Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 17

Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին պատերազմելու համար եւ Յուդայի Սոքովին մէջ հաւաքուեցան եւ Սոքովի ու Ազեկայի մէջտեղ Ափեսդոմմի մէջ բանակեցան։
2 Սաւուղ ու Իսրայէլի մարդիկը հաւաքուեցան ու Էլայի հովիտին մէջ բանակեցան եւ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար կարգաւ շարուեցան։
3 Փղշտացիները մէկ կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու Իսրայելացիները միւս կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու հովիտը անոնց մէջտեղն էր։
4 Փղշտացիներու բանակէն Գողիաթ անունով, վեց կանգուն ու մէկ թիզ բարձրութեամբ, Գեթացի ախոյեան մը ելաւ։
5 Անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ կար ու հիսուած զրահ մը հագեր էր։ Անոր պղնձէ զրահին ծանրութիւնը հինգ հազար սիկղ էր։
6 Ոտքերուն վրայէն պղնձէ սռնապաններ եւ ուսերուն մէջտեղ պղնձէ գեղարդ մը ունէր։
7 Անոր նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր ու նիզակին տէգը վեց հարիւր սիկղ երկաթ էր։ Անոր վահանը կրողը անոր առջեւէն կ’երթար։
8 Անիկա եկաւ կայնեցաւ ու Իսրայէլի գունդերուն կանչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզի դէմ պատերազմ ընելու ելեր էք ու գունդերով շարուեր էք, միթէ ես Փղշտացի չե՞մ ու դուք Սաւուղի ծառաները չէ՞ք։ Ձեր մէջէն մարդ մը ընտրեցէ՛ք, որպէս զի գայ ինծի հետ մենամարտի։
9 Եթէ կարող ըլլայ ինծի հետ կռուիլ ու զիս մեռցնէ, այն ատեն մենք ձեզի ծառայ ըլլանք, բայց եթէ ես յաղթեմ ու զանիկա մեռցնեմ, այն ատեն դուք մեզի ծառայ ըլլաք ու մեզի ծառայութիւն ընէք»։
10 Եւ այն Փղշտացին աւելցուց. «Ես այսօր Իսրայէլի գունդերը նախատեցի. ինծի մարդ մը տուէք, որպէս զի իրարու հետ կռուինք»։
11 Երբ Սաւուղ ու բոլոր Իսրայէլ Փղշտացիին այս խօսքերը լսեցին, զարհուրեցան ու խիստ վախցան։
12 Դաւիթ Եփրաթացի, այսինքն Յուդայի Բեթլէհեմացի, Յեսսէ անունով մարդու մը որդին էր։ Անիկա ութը որդի ունէր ու անիկա Սաւուղին օրերը ծեր մարդ մը կը սեպուէր։
13 Յեսսէին երեք մեծ որդիները իր քովէն ելլելով, Սաւուղին ետեւէն պատերազմի գացեր էին։ Պատերազմի գացող երեք որդիներուն անունները՝ անդրանիկինը՝ Եղիաբ, երկրորդինը՝ Աբինադաբ եւ երրորդինը Սամաա էր։
14 Դաւիթ անոր ամենէն պզտիկն էր։ Երեք մեծերը Սաւուղին ետեւէն գացին.
15 Բայց Դաւիթ Սաւուղին քովէն ելլելով Բեթլէհէմ դարձեր էր, որպէս զի իր հօրը ոչխարները արածէ։
16 Եւ այն Փղշտացին քառասուն օր առտու ու իրիկուն կը մօտենար ու զանոնք մենամարտութեան կը հրաւիրէր։
17 Յեսսէ իր որդիին՝ Դաւիթին ըսաւ. «Քու եղբայրներուդ համար այս մէկ արդու բոհրած ցորենն ու այս տասը հացը ա՛ռ, բանակը վազէ՛ եղբայրներուդ տո՛ւր։
18 Եւ այս տասը գլուխ պանիրը անոնց հազարապետին տա՛ր ու նայէ թէ եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են ու անոնցմէ նշան մը բեր»։
19 Սաւուղ ու անոնք ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը Էլայի հովիտին մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ կ’ընէին։
20 Դաւիթ առաւօտուն կանուխ ելաւ, ոչխարները պահապան հովիւին թողուց ու այն բաները առաւ գնաց, ինչպէս Յեսսէն իրեն ապսպրեր էր։ Երբ կառքերուն տեղը հասաւ, զօրքերը կարգաւ կը շարուէին, պատերազմի համար բարձր ձայնով կ’աղաղակէին.
