ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 16
Պօղոս հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա։ Հոն աշակերտ մը կար Տիմոթէոս անունով, որ հաւատացեալ Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր, իսկ հայրը Յոյն էր։
2 Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր։
3 Պօղոս ուզեց որ ասիկա իրեն հետ ելլէ։ Առաւ թլփատեց զանիկա այն տեղերը եղած Հրեաներուն համար, վասն զի ամէնքն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր։
4 Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։
5 Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։
6 Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին,
7 Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ. [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց։
8 Ուստի Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին։
9 Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։
10 Երբ այն տեսիլքը տեսաւ, շուտ մը ուզեցինք Մակեդոնիա երթալ, հասկնալով որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց աւետարան քարոզելու։
11 Ուստի նաւով Տրովադայէն ելանք ու շիտակ Սամոթրակէ գացինք ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս,
12 Անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ է Մակեդոնիոյ մէկ մասին գլխաւոր քաղաքը՝ Կողովնիա։ Այն քաղաքին մէջ քանի մը օր կեցանք։
13 Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք գետեզերքին քով՝ ուր սովորութիւն ունէին աղօթք ընելու, նստելով հաւաքուած կիներուն կը խօսէինք։
14 Եւ Թիւատիր քաղաքէն ծիրանավաճառ կին մը Լիդիա անուն, որ աստուածավախ մէկն էր, մտիկ կ’ընէր. որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ։
15 Հոն մկրտուեցան ինք եւ իր տունը, եւ աղաչեց ու ըսաւ. «Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք, իմ տունս մտէք բնակեցէք»։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ։
16 Օր մը՝ երբ մենք աղօթքի կ’երթայինք, աղախին մը պատահեցաւ մեզի, որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութիւն ընելով՝ իր տէրերուն շատ վաստակ կը բերէր։
17 Ասիկա Պօղոսին եւ մեր ետեւէն իյնալով՝ կը պոռար ու կ’ըսէր. «Այս մարդիկը Բարձրեալն Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք մեզի փրկութեան ճամբան կը քարոզեն»։
18 Այս բանը շատ օրեր կ’ընէր. իսկ Պօղոս վշտանալով՝ դարձաւ ու ըսաւ այն ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսին անունով հրաման կ’ընեմ քեզի, Ելի՛ր ատկէ»։ Նոյն ժամուն ելաւ։
19 Երբ տեսան անոր տէրերը, որ իրենց վաստակին յոյսը կտրեցաւ, Պօղոսը ու Շիղան բռնեցին ու հրապարակը քաշեցին իշխաններուն առջեւ։
20 Ապա տարին զանոնք զօրագլուխներուն քով ու ըսին. «Այս մարդիկը մեր քաղաքը իրար կ’անցընեն. իրենք Հրեայ են
21 Եւ այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն, որոնք արժան չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ ընել, վասն զի Հռովմայեցի ենք»։
22 Բազմութիւնը անոնց վրայ դիզուեցաւ. զօրագլուխներն ալ բռնութեամբ անոնց հանդերձները հանեցին եւ հրաման ըրին որ զանոնք ծեծեն։
23 Անոնց շատ վէրքեր տալէ յետոյ բանտ դրին, պատուիրելով բանտապետին որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։
24 Ան ալ այսպէս հրաման առնելով՝ զանոնք ներսի բանտը դրաւ ու ոտքերնին կոճղի մէջ ամրացուց։
25 Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։
26 Յանկարծ մեծ շարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան, անմիջապէս բոլոր դռները բացուեցան, ամենուն կապերը արձակուեցան։
27 Բանտապետը, երբ արթնցաւ ու բանտին դռները բացուած տեսաւ, թուրը քաշեց եւ ինքզինք պիտի սպաննէր, կարծելով թէ կապուածները փախեր են։
28 Բայց Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց ու ըսաւ. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք»։
29 Անիկա ճրագ մը ուզեց ու ներս վազեց եւ դողալով Պօղոսին ու Շիղային առջեւ ինկաւ
30 Եւ զանոնք դուրս բերելով՝ ըսաւ. «Տէ՛րեր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։
31 Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։
32 Եւ Տէրոջը խօսքը խօսեցան անոր ու այն ամենուն որոնք անոր տանը մէջ էին։
33 Բանտապետը առաւ զանոնք գիշերուան նոյն ժամուն ու անոնց վէրքերը լուաց եւ մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները։
34 Զանոնք իր տունը տանելով՝ անոնց առջեւ սեղան դրաւ եւ բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով։
35 Առտուն զօրագլուխները սպասաւորներ ղրկեցին ու ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»։
36 Բանտապետն ալ այն խօսքերը Պօղոսին պատմեց, թէ՝ ‘Զօրագլուխները ղրկեցին, որ արձակուիք. ուստի հիմա ելէք եւ խաղաղութեամբ գացէք’։
37 Պօղոս ըսաւ անոնց. «Մեզ՝ որ չդատապարտուած Հռովմայեցի մարդիկ ենք՝ յայտնապէս ծեծելով բանտը դրին ու հիմա գաղտո՞ւկ կը հանեն։ Ո՛չ, հապա թող իրենք գան ու մեզ հանեն»։
38 Սպասաւորները զօրագլուխներուն պատմեցին այդ խօսքերը։ Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռովմայեցի են՝ վախցան ու եկան քաղցրութեամբ խօսեցան անոնց հետ
39 Եւ դուրս հանելով՝ կ’աղաչէին որ այն քաղաքէն երթան։
40 Անոնք ալ բանտէն ելլելով՝ Լիդիայի տունը մտան ու եղբայրները տեսնելով՝ մխիթարեցին զանոնք եւ գացին։ Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