ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 6

Այն օրերը երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ վասն զի իրենց որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային։
2 Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել։
3 Ուստի, եղբա՛յրներ, ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք
4 Եւ մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։
5 Այս խօսքը բոլոր բազմութեան առջեւ հաճոյ երեւցաւ. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին
6 Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։
7 Եւ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին։
8 Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ։
9 Բայց ոմանք՝ այն ժողովարանէն, որ Ազատացիներուն եւ Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարան կ’ըսուէր եւ ոմանք որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, ելան ու Ստեփանոսին հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին։
10 Բայց չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր։
11 Այն ատեն հրապուրեցին քանի մը մարդիկ, որպէս զի ըսեն թէ՝ ‘Մենք լսեցինք որ ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէր Մովսէսին ու Աստուծոյ’։
12 Եւ գրգռեցին ժողովուրդը ու ծերերը եւ դպիրները ու անոր վրայ հասնելով զինք բռնեցին ու ատեանը տարին։
13 Սուտ վկաներ կայնեցուցին, որոնք կ’ըսէին. «Այս մարդը չի դադարիր հայհոյելէ սուրբ տեղին եւ օրէնքին։
14 Քանզի լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր թէ՝ ‘Այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը ու պիտի փոխէ Մովսէսին մեզի աւանդած սովորութիւնները’»։
15 Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան։