Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 1

Եփրեմի լեռնէն Արիմաթէմ-Սօփիմէ Եղկանա անունով Եփրաթացի մարդ մը կար, որ Սուփիի որդիին Թովայի որդիին Եղիուսի որդիին Յերոամի որդին էր։
2 Անիկա երկու կին ունէր, մէկուն անունը՝ Աննա ու միւսին անունը Փենանա էր։ Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր։
3 Այն մարդը տարուէ տարի իր քաղաքէն կ’ելլէր, որպէս զի Սելովի մէջ զօրութիւններու Տէրոջը երկրպագութիւն ու զոհ մատուցանէ։ Հոն Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Տէրոջը քահանաներն էին։
4 Եղկանա իր զոհ մատուցած օրը իր կնոջ Փենանային եւ անոր տղաքներուն ու աղջիկներուն մէկմէկ բաժին տուաւ,
5 Իսկ Աննային կրկին բաժին տուաւ, քանզի անիկա Աննան կը սիրէր. բայց Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։
6 Անոր նախանձորդը՝ Փենանա՝ զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց, որովհետեւ Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։
7 Եւ Աննա ամէն տարի՝ Տէրոջը տունը ելած ատենը՝ Եղկանա այնպէս կ’ընէր. Փենանա ալ նոյնպէս Աննան կը վշտացնէր ու անիկա կու լար եւ չէր ուտեր։
8 Այրը՝ Եղկանա՝ անոր ըսաւ. «Աննա՛, ինչո՞ւ կու լաս եւ ինչո՞ւ չես ուտեր ու ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է. միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ»։
9 Աննա Սելովի մէջ ուտելէն ու խմելէն ետքը ոտքի ելաւ. (Հեղի քահանան Տէրոջը տաճարին սեմերուն քով աթոռի մը վրայ նստեր էր.)
10 Եւ տրտմալից հոգիով Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու խիստ շատ լացաւ։
11 Ուխտ ընելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս ու զիս յիշես եւ քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը՝ ՝ տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ու անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի»։
12 Երբ անիկա Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց, Հեղի անոր բերնին կը նայէր։
13 Աննա իր սրտին մէջէն կը խօսէր, միայն շրթունքները կը շարժէին, բայց ձայնը չէր լսուեր. անոր համար Հեղի զանիկա գինով կարծեց։
14 Եւ Հեղի անոր ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ գինովութիւն պիտի ընես. քու գինիէդ հրաժարէ՛»։
15 Աննա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ. այդպէս չէ. ես վշտացած սրտով կին մըն եմ եւ գինի կամ օղի չեմ խմած. սակայն Տէրոջը առջեւ իմ սիրտս բացի՝ ՝։
16 Քու աղախինդ չար կին մը մի՛ կարծեր, քանզի իմ վշտերուս ու նեղութեանս շատութեանը համար մինչեւ հիմա խօսեցայ»։
17 Այն ատեն Հեղի պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր»։
18 Աննա ըսաւ. «Քու աղախինդ թող քու առջեւդ շնորհք գտնէ» եւ իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ։
19 Անոնք առաւօտուն կանուխ ելան ու Տէրոջը առջեւ երկրպագութիւն ըրին եւ Ռամա դարձան ու իրենց տունը գացին։ Եղկանա իր Աննա կնոջ մօտեցաւ եւ Տէրը զանիկա յիշեց։
20 Աննա յղացաւ եւ երբ ժամանակը հասաւ, տղայ մը ծնաւ։ Անոր անունը Սամուէլ կոչեց՝ ըսելով. «Քանզի զանիկա Տէրոջմէն խնդրեցի»։
21 Եւ անոր այրը Եղկանա իր բոլոր ընտանիքովը Սելով ելաւ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ տարեկան զոհը մատուցանէ ու իր ուխտը կատարէ։
22 Բայց Աննա չգնաց, քանզի իր էրկանը ըսաւ. «Մինչեւ տղուն կաթէ կտրուիլը պիտի նստիմ. ետքը զանիկա պիտի տանիմ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ երեւնայ ու միշտ հոն մնայ»։
23 Եւ այրը Եղկանա անոր ըսաւ. «Աչքերուդ հաճելի եղածը ըրէ՛. մինչեւ զանիկա կաթէն կտրես՝ նստէ՛. միայն թէ Տէրը իր խօսքը հաստատէ»։ Ուստի կինը նստաւ ու մինչեւ իր տղան կաթէն կտրելը զանիկա կը սնուցանէր։
24 Զանիկա կաթէն կտրածին պէս տղուն հետ առաւ երեք զուարակ, մէկ արդու ալիւր ու մէկ տիկ գինի եւ Տէրոջը տունը տարաւ, որ Սելովի մէջ էր, թէեւ տղան դեռ փոքրիկ էր։
25 Եւ մէկ զուարակը մորթեցին ու տղան Հեղիին տարին։
26 Եւ Աննա ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։
27 Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։
28 Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ»։ Ու հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։