Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 3

Սամուէլ մանուկը Հեղիին առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։ Այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր ու յայտնի տեսիլք չկար։
2 Օր մը՝ ՝ Հեղի իր տեղը պառկեր էր (անոր աչքերը սկսեր էին ծանրանալ ու չէր կրնար տեսնել)
3 Եւ Աստուծոյ կանթեղը տակաւին մարած չէր ու Սամուէլ Տէրոջը տաճարին մէջ կը քնանար, ուր Աստուծոյ տապանակը կար։
4 Տէրը կանչեց Սամուէլը ու անիկա «Հոս եմ», ըսաւ
5 Եւ Հեղիին վազելով՝ ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։ Ան ալ դարձաւ պառկեցաւ։
6 Տէրը անգամ մըն ալ կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։
7 Եւ Սամուէլ տակաւին Տէրոջը ձայնը չէր ճանչնար ու Տէրոջը խօսքը դեռ անոր յայտնուած չէր։
8 Նորէն երրորդ անգամ Տէրը կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Հեղի իմացաւ թէ Տէրն է մանուկը կանչողը
9 Ուստի Սամուէլին ըսաւ. «Գնա՛ պառկէ ու եթէ անգամ մըն ալ քեզ կանչէ, ըսէ՛՝ ‘Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ’»։ Սամուէլ գնաց իր տեղը պառկեցաւ։
10 Տէրը եկաւ կայնեցաւ ու առաջին անգամներուն պէս՝ «Սամուէ՛լ, Սամուէ՛լ», կանչեց ու Սամուէլ ըսաւ. «Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»։
11 Այն ատեն Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ահա ես Իսրայէլի մէջ այնպիսի բան մը պիտի ընեմ, որ զանիկա ամէն լսողին երկու ականջները պիտի խօսին։
12 Այն օրը Հեղիին վրայ պիտի կատարեմ ամէն ինչ որ անոր տանը համար ըսեր եմ։ Պիտի սկսիմ ու լմնցնեմ։
13 Ես իրեն իմացուցեր եմ թէ իր տունը պիտի դատեմ մինչեւ յաւիտեան, իր գիտցած անօրէնութեանը համար. քանզի անոր որդիները իրենց վրայ անէծք բերին ու անիկա չյանդիմանեց զանոնք։
14 Այս պատճառով Հեղիի տանը անօրէնութեանը՝ զոհերով ու ընծաներով յաւիտեան քաւութիւն չըլլայ»։
15 Սամուէլ մինչեւ առտու պառկեցաւ։ Առտուն Տէրոջը տանը դռները բացաւ. Սամուէլ վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ։
16 Բայց Հեղի Սամուէլը կանչեց ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Սամուէլ» ու անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։
17 Եւ Հեղի ըսաւ. «Քեզի ըսած խօսքը ի՞նչ է. ինծմէ մի՛ պահեր. Աստուած քեզի այդպէս ու անկէ աւելին ընէ, եթէ քեզի ըսած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինծմէ պահես»։
18 Սամուէլ բոլոր խօսքերը անոր պատմեց, անկէ չպահեց։ Հեղի ըսաւ. «Անիկա Տէրն է. իր աչքերուն հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։
19 Սամուէլ մեծցաւ ու Տէրը անոր հետ էր եւ անոր ըսած խօսքերէն մէ՛կը գետին չձգեց։
20 Ու Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ բոլոր Իսրայէլ իմացաւ, թէ Սամուէլ հաստատուած է Տէրոջը մարգարէ ըլլալու։
21 Տէրը նորէն Սելովի մէջ երեւցաւ, ինքզինք Սամուէլին յայտնելու համար Տէրոջը խօսքովը։ Սամուէլ սկսաւ բոլոր Իսրայէլի քարոզել։