ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 8

Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ։
2 Աստուածավախ մարդիկ Ստեփանոսը վերցուցին ու անոր վրայ մեծ ողբ ըրին։
3 Բայց Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար։
4 Սակայն ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։
5 Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։
6 Եւ ժողովուրդը միաբան Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն կու տային՝ լսելով ու տեսնելով այն նշանները, որոնք կ’ընէր։
7 Վասն զի շատ դիւահարներէ պիղծ ոգիները մեծաձայն աղաղակելով՝ կ’ելլէին։
8 Եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին.
9 Մեծ ուրախութիւն եղաւ այն քաղաքին մէջ։ Բայց Սիմոն անունով մարդ մը կար, որ նախապէս այն քաղաքին մէջ մոգութիւն կ’ընէր ու Սամարացիները կ’ապշեցնէր, իրեն համար ըսելով թէ՝ մեծ մէկն է։
10 Ամէնքն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծ անոր ուշադրութիւն կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ [ըսուած] զօրութիւնն է»։
11 Շատ ժամանակէ ի վեր կախարդութիւններով զանոնք ապշեցնելուն համար՝ իրեն ուշադրութիւն կ’ընէին։
12 Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ։
13 Սիմոն ինքն ալ հաւատաց ու մկրտուելով միշտ Փիլիպպոսի հետ էր եւ տեսնելով այն նշանները ու մեծ զօրութիւնները, որոնք կ’ըլլային՝ կը զարմանար։
14 Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները երբ լսեցին թէ Սամարացիները Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են, Պետրոսն ու Յովհաննէսը անոնց ղրկեցին.
15 Որոնք հոն հասնելով՝ աղօթք ըրին անոնց համար, որպէս զի Սուրբ Հոգին առնեն։
16 (Վասն զի դեռ ո՛եւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուած էին։)
17 Այն ատեն ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն։
18 Երբ տեսաւ Սիմոն թէ առաքեալներուն անոնց վրայ ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց ստակ տուաւ ու ըսաւ.
19 «Ինծի՛ ալ այս իշխանութիւնը տուէք, որպէս զի որո՛ւ վրայ ձեռք դնեմ՝ անիկա Սուրբ Հոգին առնէ»։
20 Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի։
21 Դուն այդ բանին մէջ մաս ու բաժին չունիս, վասն զի քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ շիտակ չէ։
22 Ուստի այդ չարութենէդ զեղջի եկուր ու Աստուծոյ աղաչէ՛, թերեւս ներուի քեզի քու սրտիդ չար խորհուրդը։
23 Վասն զի ես քեզ մաղձի դառնութեան մէջ եւ անիրաւութեան կապին մէջ կը տեսնեմ»։
24 Սիմոն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դո՛ւք ինծի համար աղօթք ըրէք Տէրոջը, որպէս զի այդ ձեր ըսածներէն բան մը իմ վրաս չի գայ»։
25 Անոնք ալ վկայութիւն տալով Տէրոջը խօսքը խօսելէն յետոյ դարձան Երուսաղէմ եւ Սամարացիներու շատ մը գիւղերուն մէջ աւետարանը քարոզեցին։
26 Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ’իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է»։
27 Ան ալ ելաւ գնաց։ Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու
28 Անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։
29 Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։
30 Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։
31 Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի։
32 Գրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ.
33 Իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի»։
34 Ներքինին պատասխան տուաւ Փիլիպպոսին ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար»։
35 Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին այս խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր։
36 Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։
37 [Եւ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ քու բոլոր սրտովդ կը հաւատաս՝ կարելի է»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է»։]
38 Ու հրաման ըրաւ որ կառքը կայնեցնեն։ Երկուքն ալ իջան։ Փիլիպպոս ներքինին մկրտեց։
39 Երբ ջուրէն դուրս ելան, Տէրոջը Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը եւ ա՛լ ներքինին զանիկա չտեսաւ ու իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ։
40 Բայց Փիլիպպոս Ազովտոսի մէջ գտնուեցաւ, ուր պտըտելով բոլոր քաղաքներուն աւետարան կը քարոզէր, մինչեւ ինք Կեսարիա հասաւ։