Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 28

Այն օրերը Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Իմացի՛ր, դուն քու մարդոցմովդ ինծի հետ բանակը պիտի ելլես»։
2 Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Լա՛ւ, ծառայիդ ընելիք գործը պիտի տեսնես»։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Անոր համար քեզ միշտ իմ թիկնապահս պիտի ընեմ»։
3 Սամուէլ մեռած էր եւ բոլոր Իսրայէլ անոր համար սուգ ըրեր էին ու զանիկա իր քաղաքին, Ռամայի մէջ թաղեր էին։ Սաւուղ ալ վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն վերցուցեր էր։
4 Երբ Փղշտացիները հաւաքուեցան ու եկան Սունամի մէջ բանակեցան, Սաւուղ ալ բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց ու Գեղբուէի մէջ բանակեցան։
5 Սաւուղ Փղշտացիներուն բանակը տեսնելով՝ վախցաւ ու սիրտը շատ դողաց։
6 Սաւուղ Տէրոջը հարցուց, բայց Տէրը թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ՛ մարգարէներով անոր պատասխան չտուաւ։
7 Այն ատեն Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ինծի վհուկ կին մը գտէք, որպէս երթամ անոր հարցնեմ»։ Ծառաները անոր ըսին. «Ահա Ենդովրի մէջ վհուկ կին մը կայ»։
8 Սաւուղ իր հանդերձները փոխելով՝ ուրիշ հանդերձներ հագաւ եւ իրեն հետ երկու մարդ առաւ ու գիշերով այն կնոջ քով գնաց։ Սաւուղ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ոգիով մը գուշակէ եւ բե՛ր այն մարդը, որուն անունը պիտի տամ»։
9 Կինը անոր ըսաւ. «Ահա դուն Սաւուղին ըրածը գիտես, թէ ի՞նչպէս անիկա վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն բնաջինջ ըրաւ, ուրեմն ինչո՞ւ զիս մեռցնելու համար իմ անձիս որոգայթ կը լարես»։
10 Սաւուղ Տէրոջմով երդում ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այս բանէն քեզի վնաս մը պիտի չպատահի»։
11 Այն ատեն կինը ըսաւ. «Ո՞վ կ’ուզես, որ հանեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Սամուէլը հանէ ինծի»։
12 Կինը Սամուէլը տեսնելով՝ մեծ ձայնով մը պոռաց ու Սաւուղին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս խաբեցիր. քանզի դուն Սաւուղն ես»։
13 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար. բայց ի՞նչ տեսար»։ Կինը Սաւուղին ըսաւ. «Գետնէն ելլող աստուած մը տեսայ»։
14 Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Անոր կերպարանքը ի՞նչպէս է»։ Կինը ըսաւ. «Ահա ծեր մարդ մը կ’ելլէ, որ վերարկու մը հագած է»։ Սաւուղ հասկցաւ թէ անիկա Սամուէլն է, ուստի երեսը գետինը ծռելով՝ անոր երկրպագութիւն ըրաւ։
15 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար ինծի նեղութիւն տուիր ու զիս վեր հանեցիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Ես մեծ նեղութեան մէջ եմ, որովհետեւ Փղշտացիները ինծի հետ պատերազմ կ’ընեն ու Աստուած ինծմէ հեռացաւ եւ ինծի թէ՛ մարգարէներու միջոցով եւ թէ՛ երազներով պատասխան չտուաւ. անոր համար քեզ կանչեցի, որ ինծի իմացնես թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ»։
16 Սամուէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ինծի կը հարցնես, հիմա որ Տէրը քեզմէ հեռացաւ ու քեզի թշնամի եղաւ
17 Եւ Տէրը իմ ըսածիս պէս ըրաւ ու քու ձեռքէդ թագաւորութիւնը պատռեց եւ զանիկա քու ընկերիդ Դաւիթին տուաւ,
18 Քանզի դուն Տէրոջը խօսքին մտիկ չըրիր ու Ամաղէկի վրայ անոր սաստիկ բարկութիւնը չգործադրեցիր։ Անոր համար այսօր Տէրը քեզի այս բանը ըրաւ։
19 Տէրը քեզի հետ Իսրայէլն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ ու վաղը դուն ու քու որդիներդ իմ քովս պիտի ըլլաք։ Տէրը Իսրայէլի բանակն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ»։
20 Այն ատեն Սաւուղ յանկարծ գետին ինկաւ ու գետնի վրայ փռուեցաւ եւ Սամուէլին խօսքերէն շատ վախցաւ։ Ա՛լ ամենեւին վրան ոյժ չմնաց, քանզի բոլոր օրն ու բոլոր գիշերը հաց կերած չէր։
21 Կինը Սաւուղին քով գնաց ու անոր չափազանց սոսկումը տեսնելով՝ անոր ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ քու խօսքիդ մտիկ ըրաւ եւ իմ հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով՝ ինծի ըսած խօսքերուդ հնազանդութիւն ըրի։
22 Հիմա, կ’աղաչեմ, դուն ալ, քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ ու քու առջեւդ պատառ մը հաց դնեմ, կեր, որպէս զի ոյժ առնես, քանզի ճամբայ պիտի երթաս»։
23 Բայց անիկա չուզեց ու «Չեմ ուտեր», ըսաւ, սակայն երբ իր ծառաները ու կինն ալ զանիկա բռնադատեցին, անոնց խօսքին մտիկ ըրաւ ու գետնէն ելլելով անկողնին վրայ նստաւ։
24 Կինը իր տանը մէջ պարարտ հորթ մը ունէր. շուտով զանիկա մորթեց ու ալիւր առաւ շաղեց եւ անով բաղարջ եփեց։
25 Սաւուղին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ դրաւ։ Անոնք ալ կերան ու նոյն գիշերը գացին։