոլորը պիտի ազատես»։
9 Դաւիթ ինք ու իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդիկը գացին ու մինչեւ Բոսոր հեղեղատը հասան ու ետ մնացողները հոն կեցան։
10 Եւ Դաւիթ չորս հարիւր մարդով թշնամին հալածեց. (սակայն երկու հարիւր մարդիկը շատ յոգնած ըլլալնուն համար՝ Բոսոր հեղեղատին անդիի կողմը մնացին ու չկրցան անցնիլ։)
11 Դաշտին մէջ Եգիպտացի մը գտան եւ զանիկա Դաւիթին բերին։ Անոր հաց տուին ու կերաւ, անոր ջուր խմցուցին
12 Եւ անոր քիչ մը չոր թուզ ու երկու ողկոյզ չամիչ տուին, որ կերաւ ու ոգին վրան եկաւ. քանզի երեք օր ու երեք գիշեր հաց չէր կերած ու ջուր չէր խմած։
13 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Դուն որո՞ւն մարդն ես եւ ուրկէ՞ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես Եգիպտացի պատանի մըն եմ ու Ամաղեկացի մարդու մը ծառան։ Երեք օր է, որ հիւանդ ըլլալուս համար իմ տէրս զիս հոս թողուց։
14 Մենք Քերեթի հարաւային կողմը՝ Յուդայի կողմերը ու Քաղէբի հարաւային կողմերը յարձակեցանք ու Սիկելակը կրակով այրեցինք»։
15 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Զիս այն գունդին կրնա՞ս հասցնել»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն ինծի Աստուծմով երդում ըրէ, որ զիս պիտի չմեռցնես ու զիս իմ տիրոջս ձեռքը պիտի չտաս, ես ալ քեզ այն գունդին կը հասցնեմ»։
16 Երբ զանիկա հոն տարաւ, ահա անոնք բոլոր գետնին վրայ ցրուած էին, կ’ուտէին ու կը խմէին եւ Փղշտացիներու երկրէն ու Յուդայի երկրէն առած այն բոլոր մեծ աւարին համար ուրախութիւն կ’ընէին։
17 Դաւիթ արշալոյսէն մինչեւ հետեւեալ օրուան իրիկունը՝ ՝ զանոնք զարկաւ ու անոնցմէ մարդ չազատեցաւ, բայց միայն չորս հարիւր երիտասարդներ, որոնք ուղտերու վրայ հեծան ու փախան։
18 Դաւիթ Ամաղեկացիներուն առած բոլոր բաները ազատեց։ Դաւիթ իր երկու կիներն ալ ազատեց։
19 Ոեւէ մէկ բան պակաս չէր՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը, թէ՛ տղայ, թէ՛ աղջիկ եւ թէ՛ աւար, ինչ որ անոնք առեր տարեր էին, Դաւիթ ամէնքն ալ ետ բերաւ։
20 Դաւիթ բոլոր ոչխարներն ու արջառները առաւ եւ զանոնք իրենց հօտերուն առջեւէն կը տանէին ու կ’ըսէին. «Դաւիթին աւարը ասիկա է»։
21 Դաւիթ այն երկու հարիւր մարդոցը քով եկաւ, որոնք շատ յոգնած ըլլալնուն համար չէին կրցեր Դաւիթին ետեւէն երթալ ու զանոնք Բոսոր հեղեղատը նստեցուցեր էր։ Անոնք ելան Դաւիթն ու անոր հետ եղող ժողովուրդը դիմաւորելու։ Դաւիթ երբ ժողովուրդին մօտեցաւ, անոնց առողջութիւնը հարցուց։
22 Դաւիթին հետ գացող մարդոցմէն բոլոր չար ու անզգամ մարդիկը ըսին. «Քանի որ ասոնք մեզի հետ չեկան՝ մենք ալ անոնց մեր ազատած աւարէն չենք տար։ Ամէն մարդ միայն իր կինն ու տղաքները թող առնէ ու երթայ»։
23 Բայց Դաւիթ անոնց ըսաւ. «Այդպէս մի՛ ընէք, եղբայրնե՛ր։ Տէրը մեզի տուաւ ասիկա եւ ինք մեզ պահեց ու մեր վրայ եկող գունդը մեր ձեռքը մատնեց։
24 Այս բանին մէջ ո՞վ ձեզի մտիկ կ’ընէ. քանզի կարասիներուն քով նստողներուն բաժինը պատերազմի գացողներուն բաժինին հետ հաւասար պէտք է ըլլայ, հաւասարապէս պէտք է բաժնեն»։
25 Այն օրէն ի վեր ասիկա Իսրայէլի մէջ կանոն ու օրէնք եղաւ ու կը կենայ մինչեւ այսօր։
26 Դաւիթ Սիկելակ եկաւ ու այն աւարէն Յուդային ծերերուն՝ իր բարեկամներուն ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա ձեզի Տէրոջը թշնամիներուն աւարէն ընծայ կը ղրկեմ։
27 Այսինքն Բեթէլի մէջ եղողներուն, հարաւային Ռամովթի մէջ եղողներուն, Յաթիրի մէջ եղողներուն,
28 Արոէրի մէջ եղողներուն, Սեփամովթի մէջ եղողներուն, Եսթեմովի մէջ եղողներուն,
29 Րաքայի մէջ եղողներուն, Յերամելացիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Կենեցիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն,
30 Հօրմայի մէջ եղողներուն, Քովրասանի մէջ եղողներուն, Աթաքի մէջ եղողներուն,
31 Քեբրոնի մէջ եղողներուն եւ այն բոլոր տեղերուն, ուր Դաւիթ իր մարդոցմով պտըտեր էր»։