21 Քանզի Իսրայէլ ու Փղշտացիները զօրք զօրքի դէմ շարեր էին։
22 Դաւիթ իր վրայէն ամանները վար առնելով ամաններու պահապանին ձեռքը յանձնեց եւ դէպի գունդը վազեց ու գնաց իր եղբայրներուն ողջութիւնը հարցուց։
23 Երբ անիկա անոնց հետ կը խօսէր, ահա այն Փղշտացի ախոյեանը՝ Գողիաթ՝ որ Գէթ քաղաքէն էր, Փղշտացիներու գունդերէն ելաւ եւ նոյն խօսքը կրկնեց։ Դաւիթ լսեց։
24 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, երբ այն մարդը տեսան, անոր երեսէն փախան ու զարհուրեցան։
25 Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Այս ելլող մարդը տեսա՞ք, որ Իսրայէլը նախատելու կ’ելլէ. ով որ զանիկա մեռցնէ, թագաւորը մեծ հարստութիւնով պիտի հարստացնէ զանիկա ու իր աղջիկը անոր պիտի տայ եւ անոր հօրը տունը Իսրայէլի մէջ ազատ պիտի ընէ»։
26 Դաւիթ իր քով եղող մարդոցը հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս Փղշտացին մեռցնող եւ Իսրայէլէն նախատինքը վերցնող մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանզի այս անթլփատ Փղշտացին ո՞վ է՝ որ կենդանի Աստուծոյն զօրքերը կը նախատէ»։
27 Ժողովուրդը նոյն խօսքերը անոր ըսաւ. «Զանիկա մեռցնող մարդուն այսպէս ու այսպէս պիտի ըլլայ»։
28 Անոր մեծ եղբայրը Եղիաբ, երբ լսեց անոր խօսիլը այն մարդոց հետ, սաստիկ բարկութեամբ Դաւիթին սրդողեցաւ ու ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ հոս եկար եւ ոչխարները անապատին մէջ որո՞ւ ձգեցիր։ Ես քու հպարտութիւնդ ու սրտիդ չարութիւնը գիտեմ, անտարակոյս դուն պատերազմը տեսնելու եկեր ես»։
29 Դաւիթ ըսաւ, «Հիմա ի՞նչ ըրի. այս խօսք չէ՞»։
30 Ու անոր քովէն ուրիշ մարդու մը դարձաւ եւ նոյն խօսքերը ըսաւ։ Ժողովուրդն ալ նոյնպէս պատասխան տուին անոր։
31 Դաւիթին ըսած խօսքերը լսուեցան ու երբ Սաւուղին առջեւ պատմեցին, Սաւուղ իր քով բերել տուաւ զանիկա։
32 Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոր պատճառով բնաւ մարդու մը սիրտ թող չկոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ ու այն Փղշտացիին հետ կռուի»։
33 Եւ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ ու անոր հետ կռուիլ, քանզի դուն մանուկ ես ու անիկա իր մանկութենէն պատերազմող մարդ մըն է»։
34 Դաւիթ ըսաւ Սաւուղին. «Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր,
35 Ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ’ազատէի։ Երբ անիկա իմ վրաս յարձակէր, զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի։
36 Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է, արջ ալ ու այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ընէ, քանզի կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատեց»։
37 Դաւիթ ըսաւ. «Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։
38 Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթին հագցուց ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ ու անոր զրահ ալ հագցուց։
39 Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղին սուրը մէջքը կապեց ու փորձեց քալել, քանզի սորված չէր։ Բայց Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ»։ Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց։
40 Իր ցուպը ձեռքը առաւ ու հեղեղատէն իրեն համար հինգ հատ գայլախազ քար ընտրեց ու զանոնք իր հովուական ամանին, այսինքն մախաղին մէջ դրաւ ու պարսատիկը ձեռքը բռնելով Փղշտացիին մօտեցաւ։
41 Փղշտացին ալ եկաւ ու Դաւիթին մօտեցաւ եւ անոր վահանը վերցնող մարդը անոր առջեւ էր։
42 Երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր։
43 Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս» ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց։
44 Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Ինծի եկո՛ւր, որ քու մարմինդ երկնքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ»։
45 Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։
46 Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ՝ ՝ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ
47 Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։
48 Երբ Փղշտացին ելաւ ու եկաւ Դաւիթին մօտեցաւ, Դաւիթ ալ շուտով պատերազմի ասպարէզը վազեց Փղշտացին դիմաւորելու։
49 Դաւիթ իր ձեռքը մախաղին մէջ խոթեց ու անկէ քար մը առաւ եւ զանիկա պարսատիկով նետեց ու Փղշտացիին ճակտին զարկաւ եւ քարը անոր ճակտին մէջ մտաւ ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ։
50 Այսպէս Դաւիթ պարսատիկով ու քարով Փղշտացիին յաղթեց եւ զարկաւ Փղշտացիին ու մեռցուց զանիկա. բայց Դաւիթին ձեռքը սուր չկար։
51 Դաւիթ վազելով Փղշտացիին վրայ կայնեցաւ ու անոր սուրը բռնեց, պատեանէն հանեց ու զանիկա մեռցնելէն ետքը գլուխը անով կտրեց։ Փղշտացիները իրենց զօրաւոր մարդուն մեռնիլը տեսնելով՝ փախան։
52 Այն ատեն Իսրայէլի ու Յուդայի մարդիկը ելան եւ աղաղակներով մինչեւ հովիտը ու մինչեւ Ակկարոնի դռները Փղշտացիները հալածեցին եւ Փղշտացիներէն մեռցուածները Սագարիմի ճամբուն վրայ ու մինչեւ Գէթ ու Ակկարոն ինկան։
53 Եւ Իսրայէլի որդիները Փղշտացիները հալածելէն ետ դարձան ու անոնց բանակը կողոպտեցին։
54 Դաւիթ Փղշտացիին գլուխը առաւ ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ. բայց անոր զէնքերը իր վրանին մէջ դրաւ։
55 Երբ Սաւուղ Դաւիթը տեսաւ, որ Փղշտացիին դէմ ելեր է, իր զօրավարին՝ Աբեններին՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, այս պատանին որո՞ւն տղան է»։ Ու Աբեններ ըսաւ. «Կենդանի է քու անձդ, ո՛վ թագաւոր, որ չեմ գիտեր»։
56 Եւ թագաւորը ըսաւ. «Հարցուր թէ այս պատանին որո՞ւն տղան է»։
57 Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն ետ դարձաւ, Աբեններ առաւ զանիկա ու Սաւուղին առջեւ տարաւ ու Փղշտացիին գլուխը անոր ձեռքն էր։
58 Սաւուղ ըսաւ անոր. «Որո՞ւն տղան ես դուն, պատանի»։ Ու Դաւիթ ըսաւ. «Քու ծառադ Բեթլէհեմացի Յեսսէին տղան եմ»։