Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 5

Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Աբենեզերէն Ազովտոս տարին։
2 Եւ Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Դագոնի տունը տարին եւ Դագոնին քով դրին։
3 Հետեւեալ օրը Ազովտացիները առտուն կանուխ ելլելով, տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Անոնք Դագոնը վերցուցին իր տեղը դրին։
4 Հետեւեալ օրը դարձեալ առտուն կանուխ եկան ու տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Դագոնին գլուխն ու ձեռքերուն երկու թաթերը կոտրած ու սեմին վրայ ինկած էին եւ միայն Դագոնին մարմինը մնացեր էր։
5 (Այս պատճառով Դագոնին քուրմերը ու Դագոնին տունը բոլոր մտնողները մինչեւ այսօր Ազովտոս եղող Դագոնին սեմին վրայ չեն կոխեր։)
6 Անկէ յետոյ Տէրոջը ձեռքը Ազովտացիներուն վրայ ծանրացաւ ու զանոնք կորսնցուց։ Զանոնք Ազովտոսին ու անոր սահմաններուն մէջ թանչքի ուռեցքներով զարկաւ։
7 Ազովտոսին բնակիչները ասիկա տեսնելով՝ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը պէտք չէ մեր քով մնայ. քանզի անոր ձեռքը մեր վրայ ու մեր աստուծոյն Դագոնին վրայ ծանրացաւ»։
8 Եւ մարդ ղրկեցին ու Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները իրենց քով հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ի՞նչ ընենք»։ Անոնք ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ թող փոխադրուի»։ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ փոխադրեցին։
9 Հոն փոխադրելէ ետքը, Տէրոջը ձեռքը այն քաղաքին վրայ ըլլալով՝ մեծ խռովութիւն եղաւ ու քաղաքին մարդիկը պզտիկէն մինչեւ մեծը զարնուեցան։ Անոնց վրայ թանչքի ուռեցքներ երեւցան։
10 Այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն ղրկեցին։ Երբ Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն մտաւ, Ակկարոնացիները կանչուըռտելով ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեզի բերին, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը մեռցնեն»։
11 Ուստի մարդ ղրկելով՝ Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը թող տուէք որ երթայ եւ իր տեղը դառնայ, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը չմեռցնէ», քանզի բոլոր քաղաքին մէջ մահառիթ սոսկում մը կար ու Աստուծոյ ձեռքը խիստ ծանրացեր էր։
12 Չմեռած մարդիկը թանչքի ուռեցքներով զարնուեցան ու քաղաքին աղաղակը երկինք հասաւ։