ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 17

Անոնք Ամփիպոլիս եւ Ապողոնիա պտըտելով՝ Թեսաղոնիկէ գացին, ուր էր Հրեաներուն ժողովարանը։
2 Պօղոս ալ իր սովորութեանը պէս անոնց մէջ մտաւ եւ երեք շաբաթ օր խօսեցաւ անոնց հետ գրքերէն,
3 Մեկնելով եւ անոնց առջեւ դնելով թէ՝ պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր եւ թէ ‘Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ըսաւ, Քրիստոսն է’։
4 Անոնցմէ ոմանք հաւատացին ու Պօղոսին եւ Շիղային հետ միացան. աստուածավախ Յոյներէն ալ մեծ բազմութիւն ու երեւելի կիներէն ալ հաւատացողները քիչուոր չէին։
5 Բայց չհաւատացող Հրեաները նախանձեցան եւ քանի մը դատարկապորտ, անօրէն մարդիկ առնելով՝ աղմուկ հանեցին ու քաղաքը տակնուվրայ ըրին եւ Յասոնին տանը վրայ յարձակելով՝ կ’ուզէին զանոնք ժողովքին առջեւ տանիլ։
6 Երբ զանոնք չգտան, Յասոնը ու մէկ քանի եղբայրներ քաշելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ, կանչուըռտելով թէ՝ «Անոնք որ աշխարհը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասեր են.
7 Որոնք Յասոն ընդուներ է։ Ասոնք ամէնքը Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս»։
8 Եւ խռովեցուցին ժողովուրդն ու քաղաքապետները, որոնք այս բաները կը լսէին։
9 Բայց երբ Յասոնէն եւ ուրիշներէ երաշխաւորութիւն առին, արձակեցին զանոնք։
10 Իսկ եղբայրները շուտ մը գիշերով Պօղոսը եւ Շիղան Բերիա ղրկեցին, որոնք հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին։
11 Ասոնք Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են։
12 Անոնցմէ շատեր հաւատացին եւ պատուաւոր Յոյն կիներէն ու այրերէն հաւատացողներն ալ քիչուոր չէին։
13 Բայց երբ իմացան Թեսաղոնիկեցի Հրեաները թէ Բերիայի մէջ ալ Աստուծոյ խօսքը քարոզուեցաւ Պօղոսէն, հոն ալ եկան ու ժողովուրդը գրգռեցին։
14 Այն ատեն եղբայրները շուտ մը Պօղոսը ղրկեցին՝ որ մինչեւ ծովեզերքը երթայ, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին։
15 Անոնք որ Պօղոսը կը տանէին, մինչեւ Աթէնք տարին զանիկա եւ իրմէ հրաման առնելով՝ Շիղային ու Տիմոթէոսին համար, որ շուտով իրեն գան, վերադարձան։
16 Պօղոս Աթէնքի մէջ անոնց սպասելով՝ իր հոգին անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր։
17 Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց եւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ որոնց որ պատահէր։
18 Ու Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներէն մէկ քանիներ իրեն հետ հակաճառութիւն կ’ընէին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Այս սերմանաքաղը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ Ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Կ’երեւի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». վասն զի Յիսուսը ու յարութիւնը կ’աւետարանէր անոնց։
19 Առին զանիկա Արիսպագոս տարին ու կ’ըսէին. «Կրնա՞նք իմանալ թէ ի՞նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որ դուն կը քարոզես.
20 Քանզի մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես, ուրեմն կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք»։
21 (Վասն զի Աթենացիները ամէնքն ալ ու հոն կեցող օտարականները ուրիշ բանի չէին պարապեր, բայց միայն նոր բան խօսելու կամ լսելու։)
22 Այն ատեն Պօղոս Արիսպագոսի մէջ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։
23 Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ. ուստի զանիկա որ դուք չճանչնալով կը պաշտէք, ես նոյնը ձեզի կը քարոզեմ։
24 Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի,
25 Ո՛չ ալ մարդոց ձեռքով կը պաշտուի՝ բանի մը կարօտի պէս. քանզի ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։
26 Բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէս զի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու.
27 Որպէս զի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ.
28 Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին. ‘Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք’։
29 Ուստի՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է։
30 Արդ՝ Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։
31 Վասն զի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։
32 Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին, ոմանք ալ կ’ըսէին. «Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։
33 Ապա Պօղոս անոնց մէջէն հեռացաւ։
34 Սակայն քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ։