Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 26

Զիփացիները Գաբաա գացին Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրին վրայ պահուեր է»։
2 Ու Սաւուղ ելաւ Զիփի անապատը գնաց, Իսրայէլացի երեք հազար ընտրուած մարդոցմով, որպէս զի Զիփի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ։
3 Սաւուղ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրը՝ ճամբուն վրայ բանակեցաւ։ Դաւիթ ալ անապատին մէջ նստեր էր։ Երբ տեսաւ թէ Սաւուղ իր ետեւէն անապատը կու գայ,
4 Դաւիթ լրտեսներ ղրկեց ու Սաւուղին գալը ստոյգ իմացաւ։
5 Դաւիթ գաղտուկ ելաւ եւ Սաւուղին բանակ դրած տեղը գնաց։ Դաւիթ Սաւուղին ու անոր զօրավարին, Ներեան Աբեններին պառկած տեղը տեսաւ։ Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր էր ու ժողովուրդը անոր բոլորտիքը բանակեր էին։
6 Դաւիթ Քետացի Աքիմելէքին ու Յովաբին եղբօրը Շահուրեան Աբեսսային ըսաւ. «Ո՞վ ինծի հետ Սաւուղին քով բանակը կ’իջնէ»։ Աբեսսա ըսաւ. «Ես քեզի հետ կ’իջնեմ»։
7 Դաւիթ Աբեսսային հետ գիշերով ժողովուրդին մէջ մտաւ եւ ահա Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր կը քնանար։ Անոր նիզակը գլխուն քով գետինը ցցուած էր։ Աբեններ եւ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը պառկեր էին։
8 Աբեսսա Դաւիթին ըսաւ. «Աստուած այսօր քու թշնամիդ քու ձեռքդ մատնեց ու հիմա թող տուր, որ նիզակով մէկ անգամէն գետինը ցցեմ զանիկա ու չկրկնեմ հարուածը»։
9 Բայց Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Զանիկա մի՛ մեռցներ. քանզի Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անպարտ ըլլալ»։
10 Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու զանիկա Տէրը պիտի զարնէ կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի։
11 Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ, միայն թէ հիմա անոր գլխուն քովի նիզակը ու ջուրին կուժը ա՛ռ ու երթանք»։
12 Եւ Դաւիթ Սաւուղին գլխուն քովէն նիզակն ու ջուրին կուժը առաւ ու գացին եւ տեսնող, իմացող կամ արթնցող չեղաւ. որովհետեւ ամէնքը կը քնանային, քանզի Տէրոջը կողմանէ անոնց վրայ խորունկ քուն մը ինկեր էր։
13 Դաւիթ անդիի կողմը անցաւ ու լերանը գլխուն վրայ հեռուն կայնեցաւ ու անոնց մէջտեղ մեծ միջոց մը կար։
14 Դաւիթ ժողովուրդին ու Ներեան Աբեններին կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, պատասխան չե՞ս տար»։ Աբեններ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես որ թագաւորը կը կանչես»։
15 Դաւիթ Աբեններին ըսաւ. «Դուն այր մարդ չե՞ս ու Իսրայէլի մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Ինչո՞ւ համար քու տիրոջդ, թագաւորին պահպանութիւն չես ըներ. քանզի ժողովուրդէն մէկը քու տէրդ՝ թագաւորը՝ մեռցնելու եկաւ։
16 Այդ քու ըրածդ աղէկ չէ. կենդանի է Տէրը, որ դուք մեռնելու արժանի էք, քանզի Տէրոջը օծեալին, ձեր տիրոջը, պահպանութիւն չէք ըներ։ Հիմա նայէ, թագաւորին նիզակն ու անոր գլխուն քովի ջուրին կուժը ո՞ւր են»։
17 Այն ատեն Սաւուղ Դաւիթին ձայնը ճանչցաւ ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, իմ ձայնս է»
18 Ու աւելցուց. «Իմ տէրս ինչո՞ւ համար այդպէս իր ծառային ետեւէն ինկեր է։ Ի՞նչ ըրի ու ձեռքիս մէջ ի՞նչ չարութիւն կայ։
19 Եւ հիմա իմ տէրս՝ թագաւորը՝ իր ծառային խօսքերը թող լսէ։ Եթէ Տէրը քեզ իմ վրաս ոտքի հանեց, թող զոհ մը ընդունի. բայց եթէ մարդոց որդիները ոտքի հանեցին, անոնք Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլան, քանզի այսօր վռնտեցին, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութեանը չտիրանամ ու ինծի ըսին՝ ‘Գնա օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրէ՛’։
20 Եւ հիմա Տէրոջը առջեւ իմ արիւնս գետինը չիյնայ. քանզի Իսրայէլի թագաւորը լու մը փնտռելու ելաւ, ինչպէս մարդ մը լեռներու վրայ կաքաւի մը ետեւէն կ’իյնայ»։
21 Ու Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. դարձի՛ր, որդեա՛կ իմ Դաւիթ. իմ հոգիս այսօր քու աչքերուդ պատուական երեւնալուն համար՝ քեզի անգամ մըն ալ չարութիւն պիտի չընեմ. ահա յիմարութիւն ըրի ու մեծապէս սխալեցայ»։
22 Դաւիթ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա թագաւորին նիզակը. մանչերէն մէկը թող գայ ու զանիկա առնէ։
23 Տէրը ամէն մարդու իր արդարութեանն ու հաւատարմութեանը փոխարէնը թող հատուցանէ. որովհետեւ Տէրը քեզ այսօր իմ ձեռքս տուաւ, բայց ես Տէրոջը օծեալին վրայ ձեռքս երկնցնել չուզեցի։
24 Ահա ինչպէս քու հոգիդ այսօր իմ աչքերուս պատուական երեւցաւ, իմ հոգիս ալ Տէրոջը առջեւ այնպէս պատուական թող երեւնայ ու զիս ամէն նեղութենէ ազատէ»։
25 Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, օրհնեալ ըլլաս. քու գործերուդ մէջ յաջողութիւն պիտի գտնես, նաեւ յաղթող պիտի ըլլաս»։ Դաւիթ իր ճամբան գնաց ու Սաւուղ իր տեղը դարձաւ։