Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 20

Դաւիթ Ռամայի Նաւաթէն փախաւ ու գնաց Յովնաթանին առջեւ ու ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրեր եմ, յանցանքս ի՞նչ է ու ի՞նչ մեղք գործեր եմ քու հօրդ առջեւ, որ անիկա զիս մեռցնել կ’ուզէ»։
2 Յովնաթան ըսաւ անոր. «Քա՜ւ լիցի, դուն պիտի չմեռնիս. ահա իմ հայրս մեծ կամ պզտիկ բան մը չըներ առանց ինծի յայտնելու։ Իմ հայրս ինչո՞ւ համար այդ բանը ինծմէ պիտի պահէ։ Այդպիսի բան չկայ»։
3 Իսկ Դաւիթ երդում ալ ըրաւ ու ըսաւ. «Քու հայրդ աղէկ գիտէ, որ ես քու առջեւդ շնորհք գտեր եմ. անոր համար կ’ըսէ թէ՝ ‘Յովնաթան այս բանը թող չգիտնայ, չըլլայ թէ վշտանայ’. բայց կենդանի է Տէրը ու կենդանի է քու անձդ, որ իմ ու մահուան մէջտեղ միայն մէկ քայլ մնացեր է»։
4 Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Սրտիդ ուզած բանը ինծի ըսէ ու՝ ՝ ես քեզի ընեմ»։
5 Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանին. «Ահա վաղը ամսագլուխ է ու պէտք է որ ես թագաւորին հետ կերակուր ուտելու համար սեղան նստիմ. սակայն թուլատրէ, որ մինչեւ երրորդ օրուան իրիկունը դաշտին մէջ պահուիմ։
6 Եթէ քու հայրդ զիս փնտռելու ըլլայ, ըսէ թէ Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց, որ աճապարանքով իր քաղաքը Բեթլէհէմ երթայ. քանզի հոն իր բոլոր ազգատոհմին տարեկան զոհը պիտի ըլլայ։
7 Եթէ հայրդ ըսէ՝ ‘Աղէկ’, ըսել է քու ծառայիդ խաղաղութիւն է. բայց եթէ խիստ բարկանայ, գիտցիր թէ անիկա որոշեր է ինծի չարութիւն ընել։
8 Ուստի ծառայիդ ողորմութիւն ըրէ՛, քանզի դուն քու ծառայիդ հետ Տէրոջը անունովը ուխտ ըրիր ու եթէ իմ վրաս յանցանք մը կայ, դուն մեռցուր զիս. ինչո՞ւ համար զիս քու հօրդ տանիս»։
9 Յովնաթան ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ ես ստոյգ գիտնալով թէ իմ հօրս կողմանէ քեզի համար չարիք որոշուած է, քեզի չիմացնեմ»։
10 Ու Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանին. «Հապա եթէ քու հայրդ քեզի խստութեամբ պատասխան տայ, ինծի ո՞վ պիտի իմացնէ»։
11 Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Եկուր, դաշտը ելլենք» ու երկուքը դաշտը ելան։
12 Եւ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Վկայ է Իսրայէլի Տէր Աստուածը. եթէ վաղը այս ատեն կամ միւս օր իմ հայրս քննելով տեսնեմ թէ քեզի համար աղէկութիւն մը կայ եւ նոյն ատեն մարդ չղրկեմ ու քեզի չյայտնեմ,
13 Տէրը Յովնաթանին այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ. բայց եթէ իմ հայրս քեզի չարութիւն մը ընել ուզէ, զանիկա ալ քեզի պիտի յայտնեմ ու քեզ պիտի արձակեմ, որպէս զի խաղաղութեամբ երթաս ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս իմ հօրս հետ էր։
14 Եւ ոչ միայն իմ կենդանութեանս ատեն դուն ինծի Տէրոջը ողորմութիւնը ընես՝ որպէս զի ես չմեռնիմ,
15 Այլ քու ողորմութիւնդ իմ տունէս յաւիտեան չկտրես, ոչ ալ այն ատեն երբ Տէրը քու բոլոր թշնամիներդ երկրի վրայէն վերցնէ»։
16 Եւ Յովնաթան Դաւիթին տանը հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Տէրը թող Դաւիթին թշնամիներէն վրէժ առնէ»։
17 Յովնաթան Դաւիթին նորէն երդում ընել տուաւ՝ զանիկա սիրելուն համար. քանզի զանիկա իր անձին պէս կը սիրէր։
18 Յովնաթան անոր ըսաւ. «Վաղը ամսագլուխ է ու դուն պիտի փնտռուիս, քանզի քու տեղդ պարապ պիտի մնայ։
19 Երրորդ օրը շուտով իջի՛ր եւ եկո՛ւր այն տեղ՝ ուր գործին օրը պահուեցար եւ Եզելի քարին վրայ նստի՛ր։
20 Ես անոր քով նշանի մը նետելու պէս՝ երեք նետ պիտի նետեմ
21 Եւ մանչը պիտի ղրկեմ՝ ըսելով. ‘Գնա՛, նետերը գտիր’։ Եթէ մանչուն ըսեմ՝ ‘Ահա նետերը քեզմէ ասդին են, զանոնք առ’, այ ատեն եկուր, քանզի խաղաղութիւն է։ Տէրը կենդանի է որ բան մը չկայ։
22 Բայց եթէ մանչուն ըսեմ՝ ‘Նետերը քեզմէ անդին են’, այն ատեն գնա՛, քանզի Տէրը քեզ կը ղրկէ։
23 Այս խօսքին համար, որ ես ու դուն խօսեցանք, ահա Տէրը իմ ու քու մէջտեղ յաւիտեան վկայ թող ըլլայ»։
24 Դաւիթ դաշտին մէջ պահուեցաւ եւ ամսագլուխը հասնելով՝ թագաւորը կերակուր ուտելու համար սեղան նստաւ։
25 Թագաւորը իր սովորութեանը պէս իր աթոռը՝ պատին կռթնած աթոռը՝ նստաւ ու Յովնաթան ոտքի ելաւ եւ Սաւուղին քով Աբեններ նստաւ, բայց Դաւիթին տեղը պարապ մնաց։
26 Սաւուղ այն օրը բան մը չխօսեցաւ, քանզի ըսաւ. «Անոր բան մը պատահեր է. անիկա մաքուր չէ, անտարակոյս մաքուր պիտի չըլլայ»։
27 Հետեւեալ օրը, ամսուան երկրորդ օրն ալ, Դաւիթին տեղը պարապ էր. ուստի Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ըսաւ. «Յեսսէին որդին ինչո՞ւ համար երէկ ու այսօր սեղան չեկաւ»։
28 Եւ Յովնաթան Սաւուղին պատասխանեց. «Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց որ Բեթլէհէմ երթայ
29 Ու ըսաւ՝ ‘Շնորհք ըրէ, զիս ղրկէ, քանզի այն քաղաքին մէջ մեր ազգատոհմը զոհ կ’ընէ ու իմ եղբայրս ինծի պատուիրած է եւ եթէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտեր եմ, կ’աղաչեմ զիս թող տուր որ երթամ ու եղբայրներս տեսնեմ’. այս պատճառով թագաւորին սեղանը չեկաւ»։
30 Սաւուղին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Յովնաթանին դէմ ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ ապստամբ ու չար զաւակ, ես չե՞մ գիտեր թէ դուն Յեսսէին որդին ընտրեցիր քեզ ու մայրդ խայտառակելու համար։
31 Քանզի՝ քանի որ Յեսսէի որդին երկրի վրայ ողջ է, դուն պիտի չհաստատուիս, ոչ ալ քու թագաւորութիւնդ. ուստի հիմա մարդ ղրկէ ու զանիկա ինծի բե՛ր։ Անիկա մահու արժանի է»։
32 Յովնաթան իր հօրը Սաւուղին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար պիտի մեռցուի, անիկա ի՞նչ ըրաւ»։
33 Սաւուղ նիզակը նետեց անոր, որպէս զի զանիկա զարնէ։ Այն ատեն Յովնաթան իմացաւ թէ իր հայրը որոշեր է Դաւիթը մեռցնել։
34 Յովնաթան սաստիկ բարկութեամբ սեղանէն ելաւ ու ամսուան երկրորդ օրը կերակուր չկերաւ. քանզի Դաւիթին համար սիրտը կոտրեցաւ, որովհետեւ իր հայրը զանիկա անարգեց։
35 Յովնաթան առաւօտուն դաշտը ելաւ, ինչպէս Դաւիթին հետ որոշեր էր։ Իրեն հետ պզտիկ մանչ մը կար։
36 Իր մանչուն ըսաւ. «Վազէ ու այս իմ նետած նետերս գտիր»։ Մանչուն վազած ատենը անիկա նետը անկէ անդին նետեց։
37 Երբ մանչը Յովնաթանին նետած նետին տեղը գնաց, Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Նետը քեզմէ անդին է»։
38 Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչեց. «Շուտ ըրէ՛, աճապարէ՛, մի՛ կենար»։ Յովնաթանին մանչը նետերը հաւաքեց, իր տիրոջը եկաւ։
39 Բայց մանչը բան մը չէր գիտեր։ Այս բանը միայն Յովնաթան ու Դաւիթ գիտէին։
40 Յովնաթան իր գործիքները իր մանչուն տուաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, քաղաքը տար»
41 Ու երբ մանչը գնաց, Դաւիթ հարաւային կողմէն ելաւ ու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երեք անգամ երկրպագութիւն ըրաւ եւ մէկզմէկ համբուրեցին ու իրարու վրայ լացին։ Դաւիթ չափէն աւելի շատ լացաւ։
42 Յովնաթան Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ինչպէս երկուքս ալ Տէրոջը անունովը երդում ըրինք ու ըսինք՝ ‘Տէրը իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ սերունդիս ու քու սերունդիդ մէջտեղ վկայ ըլլայ մինչեւ յաւիտեան’»։
43 Եւ Դաւիթ ելաւ գնաց։ Յովնաթան ալ քաղաքը դարձաւ։