ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 26

Եւ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Հրաման է քեզի որ դուն քեզի համար խօսիս»։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը երկնցնելով՝ իրեն համար պատասխան տուաւ.
2 «Հրեաներուն իմ վրաս ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, ես զիս երանելի կը սեպեմ, որ այսօր քու առջեւդ պատասխան պիտի տամ.
3 Մանաւանդ որ դուն Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտես, անոր համար կ’աղաչեմ որ երկայնամտութեամբ ինծի մտիկ ընես։
4 Արդ՝ իմ մանկութենէս ի վեր իմ ի՛նչպէս ապրիլս, սկիզբէն Երուսաղէմ իմ ազգիս մէջ ըլլալով, բոլոր Հրեաները տեղեակ են։
5 Քանզի շատ կանուխէն զիս կը ճանչնան, (եթէ ուզեն վկայել,) թէ մեր կրօնքին ամենէն խիստ օրէնքին համաձայն՝ Փարիսեցի ապրեր եմ.
6 Եւ հիմա ատեանը կեցեր կը դատուիմ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումին յոյսին համար.
7 Որուն՝ մեր տասներկու ցեղը անդադար գիշեր ու ցորեկ պաշտելով՝ կը յուսան հասնիլ. ես այդ յոյսին համար Հրեաներէն կ’ամբաստանուիմ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ։
8 Ի՞նչ. չհաւատալո՞ւ բան կ’երեւնայ ձեզի թէ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։
9 Ես ինքս ալ ինծի պարտք կը սեպէի Յիսուս Նազովրեցիի անուան դէմ շատ բաներ ընել.
10 Եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ եւ քահանայապետներէն իշխանութիւն առած՝ սուրբերէն շատերը բանտարկեցի ու անոնց սպաննուած ատենը հաւանութիւն տուի։
11 Եւ բոլոր ժողովարաններուն մէջ շատ անգամ զանոնք պատժելով՝ կը բռնադատէի որ հայհոյեն եւ անոնց դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի»։
12 «Այսպէս երբ Դամասկոս ալ կ’երթայի, քահանայապետներէն իշխանութիւն ու հրաման առած,
13 Կէսօրուան ատենը ճամբուն վրայ, ո՛վ արքայ, երկնքէն լոյս մը տեսայ արեւին լուսաւորութենէն աւելի՝ բոլորտիքս ծագած, նաեւ անոնց բոլորտիքը որոնք ինծի հետ կ’երթային։
14 Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’։
15 Ես ալ ըսի. ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես.
16 Բայց ելի՛ր ու ոտքի՛ կայնէ. վասն զի անոր համար քեզի երեւցայ, որ քեզ ձեռք առնեմ պաշտօնեայ եւ վկայ ընելու այն բաներուն՝ որոնք տեսար ու այն բաներուն որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի,
17 Քեզ ազատելով այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա քեզ կը ղրկեմ,
18 Անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն լոյսի ու Սատանային իշխանութենէն Աստուծոյ դարձնելու, որպէս զի անոնք մեղքերու թողութիւն գտնեն եւ սուրբերուն հետ մասնակից ըլլան ինծի հաւատալով’»։
19 «Ուստի, Ագրիպպա՛ս արքայ, այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես.
20 Հապա առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն։
21 Այս պատճառաւ Հրեաները զիս տաճարին մէջ բռնեցին եւ կը ջանային սպաննել։
22 Սակայն Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով, բան մը չպատմելով այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան.
23 ‘Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուի եւ թէ՝ անիկա ամենէն առաջ մեռելներէն յարութիւն առած՝ լոյս պիտի քարոզէ ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն’»։
24 Քանի որ անիկա այսպէս պատասխան կու տար իրեն համար, Փեստոս բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Կը խելագարի՛ս, Պօ՛ղոս, շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը յիմարացնէ»։
25 Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ։
26 Քանզի այս բաները թագաւորը գիտէ, որուն համար ես ալ համարձակ կը խօսիմ. քանզի չեմ կարծեր թէ ասոնցմէ բան մը անկէ ծածկուած է, վասն զի այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ։
27 Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։
28 Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։
29 Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ կը խնդրէի, որ թէ՛ քիչով եւ թէ՛ շատով, ո՛չ միայն դուն, հապա ամէնքն ալ, որոնք այսօր ինծի կը լսեն, այնպէս ըլլան՝ ինչպէս ես եմ, այս կապերէն զատ»։
30 Ոտքի ելան թագաւորն ու կուսակալը եւ Բերինիկէն ու անոնք որ իրենց հետ նստեր էին։
31 Ու դուրս ելլելէ յետոյ, իրարու հետ խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու կամ կապուելու արժանի բան մը չըներ»։
32 Ագրիպպաս ալ Փեստոսին ըսաւ. «Կարելի էր այս մարդը արձակել, եթէ Կայսրին բողոքած չըլլար»։