ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 23

Պօղոս իր աչքերը ժողովին վրայ դարձնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ մինչեւ այսօր»։
2 Անանիա քահանայապետն ալ հրաման ըրաւ իր քով կայնողներուն, որ անոր բերնին զարնեն։
3 Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուած քեզի պիտի զարնէ, ծեփա՛ծ պատ։ Դուն նստեր ես օրէնքին համեմատ զիս դատելու եւ օրէնքէն դուրս հրամա՞ն կ’ընես, որ ինծի զարնեն»։
4 Բոլորտիքը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը նախատես»։
5 Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբա՛յրներ, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է», վասն զի գրուած է. «Քու ժողովուրդիդ իշխանին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ»։
6 Պօղոս գիտնալով որ մէկ կողմը Սադուկեցիներ են ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, կ’աղաղակէր ժողովին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. մեռելոց յարութեանը յոյսին համար կը դատուիմ»։
7 Երբ ասիկա ըսաւ, Փարիսեցիներուն ու Սադուկեցիներուն մէջ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը բաժնուեցաւ
8 Քանզի Սադուկեցիները կ’ըսեն թէ՝ յարութիւն չկայ եւ ո՛չ հրեշտակ, ո՛չ ալ հոգի. բայց Փարիսեցիները երկուքն ալ կը դաւանին։
9 Մեծ աղաղակ մը եղաւ ու Փարիսեցիներուն կողմէն եղող դպիրները ոտքի վրայ ելլելով՝ դէմ կեցան ու կ’ըսէին. «Մենք այս մարդուն վրայ չարութիւն մը չենք գտներ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը ատոր խօսած է, ի՞նչ ընենք»։
10 Երբ աղմուկը շատցաւ, հազարապետը՝ վախնալով որ չըլլայ թէ Պօղոս անոնցմէ պատառուի՝ զինուորներուն հրաման ըրաւ որ իջնեն եւ զանիկա անոնց մէջէն յափշտակեն ու բերդը տանին։
11 Հետեւեալ գիշերը Տէրը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես»։
12 Առտուն, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան ու ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն։
13 Քառասունէ աւելի էին անոնք՝ որ այս երդումը իրարու հետ ըրին,
14 Որոնք քահանայապետներուն ու ծերերուն գացին ու ըսին. «Անէծքով անիծեցինք անձերնիս, որ բան մը չուտենք մինչեւ որ Պօղոսը սպաննենք։
15 Ուստի դուք ժողովին հետ մէկտեղ հազարապետին իմացուցէք, որ վաղը զանիկա ձեզի իջեցնէ, որպէս թէ դուք աւելի ճիշդ քննութիւն ընել կ’ուզէք անոր մասին եւ մենք անոր մօտ գալէն առաջ պատրաստ ենք զանիկա սպաննելու»։
16 Բայց Պօղոսին քրոջ որդին, երբ այս դաւաճանութիւնը լսեց, գնաց բերդը մտաւ ու Պօղոսին պատմեց։
17 Պօղոս ալ հարիւրապետներէն մէկը իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Այս պատանին հազարապետին տար, վասն զի անոր իմացնելիք բան մը ունի»։
18 Ան ալ առաւ զանիկա եւ տարաւ հազարապետին ու ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ աղաչեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, քանզի քեզի խօսելիք ունի»։
19 Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի գնաց ու հարցուց. «Ի՞նչ ունիս ինծի իմացնելիք»։
20 Անիկա ըսաւ. «Հրեաները միաբանեցան քեզի աղաչելու որ վաղը Պօղոսը ատեանը իջեցնես, որպէս թէ կ’ուզեն աւելի ճիշդ քննութիւն մը ընել անոր մասին։
21 Բայց դուն անոնց մտիկ մի՛ ըներ, վասն զի անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարանամուտ եղած են անոր համար, որոնք ինքզինքնին անէծքի տակ դրին, որ չուտեն ու չխմեն, մինչեւ զանիկա սպաննեն ու հիմա պատրաստ են եւ քու հրամանիդ կը սպասեն»։
22 Այն ատեն հազարապետը պատանին ճամբեց եւ պատուիրեց. «Մարդու մի՛ ըսեր, որ այս բանը ինծի իմացուցիր»։
23 Հարիւրապետներէն երկուքը կանչեց ու ըսաւ. «Երկու հարիւր զինուոր պատրաստեցէք ու եօթանասուն ձիաւոր եւ երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէս զի մինչեւ Կեսարիա երթան գիշերուան ժամը երեքին
24 Եւ գրաստներ պատրաստեցէք, որպէս զի Պօղոսը հեծցնեն ու ապահովութեամբ Փելիքս կուսակալին տանին»։
25 Թուղթ մը գրեց այս օրինակին պէս.
26 «Կղօդիոս Լիւսիաս, պատուական Փելիքս կուսակալիդ՝ ողջոյն։
27 Այս մարդը Հրեաներէն բռնուեր էր եւ անոնցմէ պիտի սպաննուէր, իսկ ես զինուորներով վրայ հասայ եւ ազատեցի զանիկա, իմանալով որ Հռովմայեցի է։
28 Եւ ուզելով պատճառը գիտնալ, որու համար ատոր վրայ ամբաստանութիւն կ’ընէին, զինք տարի անոնց ատեանը։
29 Գտայ թէ ամբաստանուած է իրենց օրէնքին վերաբերեալ խնդիրներու համար, բայց մեռնելու կամ պատժուելու յանցանք մը չունէր։
30 Երբ լուր առի թէ Հրեաները այդ մարդուն համար որոգայթ լարած են, իսկոյն քեզի ղրկեցի, հրաման ընելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ քու առջեւդ խօսին անոր մասին։ Ո՛ղջ եղիր»։
31 Զինուորներն ալ իրենց հրամայուածին համեմատ առին Պօղոսը ու գիշերով Անտիպատրոս տարին։
32 Եւ հետեւեալ օրը թողուցին ձիւորները անոր հետ երթալու ու իրենք բերդը դարձան։
33 Անոնք ալ Կեսարիա տարին ու թուղթը կուսակալին տուին եւ Պօղոսը անոր առջեւ կայնեցուցին։
34 Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՞ր գաւառէն է եւ իմանալով որ Կիլիկիայէն է,
35 Ըսաւ. «Պիտի լսեմ քեզի՝ երբ քեզ ամբաստանողներն ալ գան» եւ հրաման ըրաւ, որ զանիկա Հերովդէսին պալատին մէջ պահեն։