ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 9
Սօղոս տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ քահանայապետին քով գնաց
2 Եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ։
3 Երբ կ’երթար ու Դամասկոսի մօտեցաւ, յանկարծ իր բոլորտիքը երկնքէն լոյս մը փայլատակեց.
4 Եւ ինք գետինը իյնալով՝ ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։
5 Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՞վ ես դուն, Տէր»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. դժուար բան է քեզի խթանի դէմ կից զարնել»։
6 Ան ալ դողալով ու ապշութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ’ուզես որ ընեմ»։
7 Տէրը ըսաւ անոր՝ ՝. «Ելի՛ր ու քաղաքը մտի՛ր եւ քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պարտիս ընել»։ Այն մարդիկը, որոնք իրեն հետ կ’երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը միայն կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ։
8 Սօղոս գետնէն ելաւ ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ. ուստի անոր ձեռքէն բռնեցին ու Դամասկոս մտցուցին։
9 Երեք օր կեցաւ առանց տեսնելու։ Ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց։
10 Անանիա անունով աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ։ Տէրը տեսիլքի մէջ անոր ըսաւ. «Անա՛նիա»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա հոս եմ»։
11 Տէրը ըսաւ անոր. «Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. վասն զի ահա անիկա աղօթք կ’ընէ.
12 Ու տեսիլքի մէջ մարդ մը տեսաւ Անանիա անունով՝ քովը մտած եւ ձեռքը իր վրայ դրած, որպէս զի տեսնէ»։
13 Անանիան պատասխան տուաւ. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այն մարդուն համար թէ շատ չարիքներ ըրաւ քու սուրբերուդ Երուսաղէմի մէջ
14 Եւ հոս ալ քահանայապետներէն իշխանութիւն ունի կապելու անոնք, որոնք քու անունդ կը կանչեն»։
15 Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ,
16 Քանզի ես անոր պիտի ցուցնեմ թէ պէտք է իմ անուանս համար նեղութիւն կրէ»։
17 Անանիա գնաց ու այն տունը մտաւ եւ ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը զիս ղրկեց, այն Յիսո՛ւսը, որ ճամբուն մէջ քեզի երեւցաւ, երբ կու գայիր, որպէս զի տեսութիւնդ ստանաս ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»։
18 Շուտ մը անոր աչքերէն թեփերու պէս բաներ ինկան եւ իսկո՛յն տեսաւ ու ելաւ մկրտուեցաւ։
19 Կերակուր ուտելով ոյժը վրան եկաւ ու քանի մը օր Դամասկոսի մէջ եղող աշակերտներուն հետ կեցաւ։
20 Եւ անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին։
21 Եւ ամէն լսողները մեծապէս զարմացեր էին ու կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ Երուսաղէմի մէջ կը մեռցնէր զանոնք, որ այս անունը կը կանչէին. հոս ալ այն բանին համար եկած էր, որպէս զի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»։
22 Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է։
23 Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Հրեաները խորհուրդ ըրին որ զանիկա սպաննեն։
24 Բայց Սօղոսին յայտնուեցաւ անոնց նենգութիւնը եւ ցորեկ ու գիշեր կը սպասէին, որպէս զի զանիկա սպաննեն։
25 Իսկ աշակերտները գիշերով առին զանիկա ու զամբիւղով մը կախելով՝ պատէն վար իջեցուցին։
26 Երբ Սօղոս Երուսաղէմ դարձաւ, ջանաց աշակերտներուն միանալ, բայց ամէնքն ալ կը վախնային անկէ, չհաւատալով թէ անիկա աշակերտ էր։
27 Բայց Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբուն վրայ Տէրը տեսաւ եւ թէ անոր հետ խօսեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս Դամասկոսի մէջ համարձակ քարոզեց Յիսուսին անունը։
28 Երուսաղէմի մէջ անոնց հետ կը մտնէր ու կ’ելլէր Տէր Յիսուսին անունովը համարձակ քարոզելով։
29 Նաեւ Հելլենացիներուն դէմ կը խօսէր եւ վիճաբանութիւն կ’ընէր. անոնք ալ կը փնտռէին զանիկա սպաննել։
30 Իսկ եղբայրները իմանալով՝ զանիկա Կեսարիա իջեցուցին եւ անկէ Տարսոն ղրկեցին։
31 Այն ատեն եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին ու Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին։
32 Պետրոս ամէն տեղ կը պտըտէր եւ Լիւդդիա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ։
33 Հոն մարդ մը գտաւ, որուն անունը Ենիա էր, ութը տարիէ ի վեր մահիճը պառկած անդամալոյծ։
34 Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ։
35 Եւ Լիւդդիայի ու Սարօնի մէջ բնակողներուն ամէնքը զանիկա տեսան ու Տէրոջը դարձան։
36 Յոպպէի մէջ աշակերտ եղած կին մը կար, անունը Տաբիթա. (որ կը թարգմանուի Այծեմնիկ.) ասիկա լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով որոնք ինք կ’ընէր։
37 Այն օրերը ինք հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Լուացին զանիկա եւ վերը սենեակ մը դրին։
38 Ու Լիւդդիա Յոպպէի մօտ էր, ուստի աշակերտները լսելով թէ Պետրոս հոն է, անոր երկու մարդ ղրկեցին, աղաչելով որ չուշանայ եւ իրենց գայ։
39 Պետրոս ալ ելաւ անոնց հետ եկաւ։ Երբ եկաւ, վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւարիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր։
40 Պետրոս ալ ամէնքը դուրս հանելով՝ ծունկի վրայ եկաւ ու աղօթք ըրաւ եւ դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։
41 Պետրոսն ալ ձեռքը անոր տուաւ ու վերցուց զանիկա եւ սուրբերն ու որբեւարիները կանչելով՝ անոնց առջեւ ողջ կայնեցուց զանիկա։
42 Այս բանը բոլոր Յոպպէի մէջ իմացուեցաւ ու շատեր Տէրոջը հաւատացին։
43 Պետրոս շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով։