ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 24
Հինգ օր ետքը Անանիա քահանայապետը ծերերուն ու Տերտիւղոս անուն ճարտասանի մը հետ իջաւ։ Ասոնք կուսակալին իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ։
2 Երբ կանչեցին զանիկա, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել ու ըսել. «Որովհետեւ քու ձեռքովդ լման խաղաղութիւն ու քու խնամքովդ այս ազգին գործերուն մէջ աղէկ կարգադրութիւն կը վայելենք,
3 Ամէն կերպով ու ամէն տեղ բոլորովին գոհ ըլլալով, շնորհակալ ենք, ո՛վ պատուական Փելիքս։
4 Բայց չըլլայ որ ա՛լ աւելի ձանձրութիւն տամ քեզի, կ’աղաչեմ քու քաղցրութիւնովդ մեզի ականջ դիր, որ համառօտաբար պիտի խօսինք։
5 Վասն զի մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր Հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ.
6 Որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք ու մեր օրէնքին համեմատ ուզեցինք դատաստանը ընել.
7 Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ բռնութեամբ մեր ձեռքէն առաւ
8 Եւ հրաման ըրաւ որ անոր դատախազները քեզի գան, որ դուն քննելով՝ կարենաս տեղեկանալ այն ամէն բաներուն, որոնց համար մենք ամբաստանութիւն կ’ընենք ատոր վրայ»։
9 Հրեաներն ալ բոլորը միասին՝ ըսին. «Այդպէ՛ս է»։
10 Պատասխան տուաւ Պօղոս, (երբ կուսակալը անոր աչք ըրաւ որ խօսի,). «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի յօժարութեամբ ինծի վերաբերեալ բաներուն համար պատասխան պիտի տամ.
11 Որովհետեւ կրնաս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէ աւելի չէ՝ որ Երուսաղէմ եկայ երկրպագութիւն ընելու։
12 Զիս տաճարին մէջ մէկուն հետ վիճաբանութիւն ընելու վրայ, կամ բազմութիւնը մէկտեղ ժողված չգտան, ո՛չ ալ ժողովարաններուն մէջ,
13 Ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա ամբաստանութիւն կ’ընեն ինծի դէմ։
14 Բայց ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս, հաւատալով այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։
15 Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։
16 Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ։
17 Արդ՝ ես շատ տարիներէ յետոյ եկայ իմ ազգիս ողորմութիւններ բերելու ու ընծաներ տալու.
18 Այսպէս քանի մը Ասիացի Հրեաներ զիս տաճարին մէջ մաքրուած գտան, ո՛չ բազմութիւնով եւ ո՛չ ամբոխով,
19 Որոնք պէտք էր որ առջեւդ գային ու ամբաստանութիւն ընէին, եթէ իմ վրայովս ըսելու բան մը ունէին։
20 Կամ թէ ասոնք իրենք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, երբ ատեանը կայներ էի։
21 Միայն թէ այս մէկ խօսքիս համար, որ երբ իրենց մէջ կայներ էի, կանչեցի. «Մեռելներու յարութեանը համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»։
22 Փելիքս ուրիշ անգամուան թողուց հարցը, վասն զի ստոյգ տեղեկութիւն ունէր անոր մասին ու ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս գայ, պիտի քննեմ ձեր գործը»։
23 Եւ հարիւրապետին հրաման ըրաւ որ Պօղոսը պահէ, բայց լայն ազատութիւն տայ ու չարգիլէ եթէ իրեններէն մէկը ուզէ անոր սպասաւորութիւն ընել կամ անոր քով երթալ։
24 Քանի մը օր յետոյ Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ, որ Հրեայ էր ու Պօղոսը կանչել տուաւ եւ լսեց անկէ այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է։
25 Երբ անիկա արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր, Փելիքս զարհուրելով պատասխան տուաւ. «Դուն հիմա գնա ու երբ ժամանակ ունենամ, քեզ նորէն կը կանչեմ»։
26 Նաեւ յոյս ունէր, որ Պօղոսին կողմէն իրեն ստակ տրուի, անոր համար շատ անգամ կանչել կու տար զանիկա ու անոր հետ կը խօսակցէր։
27 Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի տեղ Պորկիոս Փեստոս եկաւ։ Փելիքս ալ Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով՝ Պօղոսը կապուած թողուց։